Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Թարեք Մըթրի յայտարարեց. «Տակաւին Լիբանան-Սուրիա ժողովի թուականը չճշդուեցաւ»: . «ԺԱՏԻՏ» պատկերասփիւռի կայան. «Սուրիական պատուիրակութիւնը ջնջեց այսօր նախատեսուած Պէյրութ իր այցելութիւնը` առանց այցելութեան այլ թուական ճշդելու»: . «ԱՍԱՍ ՄԻՏԻԱ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, իշխանութեան երեք պետերուն եւ ամերիկեան պատուիրակութեան միջեւ հանդիպումը լիբանանեան կողմին համար անհանգստացնող էր, որովհետեւ իսրայէլեան կողմէ քայլի մը լիբանանեան սպասումը զինաթափման ժամկէտներով ու ժամանակացոյցով յագեցած ծրագիրի մը կառավարութեան...

Ժըպրան Պասիլ Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Ժըպրան Պասիլ Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան հիւրընկալեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլը «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ, երեքշաբթի, 26 օգոստոս 2025-ին, ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Կեդրոնական կոմիտէի քարտուղար Ճորճ Գրիգորեան, Կեդրոնական կոմիտէի անդամ եւ նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան փոխնախագահ Ղասսան Խուրի, երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուի եւ նախկին երեսփոխան Էտի...

Պարրաք Լիբանան Վերադարձաւ Ամերիկեան  Մեծ Պատուիրակութեան Մը Ընկերակցութեամբ

Պարրաք Լիբանան Վերադարձաւ Ամերիկեան Մեծ Պատուիրակութեան Մը Ընկերակցութեամբ

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց ամերիկեան պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին ամերիկացի պատուիրակներ Թամըս Պարրաք եւ Մորկըն Օրթէյկըս, Ծերակոյտի ամավարկի յանձնախումբի նախագահ Լինտսի Կրահամ, Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ Ճէյն Շահին, Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ճօ Ուիլսըն, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսըն եւ շարք մը ամերիկացի դիւանագէտներ: Ծերակուտական Շահին հանդիպումէն ետք...

Պըրրօ. «Արդեօք Դիմադրութեան Զէնքին Նման  Թեթեւութեամբ Մօտենալը Կ՛երաշխաւորէ՞  Խոստացուած Բարեփոխումներու  Այս Ուղիի Շարունակութիւնը»

Պըրրօ. «Արդեօք Դիմադրութեան Զէնքին Նման Թեթեւութեամբ Մօտենալը Կ՛երաշխաւորէ՞ Խոստացուած Բարեփոխումներու Այս Ուղիի Շարունակութիւնը»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ռայետ Պըրրօ կառավարութեան կոչ ուղղեց` «վերադասաւորման ենթարկելու առաջնահերթութիւնները, որոնք նշուած են նախագահի երդման ճառին եւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ, մասնաւորաբար ազգային գերիշխանութեան վերականգնումը, եւ հրաժարելու այն հին կարծիքէն, թէ Լիբանանի ուժը իր տկարութեան մէջ է, որովհետեւ Լիբանանի ուժը իր զաւակներու համերաշխութեան, համախմբուածութեան, միասնութեան եւ բանակի ու Դիմադրութեան իրար ամբողջացման մէջ է»: «Երդման ճառին եւ կառավարութեան...

«Լիբանան Ջուրի Սակաւութեան  Աննախադէպ Տագնապ Կը Դիմագրաւէ»  Կ՛ըսէ Ուժանիւթի Եւ Ջուրի Հարցերու Նախարարը

«Լիբանան Ջուրի Սակաւութեան Աննախադէպ Տագնապ Կը Դիմագրաւէ» Կ՛ըսէ Ուժանիւթի Եւ Ջուրի Հարցերու Նախարարը

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ճօ Սըտի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան ջուրի սակաւութեան աննախադէպ տագնապ կը դիմագրաւէ` նշելով, որ տեղումներու տարեկան քանակը սովորաբար տարեկան 700-էն 1000 միլլիմեթրի միջեւ է, իսկ այս տարի այդ մէկը 50 առ հարիւրով նուազած է: Նախարարը ընդգծեց, որ ջուրի տագնապը ելեկտրականութեան տագնապէն աւելի կարեւոր է, որովհետեւ ուղղակի կերպով կապուած է կենսոլորտի փոփոխութեան հետ, որ...

