ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը երկուշաբթի օր սկսած է քննարկել Ֆրանսայի ներկայացուցած նախագիծը, որ կ՛առաջարկէ Լիբանանի մէջ միջազգային խաղաղապահ ուժերու` ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը մէկ տարիով երկարաձգել, առ ի պատրաստութիւն այդ ուժերը աստիճանաբար երկրէն հեռացնելու: Այս մասին հաղորդեց ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը:
Ֆրանսական նախագիծը ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը կ՛երկարաձգէ մինչեւ 31 օգոստոս 2026 եւ կը բովանդակէ կէտ մը, որուն մէջ Ապահովութեան խորհուրդը «իր վճռակամութիւնը կը յայտնէ աշխատանք տանելու հեռացնելու» այդ միջազգային ուժերուն, որպէսզի լիբանանեան կառավարութիւնը դառնայ «հարաւային Լիբանանի մէջ անվտանգութեան միակ երաշխաւորը»:
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 15 անդամները ֆրանսական նախագիծին շուրջ քուէարկութիւն պիտի կատարեն 25 օգոստոսին` ամսուան վերջաւորութեան ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան ժամկէտի աւարտէն առաջ:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը հաղորդեց. «Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր իր ամերիկացի պաշտօնակից Մարքօ Ռուպիոյին նամակ մը յղեց` պահանջելով դադրեցնել ՖԻՆԻՒԼ-ի գործունէութիւնը»:
Օրաթերթը նշեց, թէ Սահեր իր նամակին մէջ Ռուպիոյին յայտնած է. «ՖԻՆԻՒԼ-ը ձախողեցաւ իր հիմնական առաքելութեան` Հըզպալլայի Լիթանի գետէն հարաւ դիրքաւորումը արգիլելուն մէջ»:
«Էսոշիէյթըտ Փրես»-ը, մէկ օր առաջ վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմէն պաշտօնատարներ եւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ քննարկումներուն ծանօթ օգնականներ, հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ անցեալ շաբաթ ստորագրած է որոշում մը, որ վեց ամսուան ընթացքին վերջ կու տայ Լիբանանի մէջ միջազգային խաղաղապահ ուժերու` ՖԻՆԻՒԼ-ի ներկայութեան:
Նախքան այդ, Միացեալ Նահանգներ մեծապէս նուազեցուցած էին Լիբանանի մէջ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն ամերիկեան ֆինանսաւորումը:
Լրատու գործակալութեան համաձայն, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին կարծիքով, ՖԻՆԻՒԼ-ը ոչ ազդու առաքելութիւն է, գումարներու մսխում է եւ կ՛ուշացնէ Հըզպալլայի ազդեցութիւնը նուազեցնելով հարաւային Լիբանանի մէջ ամբողջական վերահսկողութեան լիբանանեան բանակին յանձնումը:
«Էսոշիէյթըտ Փրես» նշած էր, որ եւրոպական դիրքորոշումը դէմ է ամերիկեան ուղղուածութեան, մանաւանդ դիրքորոշումը Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ, որոնք զգուշացուցած են, թէ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան ժամանակէն առաջ վերջ տալը կրնայ ստեղծել ապահովական բաց մը, որմէ Հըզպալլան կրնայ օգտուիլ:
Անոնք ճնշում բանեցուցած են, որ առաքելութիւնը յաւելեալ մէկ տարիով երկարաձգուի, նախքան միջազգային խաղաղապահ ուժերու հեռացման ժամանակացոյցի քննարկումը:
Ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը մէջբերելով աղբիւրներ իր կարգին մէկ օր առաջ հաղորդած էր. «Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ հաւանութիւն տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու աշխատանքին վերջ տալու ծրագիրի մը, եւ Թրամփի վարչակազմին կարծիքով ՖԻՆԻՒԼ-ի վրայ ծախսելը անօգուտ է»:
«Էլ.Պի.Սի.», սակայն, նոյն օրը հաղորդեց. «ՄԱԿ-ի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան լիազօրութեան շուրջ քննարկումները կը շարունակուին, եւ հաւանական կը նկատուի, որ Միացեալ Նահանգներ համաձայնին երկարաձգման: Նաեւ գոյութիւն ունի ՖԻՆԻՒԼ-ի անդամներուն թիւը աստիճանաբար եւ պատասխանատու կերպով նուազեցնելու ամերիկեան առաջարկ մը»: