Լիբանանեան

Դեսպան Աթաբէկեան Աւարտեց Լիբանանի Մէջ  Հայաստանի Հանրապետութեան  Դեսպանի Իր Պաշտօնը

Դեսպան Աթաբէկեան Աւարտեց Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանի Իր Պաշտօնը

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեան աւարտեց իր պաշտօնը: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան այդ առնչութեամբ հրամանագիր ստորագրած է հիմնուելով «վարչապետի առաջարկին վրայ` համաձայն Սահմանադրութեան 132-րդ յօդուածի Ա. մասի 2-րդ կէտի, ինչպէս նաեւ «Դիւանագիտական ծառայութեան մասին» օրէնքի 14-րդ յօդուածին» վրայ: Վահագն Աթաբէկեան Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանի պաշտօնին նշանակուած էր 2018 թուականին:

Լիբանանահայ Եւ Լիբանանցի Քաղաքական  Անձնաւորութիւններ Եւ Գործիչներ Կը Գրեն  Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

Թերզեան Բռնածաղրը Քրէականացնող Օրինագիծ Մը Ներկայացուց

Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան դպրոցներուն մէջ բռնածաղրի երեւոյթին դէմ օրինագիծ մը ներկայացուց: Երեսփոխանը այս առիթով կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Սիրելինե՛ր, ձեզի հետ խորհրդակցելէ ետք, այսօր ներկայացուցի բռնածաղրը քրէականացնող օրինագիծ մը, մեկնելով այն համոզումէս, թէ անհրաժեշտ է խստօրէն դէմ դնել այս բարդացող երեւոյթին, որ կը սպառնայ մեր զաւակներուն հոգեկան ու ընկերային առողջութեան, ինչպէս նաեւ մեր հասարակութեան մէջ վէրքերը կը...

«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան

Հակադարձելով Ռայի Պատրիարքին` Շէյխ Քապալան. «Աշխարհի Վրայ Չկայ Ուժ Մը, Որ Կարենայ Հըզպալլան Զինաթափել»

Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան մարոնիներու Ռայի պատրիարքին հակադարձելով յայտնեց. «Կամայական վրէժխնդրութիւնը եկեղեցւոյ կամ մզկիթի տրամաբանութիւնը չէ, իսկ զինաթափման որոշումին շուրջ կտրուկ միաձայնութիւնը ձեւական է եւ կապ չունի Դիմադրութիւնը զինաթափելու որոշումի խենթ, դատարկ, աժան եւ զայն գրած փճացած մելանին գինը ունեցող գրիչի հայրենասիրութեան հետ: Չկայ այս երկրին, անոր պետութեան ու գերիշխանութեան աւելի մեծ դաւաճանութիւն, քան այս որոշումը, որ սիոնական գոյացութեան...

Պասիլ. «Հըզպալլայի Քաղաքացիական  Պատերազմով Սպառնալը Կը Մերժենք»

Պասիլ. «Հըզպալլայի Քաղաքացիական Պատերազմով Սպառնալը Կը Մերժենք»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց, որ Հըզպալլայի քաղաքացիական պատերազմով սպառնալը արտօնելի չէ, եւ Իսրայէլ իր յարձակումները չդադրեցուց ու հինգ կէտերէն չհեռացաւ: Ան նշեց, որ զինաթափման կառավարութեան որոշումի` Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան անդամ երկու երեսփոխաններու առաջարկած բռնի ուժի կիրարկումէն պէտք է խուսափինք, որովհետեւ ատիկա Լիբանանը պիտի առաջնորդէ ներքին տագնապի: Ժըպրան Պասիլ յայտնեց,...

Հաժժար. «Ընտրութիւններուն Բոլոր  Պատրաստութիւնները Ամբողջացած Են»

Հաժժար. «Ամերիկացի Պատուիրակին Լիբանանցի Պաշտօնատարներու Հետ Բանակցութիւնները Դրական Ընթացան»

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժար յոյս յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի եւ Միջին Արեւելքի ամերիկացի պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըսի հետ երկուշաբթի օր Պէյրութի մէջ ունեցած բանակցութիւնները դրական արդիւնք կու տան: Հաժժար քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Լիբանանցիները կը հանգստացնենք, որ ամերիկացի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. «ԱՍԱՍ ՄԻՏԻԱ»-ի տեղեկութեան համաձայն, «Հանրապետութեան նախագահը կը պահանջէ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը մեքենայաբար երկու տարի եւ աւելիով երկարաձգել, մինչեւ որ իսրայէլեան հեռացումէն ետք լիբանանեան բանակը ամբողջական կերպով տեղակայուի հարաւային Լիբանանի մէջ»: . ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ շրջանակներ «Տիար» օրաթերթին. «Կը նախատեսենք, որ այս շաբթուան ընթացքին տեղի ունենան Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան հարցով նախագիծերուն վերաբերեալ յաւելեալ խորհրդակցութիւններ` միջազգային խաղաղապահ ուժերու պարտականութեան վերասահմանման եւ...

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի եւ պաշտպանութեան նախարար Միշել Մնասսայի հետ այցելեց Ամման: Յորդանանի վարչապետ Ժաաֆար Հասսան Սալամի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Իրականութիւնը Մեծն Իսրայէլի պատրանքը ցոյց չի տար, այլ` իր կիրարկած վայրագ ու ծայրայեղ քաղաքականութեան պատճառով մերժուած, մեկուսացուած, անոր դէմ դրուած եւ պաշարուած Իսրայէլը»: «Լիբանանեան հողերու իսրայէլեան բռնագրաւման շարունակութիւնը դատապարտելի է», նշեց Յորդանանի վարչապետը` շեշտելով....

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ  Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ  Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար Տիոտաթօ Ապանիարան: Նախագահ Աուն հանդիպումի ընթացքին ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատարին յայտնեց. «Լիբանան կառչած կը մնայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի բոլոր կէտերով գործադրման, լիբանանեան բանակին մինչեւ միջազգային սահմաններ տարածումի ամբողջացման համար անհրաժեշտ եղող ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի` հարաւային Լիբանանի մէջ մնալուն»: Հանրապետութեան նախագահը նաեւ շեշտեց լիբանանեան բանակին, ՖԻՆԻՒԼ-ին եւ հարաւային գիւղաքաղաքներու...

Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել  ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ  Ֆրանսական Նախագիծը

Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ Ֆրանսական Նախագիծը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը երկուշաբթի օր սկսած է քննարկել Ֆրանսայի ներկայացուցած նախագիծը, որ կ՛առաջարկէ Լիբանանի մէջ միջազգային խաղաղապահ ուժերու` ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը մէկ տարիով երկարաձգել, առ ի պատրաստութիւն այդ ուժերը աստիճանաբար երկրէն հեռացնելու: Այս մասին հաղորդեց ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը: Ֆրանսական նախագիծը ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը կ՛երկարաձգէ մինչեւ 31 օգոստոս 2026 եւ կը բովանդակէ կէտ մը, որուն մէջ Ապահովութեան խորհուրդը «իր վճռակամութիւնը կը յայտնէ աշխատանք...

«Մարմնակրթութիւն Բոլորի Համար»-ի  2-րդ Օրը Ճիւնիի Մէջ Կայացնելով`  Պայրագտարեան. «Յաջողեցանք Մարմնակրթութիւնը  Իբրեւ Արժէք Եւ Մշակոյթ Տարածելու  Մեր Նպատակի Իրագործման Մէջ»

«Մարմնակրթութիւն Բոլորի Համար»-ի 2-րդ Օրը Ճիւնիի Մէջ Կայացնելով` Պայրագտարեան. «Յաջողեցանք Մարմնակրթութիւնը Իբրեւ Արժէք Եւ Մշակոյթ Տարածելու Մեր Նպատակի Իրագործման Մէջ»

Ճիւնիի «Ֆուատ Շեհապ» մարզական համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարարութեան` «Սփորց Մանիա»-ի հետ գործընկերութեամբ եւ Ճիւնիի քաղաքապետութեան մասնակցութեամբ «Մարմնակրթութիւնը բոլորի համար» նախաձեռնութեան 2-րդ օրը, որուն մասնակցեցան 25 մարզական ֆետերասիոններ, երիտասարդական եւ սկաուտական միութիւններ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակը: Օրուան ընթացքին տարբեր մարզաձեւերու միջեւ մրցումներ տեղի ունեցան: Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ.Նորա Պայրագտարեան այս առիթով խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Բոլորս...

Միւֆթի Տրիան. «Լիբանանի Մէջ Յարանուանական  Կամ Համայնքային Սադրանք Կամ Քաղաքացիական  Պատերազմ Պիտի Չըլլայ»

Միւֆթի Տրիան. «Լիբանանի Մէջ Յարանուանական Կամ Համայնքային Սադրանք Կամ Քաղաքացիական Պատերազմ Պիտի Չըլլայ»

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիան յայտնեց. «Լիբանան չափազանց զգայուն եւ նուրբ փուլէ կ՛անցնի, մինչ վերջին շրջանին քաղաքական հռետորաբանութեան մագլցում գոյութիւն ունի, մասնաւորաբար կարգ մը նիւթերու շուրջ, որոնց լուծման վերաբերեալ տարակարծութիւն գոյութիւն ունի, ինչ որ մեզմէ կը պահանջէ մեր միասնականութիւնը, իրարու թեւ-թիկունք կանգնիլը եւ գործակցութիւնը ամրապնդել վերականգնելու համար մեր պետութիւնը, անոր շուրջ բոլորուելու եւ օրինական հաստատութիւններուն աջակցելու համար, որպէսզի մեր հայրենիքը...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Ամերիկացի պատուիրակ Օրթէյկըս ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան վերանորոգման նկատմամբ ամերիկեան վերապահութիւնները արծարծեց եւ ըսաւ, որ միջազգային միաձայնութեան գոյացման եւ արդարացուցիչ պատճառներու ներկայացման պարագային, իր երկիրը պիտի համաձայնի վերջին տարիով մը այս երկարաձգման»: . ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Ամերիկացի պատուիրակներ Պարրաքի եւ Օրթէյկըսի այցելութիւնը պարունակեց երկակի ցուցանիշներ` մէկ կողմէ Ուաշինկթընի աջակցութիւնը պետութեան ձեռնարկած քայլերուն, իսկ միւս...

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Ամերիկացի պատուիրակ, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամըս Պարրաք Միջին Արեւելքի հարցով ամերիկացի պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըսի, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսընի եւ ընկերակցող պատուիրակութեան հետ երէկ առտու այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ: Հանրապետութեան նախագահը Պարրաքին եւ Օրթէյկըսին յայտնեց. «Համաձայնեցուած փաստաթուղթին նկատմամբ լիբանանեան յայտարարուած դիրքորոշումէն ետք, այժմ պահանջուածը միւս կողմերուն յայտարարուած միացեալ...

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Թրիփոլիի «Ռաշիտ Քարամէ» միջազգային ցուցահանդէսի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Այս ազգային վայրը չկառուցուեցաւ, որպէսզի լուռ մնայ, այլ որպէսզի տնտեսական, մշակութային ու ընկերային գործունէութեան կենդանի վայր ըլլայ եւ բարգաւաճման իսկական կռուան մը»: «Զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու որոշումը տրուեցաւ, եւ առանց անոր ո՛չ անվտանգութիւն եւ ո՛չ կայունութիւն կայ, եւ առանց անվտանգութեան ու կայունութեան ո՛չ ներդրում կայ, ո՛չ...

Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց  Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան  Փաստաթուղթը Չընդունինք»

Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան Փաստաթուղթը Չընդունինք»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Հաժ Հասան «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Որպէսզի Լիբանան ամերիկեան փաստաթուղթին յանձնառու ըլլայ, Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու երաշխիքներու կարիք կայ»: «Սիոնական թշնամին չյարգեց 27 նոյեմբերի համաձայնութիւնը, եւ խորհրդարանի նախագահը այդ մէկը յայտնեց», նշեց երեսփոխանը: «Ուաշինկթըն մեզի սպառնաց Լիբանանը Պիլատ Շամին կցելով, եթէ ամերիկեան փաստաթուղթը չընդունի», նշեց Հիւսէյն Հաժ Հասան:

«Խաղաղապահ Զինուորներու Վրայ Որեւէ Յարձակում  Միջազգային Օրէնքներու  Եւ Թիւ 1701 Որոշումի Բացայայտ Խախտում Է»  Կը Շեշտէ ՖԻՆԻՒԼ

«Էսոշիէյթըտ Փրես»-ի Եւ «Էյ. Պի. Սի.»-ի Համաձայնղ Ռուպիօ Ստորագրած Է Լիբանանի Մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան Վերջ Տուող Ծրագիր Մը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ անցեալ շաբաթ ստորագրած է որոշում մը, որ վեց ամսուան ընթացքին վերջ կու տայ Լիբանանի մէջ միջազգային խաղաղապահ ուժերու` ՖԻՆԻՒԼ-ի ներկայութեան: Այս մասին հաղորդեց «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ը` վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմէն պաշտօնատարներ եւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ քննարկումներուն ծանօթ օգնականներ: Նախքան այդ, Միացեալ Նահանգներ մեծապէս նուազեցուցած էին Լիբանանի մէջ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն...

Ժապեր. «Ելեկտրականութեան Մարզին Մէջ Իսկական Փոփոխութիւն Սկսած Է»

Ժապեր. «Պետական Շուրային Մօտ Ներկայացուած Բողոքարկումը Պիտի Վերականգնէ Վառելանիւթի Վրայ Յաւելեալ Տուրքը»

Ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապեր յայտնեց, որ բանակայիններուն ամսական յատկացումներու ֆինանսաւորումը հաստատ կերպով պիտի ապահովուի` առանց պետական ամավարկի բացը աւելցնելու: Ելեւմուտքի նախարարը նաեւ լաւատեսութիւն յայտնեց, որ պետական շուրային մօտ ներկայացուած բողոքարկումը պիտի վերականգնէ վառելանիւթի վրայ յաւելեալ տուրքը: Ժապեր նշեց, որ այդ թղթածրարը «ամբողջական է եւ հիմնուած է գործադիր իշխանութեան առանց խորհրդարանին օրինագիծ ուղարկելու մաքսային օրէնսդրութիւն կատարելու իրաւունքին վրայ»: Ան ընդգծեց, որ...

Սէյիտ. «Պարրաք Պաապտայի Հանդիպումէն  Ետք Սրբագրեց Իր Դիրքորոշումը»

Սէյիտ. «Պարրաք Պաապտայի Հանդիպումէն Ետք Սրբագրեց Իր Դիրքորոշումը»

«Ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաք այս առաւօտ Պաապտայի մէջ հանդիպումէն ետք սրբագրեց իր դիրքորոշումը եւ ըսաւ. «Հըզպալլայի զինաթափումը քննարկեցինք, եւ նպատակը շիիներուն ի շահ է, եւ ոչ թէ անոնց դէմ: Լիբանանեան կառավարութիւնը առաջին քայլը առաւ, եւ այժմ Իսրայէլ պէտք է ատոր հետ քայլ պահէ, եւ աշխատանքը պէտք է քայլի դիմաց քայլ ըլլայ, եւ որեւէ կողմի չսպառնանք»: «Եթէ պետութեան ղեկավարները 7 օգոստոսին...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Լիբանանեան բանակը այն մտավախութիւնը ունի, որ Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ տեղակայուած իր զինուորներու առեւանգում տեղի ունենայ` զանոնք Ռումիէի բանտին մէջ արգելափակուած սուրիացիներու հետ փոխանակելու համար»: . «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Սուրիական ցեղախումբերու անունով վերջին օրերուն ընկերային ցանցերու վրայ տարածուած սպառնալիքներու ալիքէն ետք, լիբանանեան բանակը վերջին օրերուն հիւսիսային եւ արեւելեան սահմաններուն վրայ տեղակայուած իր ուժերը դրած է պատրաստ...

Աուն. «Լիբանան Երկու Ընտրանքի Առջեւ Էր`  Ամերիկեան Փաստաթուղթին  Համաձայնութեան Կամ Մեկուսացման»

Աուն. «Լիբանան Երկու Ընտրանքի Առջեւ Էր` Ամերիկեան Փաստաթուղթին Համաձայնութեան Կամ Մեկուսացման»

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Հըզպալլայի զէնքը ներքին հարց է, եւ անոր լուծումը կը վերաբերի սահմանադրական հաստատութիւններուն, եւ չեմ կարծեր, թէ հայրենիքին մէջ ոեւէ մէկը զէնքի մենաշնորհումին նկատմամբ հարց ունի»: «Ամերիկեան փաստաթուղթը մերժելէ ետ կանգնելու որեւէ սպառնալիք չստացանք: Ամերիկացիները միայն ըսին. «Եթէ փաստաթուղթը կ՛որդեգրէք շատ բարի, իսկ եթէ ոչ` Լիբանանը մեր հետաքրքրութեան շրջագիծին մէջ պիտի...

Page 99 of 986 1 … 98 99 100 … 986

Արխիւներ