Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աուն. «Լիբանան Երկու Ընտրանքի Առջեւ Էր` Ամերիկեան Փաստաթուղթին Համաձայնութեան Կամ Մեկուսացման»

Օգոստոս 18, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Հըզպալլայի զէնքը ներքին հարց է, եւ անոր լուծումը կը վերաբերի սահմանադրական հաստատութիւններուն, եւ չեմ կարծեր, թէ հայրենիքին մէջ ոեւէ մէկը զէնքի մենաշնորհումին նկատմամբ հարց ունի»:

«Ամերիկեան փաստաթուղթը մերժելէ ետ կանգնելու որեւէ սպառնալիք չստացանք: Ամերիկացիները միայն ըսին. «Եթէ փաստաթուղթը կ՛որդեգրէք շատ բարի, իսկ եթէ ոչ` Լիբանանը մեր հետաքրքրութեան շրջագիծին մէջ պիտի չմնայ», նշեց նախագահը` աւելցնելով. «Լիբանան երկու ընտրանքի առջեւ էր` ամերիկեան փաստաթուղթին համաձայնութեան կամ մեկուսացման»:

«Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ յարաբերութիւնս աւելի քան հոյակապ է, եւ մենք դրական տրամադրուած ենք որեւէ նիւթ քննարկելու միայն պետութեան ծածկին տակ: Առաջնահերթութիւնս երկրին մէջ ապահովութիւն ու կայունութիւն հաստատելն է, եւ մենք կ՛ողջունենք բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն առանց մեր ներքին հարցերուն միջամտելու Լիբանանին օգնել»:

«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Լիբանանին օգնելու Սէուտական Արաբիոյ ջանքերուն համար», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Կը ձգտինք Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները բարելաւել եւ սէուտական հովանաւորութեամբ սահմանագծում կատարել»:

«Կը փորձենք երկիրը զերծ պահել որեւէ ներքին ու արտաքին տագնապէ, որովհետեւ անոնք մեզ ուժասպառ դարձուցին: Շիի համայնքը մեր երկրին մէջ հիմնական ու գործօն բաղադրիչ մաս է, եւ երկրին մէջ որեւէ համայնքի վրայ վախնալու հիմք չկայ: Որեւէ համայնքի վրայ վախ չկայ, եւ ես խօսքիս պատասխանատուութիւնը կը շալկեմ», շեշտեց նախագահը:

Պըրրի. «Քաղաքացիական Պատերազմի Կամ
Ներքին Խաղաղութեան Նկատմամբ Վախ Չկայ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին «Արապիա»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին կոչ ուղղեց զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու որոշումին շուրջ երկխօսութիւն կատարելու, եւ ոչ թէ ներկայիս առաջարկուած ձեւով` ընդգծելով, որ քաղաքացիական պատերազմէ կամ ներքին խաղաղութեան որեւէ սպառնալիքէ վախ չկայ:

«Պիտի լսեմ ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաքի Հըզպալլան զինաթափելու պատկերացումը», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Եւ ամերիկացի պատուիրակին առաջարկելիք ոչինչ ունիմ»:

Պըրրի ըսաւ, որ Հըզպալլայի վերաբերեալ որեւէ որոշում կարելի չէ գործադրել, այնքան ատեն որ Իսրայէլ կը մերժէ յարգել իր յանձնառութիւնները:

Նախորդը

Շէյխ Քապալան. «Դիմադրութիւնը Իր Զէնքը Իսրայէլի Հեռացումէն Առաջ Պիտի Չյանձնէ, Եւ Եթէ Պէտք Ըլլայ Քարպալայի Ճակատամարտ Պիտի Մղենք»

Յաջորդը

Օվերչուք. «Ռուսիան «Թրամփի Ուղի»-ի Ստեղծման Հարցին Մէջ Կ՛աջակցի Հայաստանին»

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց  Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան  Փաստաթուղթը Չընդունինք»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան Փաստաթուղթը Չընդունինք»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?