Իսրայէլեան աղբիւրներ իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Թուրքիան չի կրնար Համաս շարժումին հետ գերիներու փոխանակման գործարքին մէջ միջնորդ ըլլալ:
Նախքան այդ, իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդած էր, որ Համասի շարք մը ղեկավարներ Քաթարէն Թուրքիա տեղափոխուած են:
«Արապիա» կը հաղորդէ, որ Տոհան կտրուկ կերպով հերքած է այդ լուրը` նշելով, որ անիկա բացարձակապէս սխալ են:
Թրքական դիւանագիտական աղբիւր մըն ալ երէկ «Արապիա»-ին յայտնած է, թէ այն, ինչ որ կը խօսուի Համասի գրասենեակի Թուրքիա տեղափոխման մասին, սխալ է` նշելով, որ շարժումի կարգ մը անդամներ մերթ ընդ մերթ Թուրքիա կ՛այցելեն, սակայն ատիկա գրասենեակի տեղափոխում չի նշանակեր: