Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրեմլին Մեկնաբանած Է Աբխազիոյ Մէջ Տիրող Կացութիւնը

November 21, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է, թէ Քրեմլին Աբխազիոյ մէջ կացութեան կարգաւորման կը զօրակցի:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Աբխազիոյ մէջ բողոքի ցոյցերը կրնա՞ն ազդել Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն վրայ, Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղարը ընդգծած է, որ Մոսկուայի եւ Սուխումի միջեւ երկխօսութիւնը «Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութեան շատ կարեւոր առաջնահերթութիւնն է»: Այս մասին կը հաղորդէ «Քոմերսանթ»-ը:

«Մենք, ի հարկէ, հանդէս կու գանք հանրապետութեան մէջ կացութեան շուտափոյթ կարգաւորման օգտին եւ պիտի ուզէինք, որ այս կացութիւնը մնայ ամբողջովին սահմանադրական հունի մէջ», մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է Փեսքով:

Աբխազիոյ մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած են զանգուածային ցոյցեր: 15 նոյեմբերին, ցուցարարները գրաւած են կառավարական շէնքերը եւ յայտարարած քաղաքական ճգնաժամի կարգաւորման համակարգող խորհուրդի ստեղծման մասին:

17 նոյեմբերին Աբխազիոյ ընդդիմութիւնը յայտարարած է ժամանակաւոր կառավարութիւն ստեղծելու մտադրութեան մասին, եթէ երկրի նախագահ Ասլան Պժանիա հրաժարական չտայ: Պժանիա, իր կարգին, ըսած է, որ կը մնայ ընտրուած նախագահ եւ բողոքի ցոյցը որակած է «յեղաշրջման փորձ»:

Աբխազիոյ մէջ զանգուածային բողոքի ցոյցերու յառաջացման պատճառը Ռուսիոյ հետ ներդրումային համաձայնագիրն է:

Փաստաթուղթը Ռուսիոյ ընկերութիւններուն կ՛արտօնէ շրջանին մէջ ներդրումային ծրագիրներ իրագործել զգալի հարկային արտօնութիւններով: Աբխազիոյ ընդդիմութիւնը Մոսկուայի հետ համաձայնագիրը կը նկատէ «շահերու ուղղակի յանձնում»:

Նախորդը

«Սերի Ա.»-ի 2024-ի Լաւագոյն Միջնապահի Թեկնածու Է Հենրիխ Մխիթարեան

Յաջորդը

Իրանի Եւ Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւններուն Միջեւ Համագործակցութեան Արձանագրութիւն Ստորագրուած Է

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
Թրամփ-Շի Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Շի Հանդիպում

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.