Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Պասսամ Սապպաղի հետ իր միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Պէտք է Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ տարակարծութիւնները խաղաղ ճամբով լուծել»:
«Մենք Սուրիոյ եւ Դիմադրութեան առանցքին կողքին կը կանգնինք», նշեց Արաղչի:
«Կազայի պատերազմը Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ տարածելը սիոնական գոյացութեան յարձակողական բնոյթը ցոյց կու տայ», ըսաւ իրանեան դիւանագիտութեան պետը:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Սապպաղ իր կարգին յայտնեց. «Մենք կը զօրակցինք Իրանի ինքնապաշտպանութեան օրինական իրաւունքին»:
Սապպաղ դատապարտեց պաղեստինցի ժողովուրդին վրայ շարունակուող յարձակումները` նշելով, որ «պէտք է վերջ տալ Իսրայէլի արաբական հողերու բռնագրաւման»: