Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Հաժ Հասան «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Որպէսզի Լիբանան ամերիկեան փաստաթուղթին յանձնառու ըլլայ, Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու երաշխիքներու կարիք կայ»:
«Սիոնական թշնամին չյարգեց 27 նոյեմբերի համաձայնութիւնը, եւ խորհրդարանի նախագահը այդ մէկը յայտնեց», նշեց երեսփոխանը:
«Ուաշինկթըն մեզի սպառնաց Լիբանանը Պիլատ Շամին կցելով, եթէ ամերիկեան փաստաթուղթը չընդունի», նշեց Հիւսէյն Հաժ Հասան: