. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Ամերիկացի պատուիրակ Օրթէյկըս ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան վերանորոգման նկատմամբ ամերիկեան վերապահութիւնները արծարծեց եւ ըսաւ, որ միջազգային միաձայնութեան գոյացման եւ արդարացուցիչ պատճառներու ներկայացման պարագային, իր երկիրը պիտի համաձայնի վերջին տարիով մը այս երկարաձգման»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Ամերիկացի պատուիրակներ Պարրաքի եւ Օրթէյկըսի այցելութիւնը պարունակեց երկակի ցուցանիշներ` մէկ կողմէ Ուաշինկթընի աջակցութիւնը պետութեան ձեռնարկած քայլերուն, իսկ միւս կողմէ` բարեկարգումն ու կայունութիւնը իրարու կապել փորձող նոր երթի մը մեկնարկը»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Իրանը «դրացի» որակելով հաւասարակշռութեան մէջ ներառելը լեզուական մանրամասնութիւն մը չէր, այլ պատգամ մը, թէ Ուաշինկթըն կը ձգտի հաւասարակշռուած լուծումի մը, որ շրջանին մէջ հիմնական դերակատարներէն ոչ ոք կը լուսանցքայնացնէ»:
. «ԱՍԱՍ». «Նախագահ Աուն ամերիկացի պատուիրակ Պարրաքին յստակօրէն նշեց, որ պէտք է դիմել շիիներուն եւ զանոնք հանգստացնել, թէ այն քայլերը, որոնց ուղիով Լիբանան կ՛ընթանայ, ի վնաս իրենց պիտի չըլլան, ուստի պէտք է փարատել Հըզպալլայի մտավախութիւնները, զորս խորհրդարանի նախագահ Պըրրին որդեգրեց»:
. ԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին. «Պարրաք երէկ իշխանութեան երեք պետերուն խոստացաւ Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնել, որպէսզի գործադրէ փաստաթուղթին կէտերը, եւ Լիբանան այդ առնչութեամբ պատասխանին կը սպասէ»:
. ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ մօտիկ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Ամերիկացի պատուիրակ Պարրաքի յայտարարածը ետքայլ կը նկատուի, սակայն ատիկա կախեալ կը մնայ յառաջիկայ փուլէն»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Ամերիկացի պատուիրակ Պարրաքի այցելութեան եւ նախագահական եռեակին հետ հանդիպումներու մթնոլորտը կախեալ է արդիւնքներէն, եւ տակաւին կանուխ է շօշափելի դրական արդիւնքներու մասին խօսելու` սպասելով անոր Թել Աւիւ այցելութեան արդիւնքին եւ իսրայէլեան դիրքորոշումին:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Պարրաք իշխանութեան երեք պետերուն խոստացաւ աշխատանք տանիլ Իսրայէլը համոզելու քայլի դիմաց քայլ սկզբունքով գործելու, սակայն նոյն ատեն ակնարկեց, թէ չի կրնար ատիկա վստահեցնել կամ երաշխաւորել»:
. «ՏԻԱՐ» օրաթերթ. «Պարրաք իշխանութեան երեք պետերուն յայտնեց, թէ մօտ օրէն Օրթէյկըսի հետ պիտի վերադառնայ Լիբանան, սակայն վերադարձի թուական չճշդեց: Աղբիւրներ կը նախատեսեն, որ ատիկա այս ամսուան վերջաւորութեան կամ յառաջիկայ ամսուան սկիզբը տեղի ունենայ»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ լաւատեղեակ աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Թրամփ Պարաքն ու Օրթէյկըսը ուղարկելով որոշեց Լիբանանի նկատմամբ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարել, որովհետեւ Պարրաք Լիբանանի քաղաքացիութիւն ունի, իսկ երկրորդը` սրտով իսրայէլացի է»:
. ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ արտաքին գործոց նախարարութեան մօտիկ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Պարրաքի նշած Լիբանանի քայլին դիմաց Իսրայէլի քայլը պիտի կատարուի միայն զէնքերուն վրայ պետութեան վերահսկողութեան վերականգնման հոլովոյթին մէջ շօշափելի քայլերէ ետք»:
. ԻՐԱՔԻ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Լիբանանի հետ գործակցաբար փակած է Միջին Արեւելքի մէջ «քեփթակոն»-ի մեծագոյն գործարանը:
. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները բարձրացան 2000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 1.444.000 լ.ո.-ի եւ 1.484.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը նուազեցաւ 32.000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.332.000 լ.ո.-ով, իսկ պիւթակազինը նուազեցաւ 28.000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.059.000 լ.ո.-ի:
. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Աշրաֆ Ռիֆի «Էմ. Թի. Վի.»-ին յայտնեց. «Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմին դէմ դատական հայց կը պատրաստենք, որովհետեւ անոր պիտի չարտօնենք երկիրը դէպի անդունդ տանիլ»: