Լիբանանեան

Սթրիտա Ժահժահ. «Ռայի Պատրիարքը Վիրաւորելը  Պքերքէի Վրայ Յարձակում Է  Եւ Կարմիր Գիծ Մը, Որ Պէտք Չէ Շրջանցել»

Սթրիտա Ժահժահ. «Ռայի Պատրիարքը Վիրաւորելը Պքերքէի Վրայ Յարձակում Է Եւ Կարմիր Գիծ Մը, Որ Պէտք Չէ Շրջանցել»

Հզօր հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Սթրիտա Ժահժահ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան Պշարրէ գաւառի գրասենեակներու պատասխանատուներուն հետ ժողովի ընթացքին յայտնեց. «Մար Պշարա Պութրոս Ռայի կարտինալ պատրիարքին նկատմամբ վիրաւորանքն ու որդեգրուած արշաւը կարելի չէ պարզապէս կարծիք կամ քննադատութիւն նկատել, այլ բացայայտ յարձակում է Պքերքէի վրայ»: «Պատրիարքի դիրքին վրայ յարձակումը Լիբանանի, անոր ինքնութեան եւ դերին դէմ յարձակում է, որովհետեւ Պքերքէի ձայնը էր եւ պիտի...

Եաաքուպ. «Իսրայէլացի Գերին Առանց Լիբանանցի  Գերիներու Հետ Փոխանակման Յանձնելը Պետութեան  Ղեկավարներու Որդեգրած Պարտուողական  Մտայնութեան Արդիւնք Է»

Եաաքուպ. «Իսրայէլացի Գերին Առանց Լիբանանցի Գերիներու Հետ Փոխանակման Յանձնելը Պետութեան Ղեկավարներու Որդեգրած Պարտուողական Մտայնութեան Արդիւնք Է»

Նահժ շարժումի ղեկավար, նախկին երեսփոխան Հասան Եաաքուպ նշեց. «Իսրայէլացի գերին առանց փոխանակումի եւ առանց բացատրութեան յանձնելը, երբ գոյացութեան մօտ առնուազն 19 լիբանանցի գերիներ ունինք, համահունչ է պարտուողական տրամաբանութեան, որ պետութեան այրերը եւ խաղաղութիւն ու յարաբերութիւններու բնականոնացում ջատագովող քաղաքական խմբաւորումները կ՛որդեգրեն»: «Պըրժ Պարաժինէ գաղթակայանին մէջ զէնքի յանձնման բնորդը զինաթափման երթի մեկնարկի պատգա՞մ է», հարց տուաւ ան: «Զոհաբերութիւն կատարած եւ անոնց տուները...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-ի համաձայն, Պքերքէն ճնշում կը բանեցնէ քրիստոնէական հիմնական կուսակցութիւններուն միջեւ քաղաքական լարուածութիւնը նուազեցնելու` փորձելով այդ կուսակցութիւններուն միջեւ վիհը կամրջել: Եկեղեցական-եպիսկոպոսական պատուիրակութիւն մը կը շրջի առնչակից ղեկավարներուն մօտ` իրեն հետ տանելով նախկինէն տարբեր մօտեցում մը: Այս քայլը չի սահմանափակուիր տեղեկատուական հանդարտեցման կամ պայմանական լարուածութիւնը մեղացնելու կոչով, այլ կը ձգտի մշակել տարակարծութիւններու կարգաւորման գրաւոր փաստաթուղթ մը, որ իբրեւ քրիստոնէական կուսակցութիւններու...

«Լիբանանի Հարցերը Ներքին  Երկխօսութեամբ Կը Լուծուին»  Կ՛ըսէ Լարիժանի

«Լիբանանի Հարցերը Ներքին Երկխօսութեամբ Կը Լուծուին» Կ՛ըսէ Լարիժանի

Իրանի ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանի յայտնեց. «Կ՛ըսեն, թէ Իրանը Հըզպալլան ստեղծեց: Ո՛չ, դուք ձեր վերաբերումով ստեղծեցիք Հըզպալլան: Այո՛, մենք օգնեցինք, չենք հերքեր այդ մէկը, սակայն անկեղծօրէն կ՛ըսենք` օգնեցինք եւ պիտի շարունակենք օգնել, սակայն Հըզպալլան ծնաւ  լիբանանեան ժողովուրդին կամքով եւ անոր ուժի աղբիւրը դարձաւ: Նոյնիսկ փոքր երկիր մը կրնայ Իսրայէլի դիմաց տոկալ»: «Լիբանանի հարցերը ներքին երկխօսութեամբ կը լուծուին»,...

Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Առկայ Է Իսրայէլը Հարաւային Լիբանանէն  Հեռացնելու Եւ Սահմանային Տնտեսական Գօտի  Ստեղծելու Ամերիկեան Առաջարկ

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Առկայ Է Իսրայէլը Հարաւային Լիբանանէն Հեռացնելու Եւ Սահմանային Տնտեսական Գօտի Ստեղծելու Ամերիկեան Առաջարկ

Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Աքսիոս» կայքին յայտնած են, թէ Միացեալ Նահանգներ կոչ ուղղած են Իսրայէլի` լիբանանեան կառավարութեան կողմէ Հըզպալլան զինաթափելու որոշումէն ետք Լիբանանի դէմ իր օդային յարձակումները նուազեցնելու եւ աստիճանաբար հեռանալու հարաւի մէջ իր բռնագրաւած հինգ դիրքերէն: Ամերիկեան կայքը նշեց, թէ ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաք իսրայէլեան կառավարութեան հետ քննարկած է Հըզպալլայի զինաթափման զուգահեռ քայլերու որդեգրումը, ինչպէս նաեւ առաջարկած է հարաւային Լիբանանի հետ...

«Գերիներու Թղթածրարին Մէջ Լիբանանեան  Իշխանութիւններուն Կատարածը  Դատապարտելի Է Եւ Ցնցիչ»  Հաստատեց Մուսաուի

«Գերիներու Թղթածրարին Մէջ Լիբանանեան Իշխանութիւններուն Կատարածը Դատապարտելի Է Եւ Ցնցիչ» Հաստատեց Մուսաուի

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Իպրահիմ Մուսաուի յայտնեց. «Անակնկալի մատնուեցանք, ինչպէս լիբանանցիները, իսրայէլացի թշնամիի յայտարարութենէն, թէ իսրայէլացի մը ստանձնած է լիբանանեան իշխանութիւններէն միակողմանի քայլով մը, որուն դիմաց Լիբանանը թշնամիին կողմէ գերեվարուած իր քաղաքացիներէն ոչ մէկը ստանձնեց, ինչ որ հարցականներ եւ խոր կասկածներ կը յառաջացնէ իշխանութեան` հակառակորդ կողմին հետ գերիներու փոխանակում կատարելու առիթը մսխելուն ու փախցնելուն շուրջ»: «Այս առումով լիբանանեան իշխանութիւններուն...

«Դիմադրութեան Նահատակները Իրանի  Նահատակներ Որակելը Ամօթալի Է»  Կ՛ըսէ Շէյխ Խաթիպ

«Դիմադրութեան Նահատակները Իրանի Նահատակներ Որակելը Ամօթալի Է» Կ՛ըսէ Շէյխ Խաթիպ

Շիիներու իսլամական բարձրագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ յայտնեց. «Դիմադրութիւնը լիբանանեան պետութեան եւ լիբանանցի պաշտօնատարներուն օգնելու համար կատարեց քայլեր, որոնք իր պարտաւորութիւնը չէին, օրինակ Լիթանիի հարաւէն արագօրէն հեռացումն ու զայն լիբանանեան բանակին յանձնելը: Ատիկա որոշումին տրամաբանութիւնը, պարտադրանքն ու հասկացողութիւնը չէ, այլ կատարուեցաւ նոր կառավարութեան եւ հանրապետութեան նոր նախագահին առիթ տալու, որպէսզի գործադրեն իրենց ըսածը, թէ` «ինչ որ հիմա չի լուծուիր,...

Մարմնակրթութեան Նախարարութիւնը  Որոշեց Արգիլել «Աքրօ-Փարակլայտինկ»-ը

Մարմնակրթութեան Նախարարութիւնը Որոշեց Արգիլել «Աքրօ-Փարակլայտինկ»-ը

Երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարար Նորա Պայրագտարեան յայտարարեց, որ նախարարութեան մօտ գտնուող օրէնքները, հրամանագիրներն ու որոշումները արտօնութիւն չեն պարունակեր կիրարկելու «Աքրօ Փարակլայտինկ» մարզաձեւը, որուն զոհ գնաց երիտասարդ մը: Ըստ անոր, նկատի ունենալով, որ այդ մարզաձեւը Լիբանանի մէջ չէ կանոնակարգուած, ուստի արտօնագիր չունի, «որոշուեցաւ Լիբանանի մէջ բացարձակապէս արգիլել «Աքրօ-Փարակլայտինկ»-ի մարզաձեւն ու անոր կիրարկումը»: Նախարարը ընգծեց, որ այս վարչական որոշումը խախտողները քրէական պատասխանատուութեան...

«Ոմանք Կ՛ուզեն Սիոնականացնել Լիբանանը  Եւ Ամերիկանացնել Անոր Հաստատութիւնները,  Եւ Այս Խաղը Երբեք Պիտի Չյաջողի»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան

Ըստ Շէյխ Քապալանի` «Պըրժ Պարաժինէ Գաղթակայանի Պարկերու Թատրոնը Բացայայտ Սկանտալ Է»

Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան անդրադարձաւ լիբանանեան վերջին իրադարձութիւններուն եւ յայտնեց. «Ամօթալին այն է, որ լիբանանեան պետութիւնն ու անոր ներկայ կառավարութիւնը երկրին, անոր գերիշխանութեան եւ իսրայէլեան յարձակումին հետ կը վարուի այնպէս, թէ հարաւի, Պեքայի եւ Հարաւային արուարձաններու բնակիչները գոյութիւն չունին կամ լիբանանցիներ չեն: Ուստի այս պետութիւնը ի՞նչ կարելի է որակել: Ան արդա՞ր պետութիւն է, կարո՞ղ պետութիւն է, քաղաքացիութեան վրա՞յ հիմնուած...

Զաքի. «Կը Զօրակցինք Պետութեան  Իշխանութեան Իր Բոլոր Հողերուն Վրայ Տարածման  Եւ Զէնքը Իր Մենաշնորհը Դարձնելու Գաղափարին»

Զաքի. «Կը Զօրակցինք Պետութեան Իշխանութեան Իր Բոլոր Հողերուն Վրայ Տարածման Եւ Զէնքը Իր Մենաշնորհը Դարձնելու Գաղափարին»

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Հուսամ Զաքի երէկ այցելեց Պէյրութ` լիբանանցի պաշտօնատարներու հետ հանդիպում ունենալու համար: Զաքի երէկ առաւօտեան հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի հետ եւ անոր հետ քննարկեց Լիբանանի ու արաբական շրջանի կացութիւնները: Զաքի հանդիպումի ընթացքին ըսաւ, որ իր այցելութեան նպատակն է ընդգծել այն մեծ հետաքրքրութիւնը, որ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը կը...

Բանակը Պըրժ Պարաժինէ Եւ Պաս  Գաղթակայաններէն Ապօրինի Զէնք Ստանձնեց

Բանակը Պըրժ Պարաժինէ Եւ Պաս Գաղթակայաններէն Ապօրինի Զէնք Ստանձնեց

Լիբանանեան բանակը երէկ Պէյրութի Պըրժ Պարաժինէ պաղեստինեան գաղթակայանին մէջ Պաղեստինեան ազգային անվտանգութենէն ստանձնեց ապօրինի ծանր զէնքեր: Գործողութիւնը յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի շարունակուի նոյն գաղթակայանին եւ պաղեստինեան այլ գաղթակայաններու մէջ: Պաղեստինցի պաշտօնատար մը «Նաշրա» կայքին յայտնեց. «Պաղեստինեան ազգային անվտանգութեան ուժերը` գաղթակայաններուն մէջ գտնուող պաղեստինեան զէնքերը յանձնելու իբրեւ առաջին քայլ, այսօր Պէյրութի Պըրժ Պարաժինէ գաղթակայանին մէջ իրենց զէնքերը պիտի յանձնեն»: Ամերիկացի բանագնաց Թամըս...

Բրիտանիոյ Դեսպանը Այցելեց Վարչապետ Սալամի

Բրիտանիոյ Դեսպանը Այցելեց Վարչապետ Սալամի

Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հէյմիշ Քաուլ երէկ վարչապետարանին մէջ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ հանդիպումի ընթացքին «ներկայ նուրբ փուլին» իր երկրին զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանին եւ անոր կառավարութեան: Բրիտանիոյ վարչապետը շեշտեց, որ Բրիտանիան յանձնառու է լիբանանցի ժողովուրդին կողքին կանգնելու եւ անոր կայունութիւնը ամրապնդելու նկատմամբ: Ան մատնանշեց լիբանանեան բանակին բրիտանական վերջին մատակարարումները` «առ ի ամրապնդում անոր կարողութեան եւ առ ի աջակցութիւն անվտանգութեան ու...

Այցելելով Այն Թինէ`  Ժեմայել. «Պըրրին Կը Մերժէ Պետութեան  Դիմակայման Տրամաբանութիւնը»

Այցելելով Այն Թինէ` Ժեմայել. «Պըրրին Կը Մերժէ Պետութեան Դիմակայման Տրամաբանութիւնը»

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայել երէկ այցելեց Այն Թինէ, ուր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամին այցելելէ ետք, հանդիպում ունեցայ խորհրդարանի նախագահին հետ` անոր հետ խորհրդակցելու եւ միասնաբար մտածելու լուծումներու եւ պետութեան վերակառուցման հոլովոյթը դիւրացնելու մասին»: «Ունինք մեր առաջնահերթութիւնները` պետութեան չգոյութեան վիճակէն պետութեան գոյութեան իրավիճակին անցնիլ, ինչպէս նաեւ պետութեան...

Ժապեր Քուէյթի Կողմէ Քարիւղի  Երկու Նաւերու Նուիրումը Յայտարարեց

Ժապեր Քուէյթի Կողմէ Քարիւղի Երկու Նաւերու Նուիրումը Յայտարարեց

Ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապեր, անդրադառնալով Զարգացման քուէյթեան ֆոնտի պատուիրակութեան վերջին այցելութեան, յայտնեց, որ ֆոնտը պիտի սկսի քննել իր ֆինանսաւորած Լիթանի ծրագիրին հասած վնասները եւ պիտի ստանձնէ այդ վնասներու նորոգման ծախսերը, ինչպէս նաեւ պիտի ֆինանսաւորէ Մարժաայուն շրջանին մէջ կոյուղիներու ծրագիրը: Ան այս մասին յայտնեց քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին: Նախարարը ըսաւ, որ Զարգացման քուէյթեան ֆոնտին հետ բանակցութիւնը նաեւ կը ներառէ...

«Վերստանձնեցինք Իսրայէլացի Մը,  Որ Մէկ Տարիէ Ի Վեր Լիբանանի Մէջ  Կալանաւորուած Էր»  Կ՛ըսէ Նեթանիահուի Գրասենեակը

«Վերստանձնեցինք Իսրայէլացի Մը, Որ Մէկ Տարիէ Ի Վեր Լիբանանի Մէջ Կալանաւորուած Էր» Կ՛ըսէ Նեթանիահուի Գրասենեակը

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը յայտարարեց. «Անցնող քանի մը ամսուան ընթացքին կատարուած բանակցութիւններէն ետք վերստանձնեցինք իսրայէլացի Սալահ Ապու Հիւսէյնը, որ մէկ տարիէ ի վեր կալանաւորուած էր Լիբանանի մէջ»: «Անցնող քանի մը ամսուան ընթացքին տեղի ունեցած բանակցութիւններէն ետք Ապու Հիւսէյնը լիբանանեան իշխանութիւններուն կողմէ Ռաս Նաքուրայի անցքին մօտ յանձնուեցաւ պատանդներու եւ անհետ կորսուածներու հարցերը համակարգողին», նշեց գրասենեակը: «Զայն հարցաքննելէ եւ բժշկական նախնական...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. «ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը կը գրէ, որ դիւանագիտական տեղեկութիւններու համաձայն, հաւանական է, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը առանց փոփոխութեան կամ բարեփոխման մէկ տարիով երկարաձգուի, սակայն տակաւին չէ վճռուած, թէ այս երկարաձգումը վերջին անգամո՞վ է, թէ՞ ոչ: Միեւնոյն ժամանակ նշեալ տեղեկութեան աղբիւրները կը նշեն, թէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ աննախադէպ պնդում կայ «ծախսերը կրճատելու եւ խնայելու» առաքելութեան մը համար, որուն Ուաշինկթըն կ՛ուզէ վերջ տալ, «որովհետեւ...

Պըրրի. «Հակառակ Զինադադարի Համաձայնութեան  Գործադրութեան Համար Ամերիկեան Միջնորդութեան,  Մեզի Համար Անակնկալ Է, Որ Հակադիր Ջանքեր  Գոյութիւն Ունին` ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերջ Տալու»

Պըրրի. «Հակառակ Զինադադարի Համաձայնութեան Գործադրութեան Համար Ամերիկեան Միջնորդութեան, Մեզի Համար Անակնկալ Է, Որ Հակադիր Ջանքեր Գոյութիւն Ունին` ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերջ Տալու»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ Մարք Ուէյն Մոլինն ու Հանրապետական եւ Դեմոկրատական կուսակցութիւններէն քոնկրեսականներու պատուիրակութիւն մը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսընի: Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի ու շրջանի կացութեան զարգացումներուն եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի դերակատարութեան: Պըրրի հանդիպումի ընթացքին արծարծեց 1978 թուականէն ի վեր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 425 որոշումին հիմամբ հարաւային Լիբանանի...

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը` Հակադարձելով  Իսրայէլեան Պնդումներուն.  «Ռաժժին Պրիւքսելի Մէջ Իսրայէլի Արտաքին  Գործոց Նախարարին Հետ Հանդիպում Չունեցաւ,  Այլ Ընդլայնուած Նիստի Մասնակցեցաւ»

Ռաժժի. «Շիի Համայնքը Հըզպալլայի Մօտ Պատանդ Է, Եւ Քաղաքացիական Պատերազմի Մասին Խօսողը Զայն Յառաջացնելու Մտադրութիւնը Ունի»

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի յայտնեց. «Կառավարութեան զէնքի մենաշնորհման վերաբերեալ որոշումը պատմական է, եւ ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաքէն անոր դիմաց իսրայէլեան քայլ մը պահանջեցինք»: «Բռնագրաւումի եւ Լիբանանի հետ որեւէ կապ չունեցող հոսանքներու տիրութեան տասնամեակներէ անցանք», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Զէնքի մենաշնորհման որոշումէն ետդարձ չկայ»: «Բանակը սեպտեմբերին պիտի ներկայացնէ զէնքի մենաշնորհման իր ծրագիրը, եւ ան կրնայ իր...

Ռայի Պատրիարք. «Հըզպալլան  Դիմադրութիւնը Զրկեց Իր Իսկական Իմաստէն»

Ռայի Պատրիարք. «Հըզպալլան Դիմադրութիւնը Զրկեց Իր Իսկական Իմաստէն»

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը «Արապիա/Հատաս» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Շիի համայնքի զաւակները ձանձրացան պատերազմէն եւ կ՛ուզեն խաղաղ ապրիլ»` նշելով. «Հըզպալլայի զինաթափման որոշումի գործադրութեան շուրջ լիբանանեան կտրուկ միաձայնութիւն գոյութիւն ունի»: «Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմի խօսքը հռետորաբանութիւն է. քաղաքացիական պատերազմ չկայ», ըսաւ պատրիարքը` աւելցնելով. «Հըզպալլան պէտք է համոզուի, որ բանակը առանց խտրութեան բոլոր լիբանանցիները կը պաշտպանէ»: Ռայի պատրիարքը ՄԱԿ-ին...

Պայրագտարեան Ընդունեց  Սամեր Քապպարան

Պայրագտարեան Ընդունեց Սամեր Քապպարան

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Սամեր Քապպարան, որուն կ՛ընկերակցէին Ապպաս Պըրրին ու Ահմետ Սապպաղը: Նախարարը իր հիւրերուն ներկայացուց այն ծրագիրները, զորս նախարարութիւնը կը գործադրէ եւ կը պատրաստէ: Քապպարա իր կարգին նշեց մարմնակրթութեան աշխատանքները կեանքի կոչելու կարեւորութիւնը` իր կարելիութիւնը դնելով նախարար Պայրագտարեանի տրամադրութեան տակ եւ երախտագիտութիւն յայտնելով Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցածին նման ձեռնարկներու գործադրման նկատմամբ:...

Page 98 of 986 1 … 97 98 99 … 986

Արխիւներ