Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Թրիփոլիի «Ռաշիտ Քարամէ» միջազգային ցուցահանդէսի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Այս ազգային վայրը չկառուցուեցաւ, որպէսզի լուռ մնայ, այլ որպէսզի տնտեսական, մշակութային ու ընկերային գործունէութեան կենդանի վայր ըլլայ եւ բարգաւաճման իսկական կռուան մը»:
«Զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու որոշումը տրուեցաւ, եւ առանց անոր ո՛չ անվտանգութիւն եւ ո՛չ կայունութիւն կայ, եւ առանց անվտանգութեան ու կայունութեան ո՛չ ներդրում կայ, ո՛չ ալ աճող տնտեսութիւն», նշեց վարչապետ Սալամ: