Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 19, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Լիբանանեան բանակը այն մտավախութիւնը ունի, որ Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ տեղակայուած իր զինուորներու առեւանգում տեղի ունենայ` զանոնք Ռումիէի բանտին մէջ արգելափակուած սուրիացիներու հետ փոխանակելու համար»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Սուրիական ցեղախումբերու անունով վերջին օրերուն ընկերային ցանցերու վրայ տարածուած սպառնալիքներու ալիքէն ետք, լիբանանեան բանակը վերջին օրերուն հիւսիսային եւ արեւելեան սահմաններուն վրայ տեղակայուած իր ուժերը դրած է պատրաստ վիճակի մէջ»:

. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ աղբիւրներ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանանեան կողմը զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու բանակի ծրագիրը այս ամսուան աւարտին պատրաստուելէն առաջ Իսրայէլէն փոխադարձ քայլի մը վրայ պիտի պնդէ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի ամէնէն դժուար հանդիպումը պիտի ըլլայ խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի հետ, որ շատ բան ունի ըսելիք հարցերը իշխանութիւններու ձեռքէն դուրս գալէն առաջ Իսրայէլի կողմէ սադրանքներն ու թշնամանքները դադրեցնելու եւ զինադադարի համաձայնութիւնը յարգելու անհրաժեշտութեան շուրջ»:

. ԵՐԷԿ արշալոյսին իսրայէլեան ուժ մը Մէյս Ժապալի արեւելեան Քասայեր թաղին մէջ շուրջ 200 մեթր յառաջացաւ եւ բնակարաններէն մէկը պայթեցուց:

. ՔԱՂԱՔԱՅԻՆ թռիչքներու ընդհանուր տնօրէնը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ երթեւեկը տակաւին շատ աշխուժ կը մնայ: Օդակայանին ճամբով մեկնողներուն թիւը վերջերս հասաւ օրական 18 հազար ճամբորդի, իսկ ժամանողներունը` օրական 14 հազարի»:

. ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հերքեց կայքի մը կողմէ «Սաֆա-Հարիրի ժողովներ. Սէուտական Արաբիոյ դէմ ընտրական դաշինք» խորագիրով հրապարակուած յօդուածին բովանդակութիւնը:

Գրասենեակը նշեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքի եւ Հըզպալլայի միջեւ խորհրդարանական ընտրութիւններու օրակարգով ժողովներու մասին լուրը յերիւրանք է:

. ԻՐԱՆԵԱՆ զինեալ ուժերու բանբերը յայտարարեց. «Ամերիկայի եւ սիոնական գոյացութեան Դիմադրութիւնը զինաթափելու դաւադրութիւնը պիտի ձախողի»:

 

Նախորդը

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Յաջորդը

Սէյիտ. «Պարրաք Պաապտայի Հանդիպումէն Ետք Սրբագրեց Իր Դիրքորոշումը»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.