Իրանն ու Ռուսիան կը բանակցին ռուսական սովորական չափիչով երկաթուղիի կառուցման շուրջ` Ազրպէյճանի հետ սահմանին վրայ գտնուող իրանեան Փարսապատ քաղաքէն մինչեւ Արաբական ծոցի ափին գտնուող իրանեան մեծագոյն նաւահանգիստ Պանտար Ապպաս: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Մոսկուայի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպան Քազեմ Ժալալի: Անոր խօսքերը մէջբերած է Իրանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը:
«Բացի Ռեշթ-Ասթարա երկաթուղիէն, ռուսերը կ՛ուզեն ներդրումներ կատարել Փարսապատէն մինչեւ Պանտար Ապպաս ռուսական սովորական չափիչով երկաթուղիի կառուցման մէջ», ըսած է Ժալալի Թեհրանի մէջ Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի հետ հանդիպումի ժամանակ:
Փեզեշքիան նշած է. «Երկաթուղիներու հիւսիսէն հարաւ ընդլայնումը օգուտ կը բերէ երկրի ժողովուրդին ու տնտեսութեան եւ կրնայ բաւարարել Ռուսիոյ եւ Իրանի տնտեսական կարիքները»:
Ան ցուցմունք տուած է արագացնել Ռեշթ-Ասթարա երկաթուղիի կառուցումը: