Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեան աւարտեց իր պաշտօնը:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան այդ առնչութեամբ հրամանագիր ստորագրած է հիմնուելով «վարչապետի առաջարկին վրայ` համաձայն Սահմանադրութեան 132-րդ յօդուածի Ա. մասի 2-րդ կէտի, ինչպէս նաեւ «Դիւանագիտական ծառայութեան մասին» օրէնքի 14-րդ յօդուածին» վրայ:
Վահագն Աթաբէկեան Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանի պաշտօնին նշանակուած էր 2018 թուականին: