Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հակադարձելով Ռայի Պատրիարքին` Շէյխ Քապալան. «Աշխարհի Վրայ Չկայ Ուժ Մը, Որ Կարենայ Հըզպալլան Զինաթափել»

August 21, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան մարոնիներու Ռայի պատրիարքին հակադարձելով յայտնեց. «Կամայական վրէժխնդրութիւնը եկեղեցւոյ կամ մզկիթի տրամաբանութիւնը չէ, իսկ զինաթափման որոշումին շուրջ կտրուկ միաձայնութիւնը ձեւական է եւ կապ չունի Դիմադրութիւնը զինաթափելու որոշումի խենթ, դատարկ, աժան եւ զայն գրած փճացած մելանին գինը ունեցող գրիչի հայրենասիրութեան հետ: Չկայ այս երկրին, անոր պետութեան ու գերիշխանութեան աւելի մեծ դաւաճանութիւն, քան այս որոշումը, որ սիոնական գոյացութեան մեծագոյն շահերուն կը ծառայէ, իսկ անոր հայրենասիրական կշիռը զերօ է:

«Աստուած ուզէ, սիոնականութեան պիտի չարտօնենք Լիբանանը վերագրաւել, եւ մենք կը վստահինք Աստուծոյ, այս սիրելի ժողովուրդին, անոր հայրենասէր բանակին ու մեծ Դիմադրութեան, որ զոհաբերութեան մեծ պահերուն կը սպասէ: Շիի համայնքի զաւակները անձնատուութենէն, դաւաճանութիւններէն եւ կեղծ վկայութիւններէն ձանձրացան»:

Ան աւելցուց. «Բոլորին կ՛ըսեմ. Հըզպալլա կը նշանակէ Ամալ շարժում, եւ Ամալ շարժում ու Հըզպալլա կը նշանակեն շիիները, իսկ շիիները կը ներկայացնեն այս սիրելի հայրենիքին մէջ իրենց դիմադրութեամբ, զոհաբերութեամբ ու հայրենասիրութեամբ բոլոր ազատները»:

Ժաաֆարականներու միւֆթին յայտնեց, որ Իրանն է, որ ձախողութեան մատնած է Միջին Արեւելքի ծրագիրը, Ուաշինկթընի եւ Թել Աւիւի յոյսերն ու անոնց Մեծն Իսրայէլի երազը:

Ան նշեց. «Հայրենիքը ծախողները իշխանութիւն չունին»` աւելցնելով. «Կառավարութիւնը կառավարութիւն է այնքանով, որքանով որ կը պաշտպանէ լիբանանեան գերիշխանութիւնը եւ ոչ թէ զայն կը ծախէ կամ կը նուիրաբերէ»:

Միւֆթին նաեւ շեշտեց. «Այս երկրին մէջ Դիմադրութեան համայնքը կ՛այցելէ միայն գերիշխանութեան, հողի եւ պատիւի, հայրենիքի եւ մարդկութեան օգնութիւն տրամադրելու ճակատներ: Քաղաքացիական պատերազմը ամէնէն շատ կը հրահրէ կեղծ միտումը, ուխտերը դրժող դիրքորոշումը կամ մեկնաբանութեան ոճը, որ կը ծառայէ Աստուծոյ, մարդկութեան եւ հայրենիքներու թշնամիներու շահերուն»:

 

 

Նախորդը

Պասիլ. «Հըզպալլայի Քաղաքացիական Պատերազմով Սպառնալը Կը Մերժենք»

Յաջորդը

Թերզեան Բռնածաղրը Քրէականացնող Օրինագիծ Մը Ներկայացուց

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.