Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաժժար. «Ամերիկացի Պատուիրակին Լիբանանցի Պաշտօնատարներու Հետ Բանակցութիւնները Դրական Ընթացան»

August 21, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժար յոյս յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի եւ Միջին Արեւելքի ամերիկացի պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըսի հետ երկուշաբթի օր Պէյրութի մէջ ունեցած բանակցութիւնները դրական արդիւնք կու տան:

Հաժժար քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Լիբանանցիները կը հանգստացնենք, որ ամերիկացի պատուիրակին լիբանանցի պաշտօնատարներուն հետ հանդիպումները դրական ընթացան, եւ պէտք է համբերենք, զգօն ու իմաստուն ըլլանք երկար ատենէ ի վեր գոյութիւն ունեցող խնդիրի լուծման Աունի, Պըրրիի եւ Սալամի ղեկավարած ձեւին նկատմամբ»:

«Պէտք չէ ենթադրութիւններ կատարենք կամ կանխենք արդիւնքը, նախքան պատկերին յստականալը: Պէտք է սպասենք տեսնելու համար, որ վերջաւորութեան ի՛նչ արդիւնք պիտի ստացուի, եւ պէտք է յարգենք ու աջակցինք հայրենի հողի իւրաքանչիւր թիզին նկատմամբ նախանձախնդիր նախարարաց խորհուրդի որոշումին», նշեց նախարարը:

«Իսրայէլեան թշնամիի մեր հողերուն վրայ գոյութեամբ մեր երկիրը անվտանգութիւն չունի: Այն, ինչ որ կառավարութիւնը արաբ եղբայրներուն ու բարեկամներուն հետ Իսրայէլի վրայ հեռանալու եւ իր յարձակումները դադրեցնելու նպատակով դիւանագիտութեան ճամբով ճնշում բանեցնելու համար կ՛ընէ, մեր հայրենիքին մէջ անվտանգութեան եւ հանգստութեան հաստատման համար ճիշդ քայլն է», աւելցուց ան:

Հաժժար յայտնեց. «Պէտք է ահաբեկման եւ դաւաճանութեամբ որակման հռետորաբանութենէն ետ կանգնինք եւ որդեգրենք երկխօսութեան, միասնականութեան, գործակցութեան եւ իրերամբողջացման հռետորաբանութիւն, որպէսզի ապահովութեան հասնինք: Մեր տարբեր կարծիքները ինչ որ ալ ըլլան, մեր միասնականութիւնը մեր հայրենիք Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներու դիմակայման մեր միակ զէնքն է»:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պասիլ. «Հըզպալլայի Քաղաքացիական Պատերազմով Սպառնալը Կը Մերժենք»

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.