Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլի Նախագահը Հրաժարած Է ՔՈՓ29-ին Մասնակցելու Համար Պաքու Մեկնելէ

November 18, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի նախագահ Իսհաք Հերցոկ ջնջած է Պաքու այցելութիւնը: Ան պիտի չմասնակցի ՔՈՓ29-ին: Այս մասին յայտնած է Իսրայէլի նախագահի աշխատակազմը:

«Այս որոշումը տրուած է` անվտանգութեան նկատառումներէ մեկնելով», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

Իսրայէլեան աղբիւրներ իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնած են, թէ ՔՈՓ29-ին իր մասնակցութիւնը ջնջելու Իսրայէլի նախագահին պատճառներէն մէկը Թուրքիոյ կողմէ անոր օդանաւին իր օդային տարածքէն անցումը մերժելն է:

Ազրպէյճանական աղբիւրներ յայտնած են, որ Ազրպէյճանի պաշտօնատարները վարկաբեկուած զգացած են, երբ Հերցոկի «ապահովական պատճառներով» այցելութեան ջնջումը յայտարարուած է:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը «Քալիպըր» կայքին յայտնած է, թէ Իսրայէլի նախագահին այցելութեան ջնջումը անվտանգութեան առնչուած չէ, այլ որովհետեւ Թուրքիան կը մերժէ անոր օդանաւին իր օդային տարածքէն անցնիլ արտօնել:

«Դժբախտաբար, օրեր տեւած դիւանագիտական բանակցութիւնները արդիւնքի չյանգեցան: Ազրպէյճան խորհրդաժողովին մասնակցող բոլոր կողմերուն ամբողջական պայմաններ կ՛ապահովէ, սակայն Իսրայէլի նախագահին այցելութեան շուրջ կացութիւնը ստեղծուեցաւ մեր պետութեան վերահսկողութենէն դուրս եղող պատճառներով», աւելցուցած է ազրպէյճանցի պաշտօնատարը:

«Ետիոթ Ահրոնոթ» կը նշէ, որ իսրայէլացի նախարարներ առեւտրական թռիչքներու միջոցով Վրաստանի ճամբով հասած են Պաքու, եւ յստակ չէ, թէ Հերցոկ ինչո՛ւ նոյն ձեւին չէ դիմած, այլ որոշած է Պաքու մեկնիլ «Սիոնի թեւ» օդանաւով, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն կ՛օգտագործէ իր ճամբորդութիւններուն ընթացքին:

Օրաթերթը նշեց, որ Իսրայէլի մէջ Հերցոկի ճամբորդութեան ջնջումը կ՛արդարացնեն շարք մը պատճառներով, որոնց շարքին` «Ռուսիա-Ուքրանիա պատերազմին պատճառով թռիչքի այլ ուղիներու առնչուած ապահովական խնդիրներով»:

Նախորդը

Նեթանիահուի Տան Բակին Մէջ Լուսարձակող Ռումբեր Նետուած Են

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.