Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց  Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան  Փաստաթուղթը Չընդունինք»

Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան Փաստաթուղթը Չընդունինք»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Հաժ Հասան «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Որպէսզի Լիբանան ամերիկեան փաստաթուղթին յանձնառու ըլլայ, Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու երաշխիքներու կարիք կայ»: «Սիոնական թշնամին չյարգեց 27 նոյեմբերի համաձայնութիւնը, եւ խորհրդարանի նախագահը այդ մէկը յայտնեց», նշեց երեսփոխանը: «Ուաշինկթըն մեզի սպառնաց Լիբանանը Պիլատ Շամին կցելով, եթէ ամերիկեան փաստաթուղթը չընդունի», նշեց Հիւսէյն Հաժ Հասան:

«Խաղաղապահ Զինուորներու Վրայ Որեւէ Յարձակում  Միջազգային Օրէնքներու  Եւ Թիւ 1701 Որոշումի Բացայայտ Խախտում Է»  Կը Շեշտէ ՖԻՆԻՒԼ

«Էսոշիէյթըտ Փրես»-ի Եւ «Էյ. Պի. Սի.»-ի Համաձայնղ Ռուպիօ Ստորագրած Է Լիբանանի Մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան Վերջ Տուող Ծրագիր Մը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ անցեալ շաբաթ ստորագրած է որոշում մը, որ վեց ամսուան ընթացքին վերջ կու տայ Լիբանանի մէջ միջազգային խաղաղապահ ուժերու` ՖԻՆԻՒԼ-ի ներկայութեան: Այս մասին հաղորդեց «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ը` վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմէն պաշտօնատարներ եւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ քննարկումներուն ծանօթ օգնականներ: Նախքան այդ, Միացեալ Նահանգներ մեծապէս նուազեցուցած էին Լիբանանի մէջ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն...

Ժապեր. «Ելեկտրականութեան Մարզին Մէջ Իսկական Փոփոխութիւն Սկսած Է»

Ժապեր. «Պետական Շուրային Մօտ Ներկայացուած Բողոքարկումը Պիտի Վերականգնէ Վառելանիւթի Վրայ Յաւելեալ Տուրքը»

Ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապեր յայտնեց, որ բանակայիններուն ամսական յատկացումներու ֆինանսաւորումը հաստատ կերպով պիտի ապահովուի` առանց պետական ամավարկի բացը աւելցնելու: Ելեւմուտքի նախարարը նաեւ լաւատեսութիւն յայտնեց, որ պետական շուրային մօտ ներկայացուած բողոքարկումը պիտի վերականգնէ վառելանիւթի վրայ յաւելեալ տուրքը: Ժապեր նշեց, որ այդ թղթածրարը «ամբողջական է եւ հիմնուած է գործադիր իշխանութեան առանց խորհրդարանին օրինագիծ ուղարկելու մաքսային օրէնսդրութիւն կատարելու իրաւունքին վրայ»: Ան ընդգծեց, որ...

Սէյիտ. «Պարրաք Պաապտայի Հանդիպումէն  Ետք Սրբագրեց Իր Դիրքորոշումը»

Սէյիտ. «Պարրաք Պաապտայի Հանդիպումէն Ետք Սրբագրեց Իր Դիրքորոշումը»

«Ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաք այս առաւօտ Պաապտայի մէջ հանդիպումէն ետք սրբագրեց իր դիրքորոշումը եւ ըսաւ. «Հըզպալլայի զինաթափումը քննարկեցինք, եւ նպատակը շիիներուն ի շահ է, եւ ոչ թէ անոնց դէմ: Լիբանանեան կառավարութիւնը առաջին քայլը առաւ, եւ այժմ Իսրայէլ պէտք է ատոր հետ քայլ պահէ, եւ աշխատանքը պէտք է քայլի դիմաց քայլ ըլլայ, եւ որեւէ կողմի չսպառնանք»: «Եթէ պետութեան ղեկավարները 7 օգոստոսին...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Լիբանանեան բանակը այն մտավախութիւնը ունի, որ Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ տեղակայուած իր զինուորներու առեւանգում տեղի ունենայ` զանոնք Ռումիէի բանտին մէջ արգելափակուած սուրիացիներու հետ փոխանակելու համար»: . «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Սուրիական ցեղախումբերու անունով վերջին օրերուն ընկերային ցանցերու վրայ տարածուած սպառնալիքներու ալիքէն ետք, լիբանանեան բանակը վերջին օրերուն հիւսիսային եւ արեւելեան սահմաններուն վրայ տեղակայուած իր ուժերը դրած է պատրաստ...

Աուն. «Լիբանան Երկու Ընտրանքի Առջեւ Էր`  Ամերիկեան Փաստաթուղթին  Համաձայնութեան Կամ Մեկուսացման»

Աուն. «Լիբանան Երկու Ընտրանքի Առջեւ Էր` Ամերիկեան Փաստաթուղթին Համաձայնութեան Կամ Մեկուսացման»

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Հըզպալլայի զէնքը ներքին հարց է, եւ անոր լուծումը կը վերաբերի սահմանադրական հաստատութիւններուն, եւ չեմ կարծեր, թէ հայրենիքին մէջ ոեւէ մէկը զէնքի մենաշնորհումին նկատմամբ հարց ունի»: «Ամերիկեան փաստաթուղթը մերժելէ ետ կանգնելու որեւէ սպառնալիք չստացանք: Ամերիկացիները միայն ըսին. «Եթէ փաստաթուղթը կ՛որդեգրէք շատ բարի, իսկ եթէ ոչ` Լիբանանը մեր հետաքրքրութեան շրջագիծին մէջ պիտի...

Շէյխ Քապալան. «Դիմադրութիւնը Իր Զէնքը  Իսրայէլի Հեռացումէն Առաջ Պիտի Չյանձնէ,  Եւ Եթէ Պէտք Ըլլայ Քարպալայի  Ճակատամարտ Պիտի Մղենք»

Շէյխ Քապալան. «Դիմադրութիւնը Իր Զէնքը Իսրայէլի Հեռացումէն Առաջ Պիտի Չյանձնէ, Եւ Եթէ Պէտք Ըլլայ Քարպալայի Ճակատամարտ Պիտի Մղենք»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ ուրբաթ օր պատկերասփռուած ուղերձի ընթացքին յայտարարեց. «Կառավարութիւնը գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար իսրայէլեան ծրագիրին կը ծառայէ»: «Դիմադրութիւնը իր զէնքը Իսրայէլի հեռացումէն առաջ պիտի չյանձնէ, եւ եթէ պէտք ըլլայ Քարպալայի ճակատամարտ պիտի մղենք` մեզի ինչ գին ալ արժէ», ըսաւ շէյխ Քասեմ: «Կառավարութիւնը ներքին կացութեան որեւէ պայթումի կամ Լիբանանի աւերման ամբողջական պատասխանատուութիւնը կը կրէ», յայտնեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:...

Սալամ. «Շէյխ Քասեմի Խօսքը Քաղաքացիական  Պատերազմի Տողատակի Սպառնալիք Կը Պարունակէ»

Սալամ. «Շէյխ Քասեմի Խօսքը Քաղաքացիական Պատերազմի Տողատակի Սպառնալիք Կը Պարունակէ»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմի խօսքը քաղաքացիական պատերազմի տողատակի սպառնալիք կը պարունակէ, եւ այսօր Լիբանանի մէջ չկայ մէկը, որ քաղաքացիական պատերազմ կ՛ուզէ: Քաղաքացիական պատերազմով սպառնալը ամբողջովին մերժելի է»: Ան յայտնեց, որ շէյխ Քասեմի խօսքը «հասարակութեան ուղղուած ամբոխավարական քարոզչական խօսք է: Դժբախտաբար ապակողմնորոշման փորձ է: Հաստատօրէն այս կառավարութիւնը լիբանանեան հայրենասէր...

Ժահժահ. «Շէյխ Քասեմի Խօսքը  Իւրաքանչիւր Ազատ Լիբանանցիի  Ուղղուած Սպառնալիք Է»

Ժահժահ. «Շէյխ Քասեմի Խօսքը Իւրաքանչիւր Ազատ Լիբանանցիի Ուղղուած Սպառնալիք Է»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց. «Շէյխ Նայիմ Քասեմի երէկուան ճառը բոլոր արժեչափերով մերժելի է, որովհետեւ ուղղակի սպառնալիք է նախ եւ առաջ լիբանանեան կառավարութեան, երկրորդ` այս կառավարութեան վստահութեան քուէ տուած երեսփոխանական մեծամասնութեան եւ Լիբանանի մէջ բոլոր սահմանադրական կառոյցներուն, առաջին հերթին նախագահութեան ու կառավարութեան ղեկավարութեան»: «Անիկա նաեւ իւրաքանչիւր ազատ լիբանանցիի ուղղուած սպառնալիք է: Եթէ շէյխ Նայիմ կը կարծէ, թէ Լիբանանի...

«Կարելի Չէ Հըզպալլայի Զէնքը Կամ Իրաքեան  Աշխարհազօրի Զէնքը Բռնի Ուժով Վերցնել»  Կ՛ըսէ Իրաքի Արտաքին Գործոց Նախարարը

«Կարելի Չէ Հըզպալլայի Զէնքը Կամ Իրաքեան Աշխարհազօրի Զէնքը Բռնի Ուժով Վերցնել» Կ՛ըսէ Իրաքի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Ֆուատ Հիւսէյն նշեց. «Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի զէնքը կարելի է վերցնել միայն երկխօսութեան ճամբով, ինչպէս որ իրաքեան աշխարհազօրի զէնքը կարելի չէ բռնի ուժով վերցնել»: «Աշխարհազօրի օրէնքի առաջադրման թայմինկը շրջանին մէջ տագնապներու լոյսին տակ ճիշդ չէր», ըսաւ Հիւսէյն: «Աշխարհազօրի օրէնքի առաջադրման թայմինկը ճիշդ չէր, եւ ես միակ նախարարն էի, որ ատիկա նախարարաց խորհուրդին մէջ ըսի նախքան օրէնքի նախագիծը...

Քումաթի. «Դիմադրութեան Զէնքին Երկարող Ձեռքը  Կտրելու Խօսքը Ուղղուած Է Իսրայէլացիին,  Հաւատադրժողականներուն Եւ Ներքին Հրեաներուն»

Քումաթի. «Լիբանանեան Ներքին Ճակատումի Մէջ Չենք, Եւ Բռնագրաւումի Ատեն Դիմադրութեան Զէնքը Կարելի Չէ Յանձնել»

Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ Մահմուտ Քումաթի «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ սադրանքէն զգուշացուց եւ նշեց, թէ զէնքը յանձնելու որոշումը սադրանքի կը յանգեցնէ»: «Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը չսպառնաց, այլ ըսաւ, թէ ստիպուելու պարագային պատրաստ ենք Քարպալայի պատերազմ մղելու», ըսաւ Քումաթի` նշելով. «Դիմադրութիւնը արաբական ազգային անվտանգութեան պաշտպանութեան առաջին գիծն է, եւ այդ հիմամբ պէտք է հասկցուի»: «Լիբանանեան...

Հայտար. «Մեր Պատկերացումը Այն Է,  Որ Հըզպալլայի Զէնքի Խնդիրը  Երկխօսութեան Ճամբով Լուծուի»

Հայտար. «Մեր Պատկերացումը Այն Է, Որ Հըզպալլայի Զէնքի Խնդիրը Երկխօսութեան Ճամբով Լուծուի»

Աշխատանքի նախարար Մոհամետ Հայտար յայտնեց. «Մեր պատկերացումը այն է, որ Հըզպալլայի զէնքի խնդիրը պէտք է լուծուի երկխօսութեան ճամբով եւ ոչ թէ որոշումներու»: Հայտար «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին շեշտեց. «Մենք չենք ուզեր ներքին ճակատումի հասնիլ, այլ կ՛ուզենք մեր երկիրը պահպանել»: «Հակառակ բարձր լարուածութեան, պէտք է երկխօսութիւն կատարենք եւ այս խնդիրները լուծելու համար հասարակաց հարթակ գտնենք», շեշտեց նախարարը: «Բանակին եւ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ պատուիրակ Թամըս Պարրաք այսօր ամերիկացի դիւանագէտ Մորկըն Օրթէյկըսի ընկերակցութեամբ կ՛այցելէ Լիբանան: . ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Պարրաքի եւ Օրթէյկըսի այցելութիւնը ճնշումի բնոյթ կը կրէ եւ Ուաշինկթընի կողմէ յստակ պատգամներ կը բերէ նուրբ պահու մը մէջ, ուր ներքին ուղին կը խաչաձեւուի միջազգային ու շրջանային շարժումին հետ, ինչ որ զայն կը դարձնէ արտակարգ ուշադրութեան կեդրոն»: . ԱՂԲԻՒՐ մը...

Սալամի Հետ Հանդիպումէն Ետք.  Սինիորա. «Կ՛ուզենք, Որ Իրան Իրողապէս Լիբանանի  Բարեկամը Ըլլայ Եւ Յարգէ Անոր Գերիշխանութիւնը»

Սալամի Հետ Հանդիպումէն Ետք. Սինիորա. «Կ՛ուզենք, Որ Իրան Իրողապէս Լիբանանի Բարեկամը Ըլլայ Եւ Յարգէ Անոր Գերիշխանութիւնը»

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ: Սինիորա Սալամի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Քննարկեցինք Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տեղի ունեցող բոլոր հարցերը: Անկասկած,  Լիբանան տակաւին կը տառապի Իսրայէլի առօրեայ յարձակումներէն, որոնք աւերման, քանդումի, ահաբեկման եւ սպանութեան կը յանգեցնեն»: Ան դատապարտեց եւ մերժելի նկատեց երէկ իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Իալ Զամիրի` կարգ մը...

Զէյն. «Բանակի Ծրագիրը Պիտի Ներկայացուի  Նախարարաց Խորհուրդի 2 Սեպտեմբերի Նիստին»

Զէյն. «Բանակի Ծրագիրը Պիտի Ներկայացուի Նախարարաց Խորհուրդի 2 Սեպտեմբերի Նիստին»

Կենսոլորտի նախարար Թամարա Զէյն «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Լիբանանեան բանակի (զէնքի մենաշնորհման վերաբերեալ) ծրագիրը պիտի ներկայացուի 2 սեպտեմբերի նիստին, եւ ոչ ոք գիտէ այդ ծրագիրին բովանդակութիւնը»: «Պէտք էր չաճապարել (զէնքի հարցին շուրջ) նախարարաց խորհուրդի երկու նիստեր գումարելու` առիթ ընծայելով կողմերուն միջեւ համաձայնութեան գոյացման», նշեց Զէյն: «Ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի փաստաթուղթի քննարկումը անձնատուութեան համազօր է», յայտնեց նախարարը: «Անուղղակի...

Պայրագտարեան Հովանաւորեց Եւ Հանդիսավարեց  «Լիբանանը Իր Երիտասարդներու  Պրիսմակէն» Համախմբումը

Պայրագտարեան Հովանաւորեց Եւ Հանդիսավարեց «Լիբանանը Իր Երիտասարդներու Պրիսմակէն» Համախմբումը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան հովանաւորեց եւ հանդիսավարեց «Ապաատ» կազմակերպութեան «Ատիան» հաստատութեան հետ ու շարք մը լիբանանեան համալսարաններու հետ գործընկերութեամբ կազմակերպած «Լիբանանը իր երիտասարդներու պրիսմակէն` գործօն քաղաքացիութեան պատկանելիութենէն ապագայի մշակում» խորագիրով ազգային երիտասարդական համախմբումը: Պաշտօնական ներկայութեան կողքին համախմբումին ներկայ էին Լիբանանի տարբեր շրջաններէն եւ տարբեր մասնագիտութիւններու տէր երիտասարդ-երիտասարդուհիներ: Երկօրեայ երկխօսութեան ու մասնակցութեան ընթացքին քննարկուեցան ընկերային ու հոգեկան առողջութեան...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Լիբանանի իրերօգնութեան սնտուկի վարչութիւնը հինգշաբթի, 14 օգոստոս 2025-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ: 62 սնտուկներ ներկայացնող վարչութիւնը կը գլխաւորէր սենտիքայի ատենապետ պրն. Ղասսան Տաու: Վարչութեան մէջ իբրեւ դիւան ներկայ էր ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէն պրն. Յակոբ Լատոյեան: Իրերօգնութեան սնտուկներու ընդհանուր կացութիւնը ներկայացնելէ ետք նախագահը դրուատիքով հաստատեց իրերօգնութեան սնտուկներու դերակատարութեան համայնքներու մէջ առողջապահական մարզի մտահոգութիւնները թեթեւցնելու,...

Շէյխ Քասեմ-Լարիժանի Հանդիպում

Շէյխ Քասեմ-Լարիժանի Հանդիպում

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ ընդունեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանիի: Այս մասին հաղորդեց Հըզպալլայի տեղեկատուական գրասենեակը: Շէյխ Քասեմ վերստին շնորհակալութիւն յայտնեց Իրանին` «Լիբանանին եւ անոր Դիմադրութեան իսրայէլեան թշնամիին դէմ շարունակուող աջակցութեան համար, ինչպէս նաեւ Լիբանանի միութեան, գերիշխանութեան եւ անկախութեան կողքին կանգնելուն համար»:...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Հանրապետութեան նախագահի եւ վարչապետի կեցուածքները նոյնութեամբ նշուած են պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն մէջ, եւ ուղղակի ու կտրուկ կերպով փոխանցուեցան Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանիին, ինչ որ փաստ է, թէ Լիբանան նոր փուլ մուտք գործած է»: . ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնած են, թէ Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանիի հետ իր հանդիպումի...

Աուն. «Լիբանանը, Որ Բացարձակապէս  Չի Միջամտեր Որեւէ Այլ Պետութեան, Ներառեալ  Իրանի Հարցերուն, Չ՛ընդունիր, Որ Ոեւէ Մէկը  Իր Ներքին Հարցերուն Միջամտէ»

Աուն. «Լիբանանը, Որ Բացարձակապէս Չի Միջամտեր Որեւէ Այլ Պետութեան, Ներառեալ Իրանի Հարցերուն, Չ՛ընդունիր, Որ Ոեւէ Մէկը Իր Ներքին Հարցերուն Միջամտէ»

Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանի երէկ ժամանեց Պէյրութ` լիբանանցի պաշտօնատարներու հետ հանդիպում ունենալու համար: Լարիժանի օդակայանէն յայտարարեց, որ «բոլոր պայմաններուն մէջ Լիբանանի ժողովուրդին կողքին պիտի կանգնինք»` նշելով. «Որոշուած է շարք մը հանդիպումներ ունենալ լիբանանցի պաշտօնատարներու հետ, ներառեալ հանրապետութեան նախագահը, խորհրդարանի նախագահը եւ վարչապետը, եւ մենք միշտ կ՛որոնենք ու կը ձգտինք Լիբանանի գերագոյն շահերու իրագործման»: Լարիժանի օդակայանի ճամբուն...

Page 100 of 986 1 … 99 100 101 … 986

Արխիւներ