Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտնեց, որ իր կարծիքով` Ռուսիոյ հետ պատերազմը Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին լոյսին տակ «աւելի արագ պիտի աւարտի»:
Զելենսքի ըսաւ, որ հաստատօրէն պատերազմը աւելի արագ պիտի աւարտի շնորհիւ Սպիտակ տունը ղեկավարելիք խումբի քաղաքականութեան, եւ այդ է անոնց մօտեցումն ու իրենց հասարակութիւններուն տուած խոստումը:
«Պատերազմը պիտի աւարտի, սակայն չենք գիտեր ճիշդ ե՛րբ», աւելցուց Ուքրանիոյ նախագահը:
Զելենսքի նաեւ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան մէջ յաղթանակ արձանագրելէ ետք Թրամփի հետ ունեցած է «շինիչ հաղորդակցութիւն մը»: