Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաժետ Անսարի յայտնեց, որ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման ու գերիներու փոխանակման հարցին մէջ քաթարեան միջնորդութեան դադրեցման պատճառը կողմերուն անլրջութիւնն էր:
Ան շեշտեց, որ Տոհան պիտի չընդունի, որ քաղաքական նպատակներով շահագործուի:
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նաեւ նշեց, թէ պաղեստինեան Համաս շարժումի ղեկավարները ներկայիս Տոհա չեն գտնուիր` նշելով, որ անոնք մայրաքաղաքէ մայրաքաղաք կը շրջին:
«Եթէ Համասի քաղաքական գրասենեակը փակուի, Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ պիտի յայտարարուի եւ ոչ թէ այլ միջոցներով», աւելցուց Անսարի:
Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդած էր, որ Համասի շարք մը ղեկավարներ Քաթարէն Թուրքիա տեղափոխուած են:
«Արապիա» իր կարգին հաղորդած էր, որ Տոհան կտրուկ կերպով կը հերքէ այդ լուրը` նշելով, որ անիկա բացարձակապէս սխալ է:
Թրքական դիւանագիտական աղբիւր մըն ալ կիրակի օր «Արապիա»-ին յայտնած էր, թէ այն, ինչ որ կը խօսուի Համասի քաղաքական գրասենեակի Թուրքիա տեղափոխման մասին, սխալ է` նշելով, որ շարժումի կարգ մը անդամներ մերթ ընդ մերթ Թուրքիա կ՛այցելեն, սակայն ատիկա գրասենեակի տեղափոխում չի նշանակեր: