Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ անցեալ շաբաթ ստորագրած է որոշում մը, որ վեց ամսուան ընթացքին վերջ կու տայ Լիբանանի մէջ միջազգային խաղաղապահ ուժերու` ՖԻՆԻՒԼ-ի ներկայութեան: Այս մասին հաղորդեց «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ը` վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմէն պաշտօնատարներ եւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ քննարկումներուն ծանօթ օգնականներ:
Նախքան այդ, Միացեալ Նահանգներ մեծապէս նուազեցուցած էին Լիբանանի մէջ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն ամերիկեան ֆինանսաւորումը:
Լրատու գործակալութեան համաձայն, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին կարծիքով` ՖԻՆԻՒԼ-ը ոչ ազդու առաքելութիւն է, գումարներու մսխում է եւ կ՛ուշացնէ Հըզպալլայի ազդեցութիւնը նուազեցնելով հարաւային Լիբանանի մէջ ամբողջական վերահսկողութեան լիբանանեան բանակին յանձնումը:
«Էսոշիէյթըտ Փրես» նշեց, որ եւրոպական դիրքորոշումը դէմ է ամերիկեան ուղղուածութեան, մանաւանդ դիրքորոշումը Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ, որոնք զգուշացուցած են, թէ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան ժամանակէն առաջ վերջ տալը կրնայ ստեղծել ապահովական բաց մը, որմէ Հըզպալլան կրնայ օգտուիլ:
Անոնք ճնշում բանեցուցած են, որ առաքելութիւնը յաւելեալ մէկ տարիով երկարաձգուի, նախքան միջազգային խաղաղապահ ուժերու հեռացման ժամանակացոյցի քննարկումը:
Ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը մէջբերելով աղբիւրներ իր կարգին հաղորդեց. «Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ հաւանութիւն տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու աշխատանքին վերջ տալու ծրագիրի մը, եւ Թրամփի վարչակազմին կարծիքով ՖԻՆԻՒԼ-ի վրայ ծախսելը անօգուտ է»:
«Էլ.Պի.Սի.», սակայն, հաղորդեց. «ՄԱԿ-ի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան լիազօրութեան շուրջ քննարկումները կը շարունակուին, եւ հաւանական կը նկատուի, որ Միացեալ Նահանգներ համաձայնին երկարաձգման: Նաեւ գոյութիւն ունի ՖԻՆԻՒԼ-ի անդամներուն թիւը աստիճանաբար եւ պատասխանատու կերպով նուազեցնելու ամերիկեան առաջարկ մը»: