Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց յայտնած է, որ վերջերս Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ իր զրոյցը ցոյց տուած է, որ ուքրանական պատերազմի վերաբերեալ Ռուսիոյ նախագահի հայեացքներուն մէջ փոփոխութեան նշոյլ նոյնիսկ չկայ:
Շոլց ըսած է, որ կ՛արժէր խօսիլ Փութինի հետ` փարատելու այն պատրանքները, որոնք ան կրնայ ունենալ, թէ Արեւմուտքը կը պատրաստուի հրաժարիլ Ուքրանիոյ աջակցութենէն:
«Զրոյցը շատ մանրամասն էր… քիչ բան փոխուած է պատերազմի վերաբերեալ Ռուսիոյ նախագահի տեսակէտներուն մէջ, եւ ատիկա լաւ նորութիւն չէ», ըսած է Գերմանիոյ վարչապետը, որուն Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը քննադատութեան ենթարկուած է:
Ասիկա երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ դեկտեմբեր 2022-էն ի վեր առաջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւնն է:
Շոլց Քրեմլինի ղեկավարին կոչ ուղղած էր դադրեցնելու պատերազմը, դուրս բերելու զօրքերը Ուքրանիայէն` ընդգծելով, որ Գերմանիան Քիեւին պիտի աջակցի այնքան ժամանակ, որքան անհրաժեշտ է:
Փութին կրկնած էր Մոսկուայի դիրքորոշումը, թէ հաւանական պայմանաւորուածութիւնները պէտք է հաշուի առնեն անվտանգութեան ոլորտին մէջ Ռուսիոյ շահերը, հիմնուած ըլլան նոր տարածքային իրողութիւններու վրայ, եւ «ամէնէն կարեւորը` վերանան տագնապին բուն պատճառները»: