Միջազգային

Պորել. «Փութինն Ու Թրամփը Պիտի Նստին Ուքրանիոյ Հարցով Բանակցութիւններու Սեղանի Շուրջ»

Պորել. «Փութինն Ու Թրամփը Պիտի Նստին Ուքրանիոյ Հարցով Բանակցութիւններու Սեղանի Շուրջ»

Եւրոպական Միութեան արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորելի կարծիքով` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ պիտի նստին բանակցութիւններու սեղանի շուրջ` քննարկելու Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած կացութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»` յղում կատարելով «Քատենա ՍԷՐ»-ին: «Ամէն ինչ ցոյց կու տայ, որ Թրամփն ու Փութինը պիտի նստին բանակցութիւններու սեղանի շուրջ, եւ «ճաշացանկ»-ի վրայ պիտի...

Էրտողան «Խիզախ» Որակած Է Նեթանիահուն Ձերբակալելու Մասին Միջազգային Քրէական Դատարանի Որոշումը

Էրտողան «Խիզախ» Որակած Է Նեթանիահուն Ձերբակալելու Մասին Միջազգային Քրէական Դատարանի Որոշումը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «խիզախ» որակած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն ձերբակալելու մասին Միջազգային քրէական դատարանի որոշումը` ըսելով, որ կարեւոր է զայն գործադրել: «Մենք միջազգային ասպարէզին մէջ զինուորագրած ենք մեր բոլոր ուժերը` պաղեստինեան պետութեան ճանաչման համար: Մենք նաեւ կը շարունակենք մեր ջանքերը` արագօրէն հարկադիր գործողութիւններ ձեռնարկելու` դադրեցնելու համար Պաղեստինի մէջ Իսրայէլի ցեղասպանութիւնը: «Կ՛ուզեմ մեր աջակցութիւնը յայտնել Նեթանիահուի եւ պաշտպանութեան...

Իրանն Ու Ազրպէյճանը 4-Օրեայ Միացեալ  Ռազմափորձեր Սկսած Են

Իրանն Ու Ազրպէյճանը 4-Օրեայ Միացեալ Ռազմափորձեր Սկսած Են

Իրանի Արտապիլ նահանգի սահմանամերձ Ասլանտոզ քաղաքի տարածքին մէջ երէկ սկսած են Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միացեալ ցամաքային ռազմափորձերը` «Արես միացեալ ռազմափորձ» խորագիրով: Իրանեան ԻՍՆԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, ռազմափորձերը պիտի տեւեն չորս օր: Ռազմափորձերուն կը մասնակցին երկու երկիրներու մասնայատուկ ուժերը: Ռազմափորձերու նպատակն է ամրապնդել երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները, միասին պայքարիլ ապօրինի զինեալ կազմակերպութիւններու դէմ, ամրապնդել սահմանային անվտանգութիւնը եւ մեծցնել ռազմական...

«Անգարան Կը Շարունակէ Ջանքեր Գործադրել`  Շրջանին Մէջ Լարուածութիւնը  Դադրեցնելու Ուղղութեամբ»  Էրտողան Կ՛ըսէ Փութինին

«Անգարան Կը Շարունակէ Ջանքեր Գործադրել` Շրջանին Մէջ Լարուածութիւնը Դադրեցնելու Ուղղութեամբ» Էրտողան Կ՛ըսէ Փութինին

Անգարան կը շարունակէ ջանքեր գործադրել շրջանին մէջ լարուածութեան վերջ տալու համար: Այս մասին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: Ըստ Թուրքիոյ նախագահի գրասենեակին, Էրտողան նաեւ շեշտած է, որ Անգարան պիտի շարունակէ իր ջանքերը` նպաստելու խաղաղութեան գործողութիւններուն: Թուրքիան քանի մը անգամ յայտարարած է, որ հայ-թրքական եւ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթները փոխկապակցուած են,...

Ապու Տապի Կը Հաղորդէ, Որ Ցւի Քոկանի  Սպանութեան Կասկածելիները Ուզպեք Են

Ապու Տապի Կը Հաղորդէ, Որ Ցւի Քոկանի Սպանութեան Կասկածելիները Ուզպեք Են

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ներքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտնեց, որ իսրայէլացի-մոլտովացի ռաբբի Ցւի Քոկանի սպանութեան կասկածելի երեք անձերը Ուզպեքիստանէն են: Ապահովական իշխանութիւնները սկսած են անոնց նախնական հարցաքննութեան` հետաքննութեան ամբողջացման նպատակով զանոնք փոխանցելու համար ընդհանուր դատախազութեան: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ներքին գործոց նախարարութիւնը կիրակի օր հաղորդեց, որ «մրցանշային ժամանակ»-ի մէջ կրցած է ձերբակալել «պետութեան մէջ բնակող, Ցւի Քոկան կոչուող եւ ըստ երկիր մուտք...

Ուքրանիան Կորսնցուցած Է Քուրսքի Մէջ Գրաւած  Տարածքին Աւելի Քան 40 Առ Հարիւրը

Ուքրանիան Կորսնցուցած Է Քուրսքի Մէջ Գրաւած Տարածքին Աւելի Քան 40 Առ Հարիւրը

Ուքրանիան կորսնցուցած է Ռուսիոյ Քուրսք մարզին մէջ օգոստոսին անակնկալ ներխուժման ընթացքին գրաւած տարածքին աւելի քան 40 առ հարիւրը: Այս մասին «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած է ուքրանացի բարձրաստիճան զինուորական աղբիւրը: «Մենք առաւելագոյնը կը վերահսկէինք շուրջ 1376 քառակուսի քիլոմեթրի, այժմ, ի հարկէ, այս տարածքը աւելի փոքր է, հակառակորդը կը մեծցնէ իր հակայարձակումները», «Ռոյթըրզ»-ին ըսած է Ուքրանիոյ սպայակոյտի ներկայացուցիչը: Քուրսքի յարձակումի Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ի...

Ամմանի Մէջ Իսրայէլեան Դեսպանատան Մօտ Յորդանանեան Ապահովական Ուժերու Վրայ Կրակոց

Ամմանի Մէջ Իսրայէլեան Դեսպանատան Մօտ Յորդանանեան Ապահովական Ուժերու Վրայ Կրակոց

Յորդանանի ընդհանուր ապահովութեան տնօրէնութիւնը յայտնեց, որ երէկ արշալոյսին մայրաքաղաք Ամմանի Ռապիէ շրջանին մէջ պարեկներու ուղղութեամբ կրակոց տեղի ունեցած է: Այս մասին հաղորդեց յորդանանեան «Փեթրա» լրատու գործակալութիւնը: Անձ մը կրակ բացած է շրջանին մէջ գտնուող պարեկներու վրայ: Ապահովական ուժ մը ուղղուած է դէպքի վայր եւ յայտնաբերած զինեալը, որ փորձած է փախուստ տալ: Ան հետապնդուած եւ շրջափակուած է, որմէ ետք կրակ բացած...

Նեթանիահուի Գրասենեակը Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւններու Մէջ Ռաբբիի Մը Սպանութիւնը  «Հակասեմական Ահաբեկչական Արարք» Կը Նկատէ

Նեթանիահուի Գրասենեակը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Մէջ Ռաբբիի Մը Սպանութիւնը «Հակասեմական Ահաբեկչական Արարք» Կը Նկատէ

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակն ու Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեցին, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ հետախուզական եւ ապահովական մարմինները յայտնաբերած են իսրայէլեան եւ մոլտովական քաղաքացիութիւն ունեցող ռաբբի Ցւի Քոկանի դիակը: Ան հինգշաբթի, 21 նոյեմբերին անհետացած էր: Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակն ու արտաքին գործոց նախարարութիւնը միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով շեշտեցին. «Ցւի Քոկանի սպանութիւնը հակասեմական ոճրային ահաբեկչական դէպք է, եւ Իսրայէլ բոլոր...

Լաւրով Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Երկկողմանի Եւ Շրջանային Հարցեր

Լաւրով Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Երկկողմանի Եւ Շրջանային Հարցեր

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած է երկկողմանի եւ շրջանային հարցեր: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան կը յայտնեն Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները: «Նախարար Ֆիտան այսօր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ, քննարկուած են երկկողմանի եւ շրջանային հարցեր», ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:...

Հաճիեւ Կարծր Կերպով Արձագանգած Է  Պերպոքի Քննադատութիւններուն

Հաճիեւ Կարծր Կերպով Արձագանգած Է Պերպոքի Քննադատութիւններուն

Պաքուն անընդունելի որակած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոքի եւ ՔՈՓ29-ի այլ մասնակից երկիրներու Ազրպէյճանին ուղղուած քննադատութիւններն ու մեղադրանքները: Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ ընկերային ցանցի վրայ գրած է, թէ Պերպոքը կարծես «Գերմանիոյ յառաջիկայ ընտրութիւնները իբրեւ ներքին քաղաքականութիւն շփոթած է չափազանց բարդ բազմակողմ դիւանագիտութեան հետ` հաւանաբար փորձելով ՔՈՓ29-ը օգտագործել իբրեւ հարթակ իր նախընտրական քարոզարշաւին համար»: Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը...

Նեթանիահու Կազայի Բնակչութեան.  «Կրնաք Կեանքը Կամ Մահն Ու Քանդումը Ընտրել»

Նեթանիահու Կազայի Բնակչութեան. «Կրնաք Կեանքը Կամ Մահն Ու Քանդումը Ընտրել»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ խորապէս ցնցուած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ ռաբբի Ցւի Քոկանի առեւանգման ու սպանութեան հարցով: «Իսրայէլի քաղաքացի Ցւի Քոկանի սպանութիւնը ահաբեկչական ոճրային հակասեմական յարձակում է», յայտնեց ան` աւելցնելով. «Իսրայէլի պետութիւնը բոլոր միջոցներով աշխատանքի պիտի լծուի, եւ Ցւի Քոկանը սպաննողներն ու զանոնք ուղարկողները պիտի յանձնենք արդարադատութեան եւ անոնց պիտի չներենք»: «Պիտի ամրապնդենք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ...

ՔՈՓ29-ի Համաձայնագիրը Որդեգրուեցաւ,  Սակայն Ոչ Բոլորը Գոհ Են Արդիւնքէն

ՔՈՓ29-ի Համաձայնագիրը Որդեգրուեցաւ, Սակայն Ոչ Բոլորը Գոհ Են Արդիւնքէն

ՔՈՓ29 խորհրդաժողովի մասնակից երկիրները համաձայնած են տարեկան 300 միլիառ տոլար տրամադրել` օգնելու զարգացող երկիրներուն դիմակայելու կենսոլորտային փոփոխութիւնները: Երկարատեւ բանակցութիւններէ ետք գոյացած գործարքին որոշ պատուիրակներ յոտնկայս ծափահարած են ինքնին ՔՈՓ29-ի լիագումար նիստի դահլիճին մէջ: Միւսները քննադատած են հարուստ երկիրները աւելին չընելու համար, իսկ հիւրընկալող Ազրպէյճանը` ծրագիրին հապճեպ հաւանութիւն տալու համար: ՄԱԿ-ի կենսոլորտի ղեկավար Սամըն Սթիլ խոստովանած է, որ բանակցութիւնները բաւական դժուար...

Կալանթ Նեթանիահուին Կ՛առաջարկէ  Արդիականացնել Պատերազմին Նպատակները

Միջազգային Քրէական Դատարանը Նեթանիահուի Եւ Կալանթի Դէմ Ձերբակալման Գիր Հրապարակեց

Միջազգային քրէական դատարանը հրամայեց ձերբակալել Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն եւ պաշտպանութեան նախկին նախարար Եոաւ Կալանթը` Կազայի մէջ պատերազմական ոճիրներ գործելու մեղադրանքով: Դատարանը նաեւ պաղեստինեան Համաս շարժումի զինեալ թեւին` Քասսամի ջոկատներու ղեկավար Մոհամետ Տէյֆի դէմ ձերբակալման հրամանագիր հրապարակեց: Միջազգային քրէական դատարանը յայտնեց, որ գոյութիւն ունին տրամաբանական պատճառներ կարծելու համար, թէ Նեթանիահու եւ Կալանթ պատերազմական ոճիրներ գործեցին, եւ տրամաբանական պատճառներ կան կարծելու,...

Լիւքսամպուրկի Խորհրդարանը Հայ Գերիներու  Վերադարձը Պահանջող  Հայամէտ Բանաձեւ Մը Որդեգրած Է

Լիւքսամպուրկի Պատգամաւորներու Պալատը Պաքուի Մէջ Անօրինականօրէն Բանտարկուած Բոլոր Անձերուն Մասին Բանաձեւ Որդեգրած Է

Լիւքսամպուրկի Պատգամաւորներու պալատը որդեգրած է բանաձեւ մը, որ հաշուի առնելով շարք մը հանգամանքներ, կը դատապարտէ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ կիրարկուող պատժամիջոցները, որոնք ուղղուած են երեսփոխաններու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու խօսքի ազատութեան դէմ: Բանաձեւով Պատգամաւորներու պալատը Ազրպէյճանէն նաեւ կը պահանջէ անյապաղ եւ առանց նախապայմաններու ազատ արձակել անօրինական կերպով բանտարկուած բոլոր անձերը: «Պատգամաւորներու պալատը հաշուի առնելով` - Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) կողմէ...

Պորել. «Կազայի Մէջ Պատերազմը  Մանուկներու Դէմ Պատերազմ Է»

Պորել. «Կազայի Մէջ Պատերազմը Մանուկներու Դէմ Պատերազմ Է»

Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտնեց, որ Կազայի մէջ պատերազմը մանուկներու դէմ պատերազմ է, որուն ընթացքին օրական 50 մանուկ կը սպաննուի: Պորել նշեց, որ ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը չափ ու սահման ունի, եւ ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը չ՛արդարացներ Կազայի մէջ քանդումի տարողութիւնը: «Այս շրջանին մէջ խաղաղութիւն կարելի է հաստատել միայն «երկու պետութիւններ» լուծումի գործադրութեան միջազգային դաշինքի ճամբով», ընդգծեց Պորել:...

«Քոնկրեսի Կողմէ Կիպրոսի Զէնքի Մատակարարման  Արգելքի Ջնջումը Վտանգաւոր  Մագլցումի Ճամբան Կը Հարթէ»  Կ՛ըսէ Անգարա

Անգարա Կը Դատապարտէ Եմէնի Ծովափին Մօտ Թրքական Բեռնատար Նաւու Մը Վրայ Հուսիներու Յարձակումը

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով դատապարտեց Եմէնի ծովափին մօտ նաւարկելուն ընթացքին թրքական ընկերութեան մը պատկանող եւ Փանամայի դրօշը բարձրացուցած «Անատոլու Էս» բեռնատար նաւուն վրայ հուսիներու յարձակումը: «Պէտք եղած քայլերը որդեգրուեցան երաշխաւորելու համար ապագային այսպիսի դէպքերու չկրկնուիլը», նշեց նախարարութիւնը: Եմէնեան զինեալ ուժերը չորեքշաբթի օր յայտարարեցին, որ իրենց ծովուժը Կարմիր ծովուն մէջ թեւաւոր ու ցամաք-ծով պատշաճ հրթիռներով թիրախաւորած է «Անատոլու...

Զելենսքի. «Մենք Չենք Կրնար Խրիմը Վերադարձնելու  Համար Տասնեակ Հազարաւոր Մարդոց Կեանքը Զոհել»

Զելենսքի. «Մենք Չենք Կրնար Խրիմը Վերադարձնելու Համար Տասնեակ Հազարաւոր Մարդոց Կեանքը Զոհել»

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտարարած է, որ Ուքրանիան չի կրնար Խրիմը վերադարձնելու համար տասնեակ հազարաւոր մարդ կորսնցնել: Ան ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին խոստովանած է, որ թերակղզին կրնայ վերադարձուիլ դիւանագիտութեան ճամբով: Լրագրողը Ուքրանիոյ նախագահին հարցուցած է, թէ արդեօք բռնագրաւուած տարածքներու մէկ մասը կրնա՞յ Ռուսիոյ վերահսկողութեան տակ մնալ` իբրեւ զինադադարի համաձայնագիրի կամ խաղաղութեան համաձայնագիրի մաս: «Մենք չենք կրնար...

Ըստ «Էն. Պի. Սի.»-ի.  Թրամփի Աշխատանքային Խմբակը Կը Ձգտի  Դատի Ենթարկել Ամերիկացի Բարձրաստիճան Սպաներ,  Որոնք Ուղղակի Կերպով Մասնակցած Են Աֆղանիստանէն  Ամերիկեան Ուժերու Հեռացման

Ըստ «Էն. Պի. Սի.»-ի. Թրամփի Աշխատանքային Խմբակը Կը Ձգտի Դատի Ենթարկել Ամերիկացի Բարձրաստիճան Սպաներ, Որոնք Ուղղակի Կերպով Մասնակցած Են Աֆղանիստանէն Ամերիկեան Ուժերու Հեռացման

Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի աշխատանքային փոխանցման խմբակը կը կազմէ ցուցակ մը ներկայ եւ նախկին ամերիկացի բարձրաստիճան զինուորականներու, որոնք ուղղակի կերպով մասնակցած են Աֆղանիստանէն ամերիկեան ուժերու հեռացման: Անոնք նաեւ կուսումնասիրեն, թէ կարելի՞ է զանոնք դատի ենթարկել այդ գործողութեան իրենց մասնակցութեան համար: Այս մասին ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են ամերիկացի պաշտօնատար մը եւ ծրագիրին ծանօթ անձ մը: Ամերիկացի պաշտօնատարն...

Ակնարկ.  Ճանաչումի Նախաբանային Ուղերձը

«Միացեալ Նահանգներ Մտադիր Չեն Փոխելու Իրենց Հիւլէական Հայեցակարգը» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

Միացեալ Նահանգներ մտադիր չեն փոխելու իրենց հիւլէական հայեցակարգը` ի պատասխան ռուսական թարմացման: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահին առընթեր Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը` շեշտելով, որ զարմացած չէ Մոսկուայի հիւլէական հայեցակարգը փոխելու որոշումէն: «Ինչպէս ըսած էինք այս ամսուան սկիզբը, մեզի չզարմացուց հիւլէական հայեցակարգը թարմացնելու Ռուսիոյ յայտարարութիւնը: Ռուսիան քանի մը շաբաթէ ի վեր կ՛ազդարարէր իր հայեցակարգը...

Պլինքըն Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Հարաւային  Կովկասի Մէջ Արժանապատիւ Եւ Կայուն  Խաղաղութեան Կարեւորութիւնը

Պլինքըն Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Մէջ Արժանապատիւ Եւ Կայուն Խաղաղութեան Կարեւորութիւնը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան քննարկած են Հարաւային Կովկասի մէջ արժանապատիւ եւ կայուն խաղաղութեան կարեւորութիւնը: Այս մասին հաղորդեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կայքը: Հանդիպումը տեղի ունեցած է Ռիօ տէ Ժանէյրոյի մէջ Քսաններու խմբակի վեհաժողովի ծիրին մէջ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ քննարկած են անհրաժեշտութիւնը...

Page 119 of 882 1 … 118 119 120 … 882

Արխիւներ