Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով դեկտեմբեր 2024-ին ծրագրած է աշխատանքային այցելութիւն կատարել Մալթա: Այս մասին կը գրէ «Վետոմոսթի» օրաթերթը` վկայակոչելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
Այսպիսով, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը ռուս-ուքրանական պատերազմի մեկնարկէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով պիտի այցելէ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիր:
Վերջին անգամ Լաւրով Եւրոպական Միութեան տարածք եղած է 2021 թուականին, երբ Սթոքհոլմի մէջ մասնակցած է Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի հանդիպումին: