Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին Մէջ Քննարկած Են «Այլմոլորակայիններու Ստորջրեայ Ռազմակայաններու Գոյութեան» Հարցը

November 20, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցը, թէ արդեօք չբացայայտուած թռչող սարքեր կ՛այցելե՞ն Երկիր, եւ արդեօք Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կը թաքցնէ՞ այդ իրողութիւնը, սոսկ դաւադրութեան տեսաբաններու քննարկման նիւթ չէ: Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը լուրջ ուշադրութիւն դարձուցած է այս հարցին` Ներկայացուցիչներու տան մէջ չբացայայտուած թռչող սարքերու եւ չբացայայտուած արտասովոր երեւոյթներու վերաբերեալ լսումներ կազմակերպելով: Այս մասին կը հաղորդէ «Նիւ Եորք Փոսթ»-ը:

Վկաները այս հարցին շուրջ ցուցմունքներ տուած են Վերահսկիչ յանձնախումբի ենթայանձնախումբերու` «Չբացայայտուած արտասովոր երեւոյթներ. ճշմարտութեան բացայայտում» խորագիրով լսումներու ժամանակ, որոնք տեւած են աւելի քան երկու ժամ:

Մասնաւորաբար, քննարկուած են չբացայայտուած թռչող սարքերու, այլմոլորակայիններու եւ ովկիանոսներու խորքերուն մէջ անոնց «ստորջրեայ ռազմակայաններու գոյութեան» վերաբերեալ տեսակէտները:

Քոլորատօ նահանգէն Ներկայացուցիչներու տան անդամ  Լորեն Պոպըրթ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան եւ Փենթակոնի կողմէ իբրեւ թէ «թաքցուած» տեղեկատուութիւնը քննարկած է Միացեալ Նահանգներու ծովուժի հանգստեան կոչուած փոխծովակալ Թիմ Կալոտեթի, Փենթակոնի նախկին աշխատակից Լուիս Էլիզոնտոյի, ՆԱՍԱ-ի նախկին աշխատակից Մայքըլ Կոլտի եւ լրագրող Մայքըլ Շելենպըրկըրի հետ: Անոնք բոլորն ալ կը կարծեն, որ գոյութիւն ունին այլ մոլորակայիններու եւ անոնց ճարտարագիտութիւններու ուսումնասիրման գաղտնի ծրագիրներ:

Պոպըրթ ըսած է, որ Քոնկրես հասած են շշուկները Փենթակոնի գաղտնի ծրագիրի մասին, որ կ՛ենթադրէ «մարդկային եւ ոչ մարդկային ծինային նիւթի շահագործում` մարդոցմէ շատ աւելի բարձր խառնածիններ ստեղծելու համար»: Ան հետաքրքրուած է, թէ հրաւիրուած փորձագէտները որեւէ բան գիտե՞ն այս մասին: Չորսն ալ նշած են, որ չեն գիտեր:

Այնուհետեւ Պոպըրթ Շելենպըրկըրին հարցուցած է, թէ արդեօք ան տեղեա՞կ է, որ ամերիկեան ծովուժի որեւէ ներկայացուցիչ յայտնած ըլլայ ովկիանոսին մէջ արտասովոր սարքերու մասին, որոնց գոյութիւնը չի կրնար բացատրել «ներկայիս մեզի յայտնի ճարտարագիտութիւններով կամ բնական երեւոյթներով»:

Լրագրողը ըսած է, որ Փենթակոնի ենթադրեալ գաղտնի ծրագիրի մասին իր զեկուցումին մէջ նկարագրուած են նմանատիպ սարքերու դիտարկման շարք մը դէպքեր:

Պոպըրթ նաեւ հետաքրքրուած է, թէ կա՞յ տեղեկութիւն ստորջրեայ արտասովոր երեւոյթներու վերաբերեալ, որոնք կրնան վկայել «ովկիանոսի յատակին այլմոլորակայիններու որոշ ռազմակայաններու գոյութեան» մասին:

Շելենպըրկըր խոստովանած է, որ ոչինչ գիտէ այդ մասին: Սակայն, ըստ անոր, կայ աղբիւր մը, որ կը պնդէ, որ տեսած է զինուորներու կողմէ պատրաստուած տեսանիւթ, որուն մէջ «գունդը դուրս կու գայ ովկիանոսէն եւ կը հանդիպի մէկ այլ գունդի»:

Այն հարցումին, թէ արդեօք այս չբացայայտուած թռչող սարքերուն մօտ նկատուա՞ծ են այնպիսի յատկութիւններ, որոնք «կը վիճարկեն բնագիտութեան եւ ճարտարագիտութեան մեր ըմբռնումը», լրագրողը պատասխանած է. «Կը թուի, որ անոնք գոյութիւն ունին»:

«Նիւ Եորք Փոսթ» կը պարզաբանէ, որ Փենթակոնը կտրուկ կերպով մերժած է Շելենպըրկըրի զեկուցումը ենթադրեալ ծրագիրին վերաբերեալ եւ հերքած անոր աղբիւրներուն յայտարարութիւնները:

Նախորդը

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Ազգերու Լիկա. Սպանիա – Զուիցերիա` 3-2

Յաջորդը

Շոլց. «Զրոյցը Ցոյց Տուաւ, Որ Պատերազմի Վերաբերեալ Փութինի Տեսակէտը Չէ Փոխուած»

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.