Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց, որ Հըզպալլայի քաղաքացիական պատերազմով սպառնալը արտօնելի չէ, եւ Իսրայէլ իր յարձակումները չդադրեցուց ու հինգ կէտերէն չհեռացաւ:
Ան նշեց, որ զինաթափման կառավարութեան որոշումի` Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան անդամ երկու երեսփոխաններու առաջարկած բռնի ուժի կիրարկումէն պէտք է խուսափինք, որովհետեւ ատիկա Լիբանանը պիտի առաջնորդէ ներքին տագնապի:
Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ պէտք է յարձակումները դադրեցնելու համար Իսրայէլի վրայ եւ զէնքի մենաշնորհման համար Հըզպալլայի վրայ ճնշում բանեցնելու երկու դիրքորոշումներուն միջեւ եղող դիրքորոշում մը ունենանք:
Անոր կարծիքով` հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի Հըզպալլայի զէնքին վերաբերեալ դիրքորոշումը հաւասարակշռուած է:
Պասիլ նաեւ շեշտեց, որ զէնքի մենաշնորհման որոշումը տրուած է, եւ այժմ խնդիրը զայն ինչպէս գործադրելն է` աւելցնելով, որ հրահրումը եւ սպառնալիքը անօգուտ են, եւ պէտք է արտաքին սպառնալիքներուն դիմաց միախմբուինք:
Երեսփոխանը յայտնեց, որ այսօր մէկէ աւելի արտաքին օրակարգեր կան, որոնք բոլորն ալ մասնակի են եւ այս կամ այն առանցքը գոհացնելու կը ծառայեն: «Կոչ կ՛ուղղենք լիբանանեան ազգային առանցքի մը, որուն ճամբով կը հասկնանք ուրիշներու շահերը, սակայն զանոնք չենք գործադրեր», ըսաւ ան` նշելով. «Մենք ազգային փոխադարձ հասկացողութիւններ կը գոյացնենք, սակայն համաձայն չենք որեւէ խումբի ամէն ըրածին: Անոր հետ քաղաքական փոխադարձ հասկացողութիւն կը գոյացնենք, եւ մենք քաղաքական ու համայնքային գետնի վրայ բազմազան ենք»:
«Լիբանանը պաշտպանելու մեր գիծը հաստատ է, ուստի միայն զէնքի մենաշնորհի մասին չենք խօսիր, այլ Լիբանանը ինչպէս պաշտպանելու մասին: Այսօր կառավարութիւնը աշխատանք կը տանի մեր ըսած պաշտպանական ռազմավարութեան վրայ: Մենք բոլորս գերիշխանութեան ու պաշտպանութեան հետ ենք, եւ չենք ուզեր, որ զէնքը ոչնչացուի, այլ լիբանանեան բանակին մօտ ըլլայ, որպէսզի իսրայէլեան յարձակումները արգիլէ եւ գերիները վերադարձնէ», ըսաւ ան: