Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միւֆթի Տրիան. «Լիբանանի Մէջ Յարանուանական Կամ Համայնքային Սադրանք Կամ Քաղաքացիական Պատերազմ Պիտի Չըլլայ»

August 20, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիան յայտնեց. «Լիբանան չափազանց զգայուն եւ նուրբ փուլէ կ՛անցնի, մինչ վերջին շրջանին քաղաքական հռետորաբանութեան մագլցում գոյութիւն ունի, մասնաւորաբար կարգ մը նիւթերու շուրջ, որոնց լուծման վերաբերեալ տարակարծութիւն գոյութիւն ունի, ինչ որ մեզմէ կը պահանջէ մեր միասնականութիւնը, իրարու թեւ-թիկունք կանգնիլը եւ գործակցութիւնը ամրապնդել վերականգնելու համար մեր պետութիւնը, անոր շուրջ բոլորուելու եւ օրինական հաստատութիւններուն աջակցելու համար, որպէսզի մեր հայրենիքը ոտքի կանգնի, որովհետեւ միատեղուիլը, սէրն ու խորհրդակցութիւնը կ՛արտօնեն բազմաթիւ դժուարութիւններ շրջանցել:

«Պէտք է բոլորս` կուսակցութիւններ եւ քաղաքական հոսանքներ, վերադառնանք ազգային սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ պէտք է պետական մտածողութիւնը տիրէ: Չենք ուզեր պետութեան տեղը գրաւող փոքր պետութիւններ ստեղծել: Մենք կը հաւատանք լիբանանեան հողին վրայ մէկ պետութեան եւ կառչած կը մնանք սահմանադրութեան ու Թաէֆի համաձայնութեան, որ վերջ տուաւ Լիբանանի մէջ անհեթեթ քաղաքացիական պատերազմին եւ դադրեցուց արեան գետը, որմէ տարիներ տառապեցանք»:

Հանրապետութեան միւֆթին նաեւ յայտարարեց. «Լիբանանի մէջ յարանուանական կամ համայնքային սադրանք կամ քաղաքացիական պատերազմ պիտի չըլլայ, որովհետեւ բոլորս ալ ատիկա բնաւ չենք ուզեր եւ այդ առնչութեամբ որեւէ հրահրումի դիմաց իբրեւ ամուր պատնէշ պիտի կանգնինք: Մեր ուզածը իր բոլոր հողերուն տէր, ազատ, արաբական ու անկախ Լիբանանն է: Այս տրամաբանութենէն որեւէ այլ բան մեզ կ՛առաջնորդէ բազմաթիւ լաբիւրինթոսներու: Պէտք է կառչած մնանք մեր արաբական խորքին, որուն մեր պատկանելիութեամբ կը պարծենանք»:

«Լիբանանը ճիշդ եւ ամուր հիմերու վրայ վերականգնեց արաբական եղբայրական պետութիւններուն հետ իր յարաբերութիւնները: Արաբները Լիբանանը կը դիտեն իբրեւ համակեցութեան երկիր: Լիբանանն է, որ աշխարհին արտածեց այդ բազմացեղ, բազմապիսի, բազմալեզու եւ բազմաթիւ կրօնական օրէնքներու միաւորման ազգային հայեցակարգը», նշեց միւֆթի Տրիան:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

«Մարմնակրթութիւն Բոլորի Համար»-ի 2-րդ Օրը Ճիւնիի Մէջ Կայացնելով` Պայրագտարեան. «Յաջողեցանք Մարմնակրթութիւնը Իբրեւ Արժէք Եւ Մշակոյթ Տարածելու Մեր Նպատակի Իրագործման Մէջ»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.