Պայրագտարեան Ընդունեց Չինաստանի Դեսպանը

Պայրագտարեան Ընդունեց Չինաստանի Դեսպանը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընդունեց Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Չեն Շաուտոնկն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Պայրագտարեան դեսպանին հետ քննարկեց երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններն ու զանոնք զարգացնելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ այն մարզաձեւերը, որոնք այս առումով կրնան հասարակաց կէտեր դառնալ: Նախարարը բացատրեց Լիբանանի ներկայ փուլի` պետութեան եւ անոր հաստատութիւններու վերակառուցման ու վերադասաւորման, կանոնակարգի ու օրինագիծերու զարգացման եւ երիտասարդութեան ու...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, վկայակոչելով լաւատեղեակ աղբիւրներ, կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ կը պահանջէ, որ Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամի խորհրդարանին ուղարկելիք` Լիբանանի մէջ բանտարկեալներու թիւը նուազեցնելու խորագիրին տակ ներումի նախագիծը միայն սուրիացի դատապարտեալներով ու կալանաւորուածներով չսահմանափակուի, այլ նաեւ ներառէ լիբանանցի եւ արաբ դատապարտեալներ ու կալանաւորուածներ, որոնք ահաբեկչութեամբ ամբաստանուած են: . ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ աղբիւր մը իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթին. «Իսրայէլի ռազմավարական...

Նեթանիահուի Գրասենեակ. «Եթէ Լիբանանեան  Բանակը Հըզպալլան Զինաթափելու Քայլեր Որդեգրէ,  Իսրայէլ Փոխադարձ Քայլեր Պիտի Որդեգրէ»

Նեթանիահուի Գրասենեակ. «Եթէ Լիբանանեան Բանակը Հըզպալլան Զինաթափելու Քայլեր Որդեգրէ, Իսրայէլ Փոխադարձ Քայլեր Պիտի Որդեգրէ»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը նշեց. «Այժմ յարմար ժամանակն է, որ թէ՛ Իսրայէլն ու թէ՛ Լիբանանը յառաջ ընթանան գործակցութեան ոգիով եւ կեդրոնանան Հըզպալլան զինաթափելու ու երկու երկիրներուն մէջ կայունութիւնը եւ բարգաւաճումը ամրապնդելու հասարակաց նպատակին վրայ»: «Եթէ լիբանանեան բանակը Հըզպալլան զինաթափելու քայլեր որդեգրէ, Իսրայէլ պիտի որդեգրէ փոխադարձ քայլեր, ներառեալ իսրայէլեան բանակի ներկայութեան աստիճանական նուազեցում` ՄԱԿ-ի ղեկավարած ապահովական մեքանիզմին հետ համակարգաբար», շեշտեց...

«Քուտս» Զօրամասի Հրամանատարի  Օգնականը Կը Յայտարարէ.  «Հըզպալլայի Զինաթափումը Ամերիկեան-Իսրայէլեան  Ծրագիր Է Եւ Երբեք Պիտի Չիրականանայ»

«Քուտս» Զօրամասի Հրամանատարի Օգնականը Կը Յայտարարէ. «Հըզպալլայի Զինաթափումը Ամերիկեան-Իսրայէլեան Ծրագիր Է Եւ Երբեք Պիտի Չիրականանայ»

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատարի համակարգումի հարցերով օգնական զօր. Այրժ Մասժիտի յայտարարեց. «Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի զինաթափումը ամերիկեան-իսրայէլեան ծրագիր մըն է եւ այդ ծրագիրը երբեք պիտի չգործադրուի»: «Ո՛չ լիբանանցի ժողովուրդը, ո՛չ ալ Հըզպալլայի ուժը այս ծրագիրը պիտի ընդունի, եւ անիկա երբեք պիտի չիրականանայ», շեշտեց զօր. Մասժիտի: «Դիմադրութեան զէնքը լիբանանցի ժողովուրդին այս հողը սիոնական գոյացութեան յարձակումէն պաշտպանելու զէնք է», ըսաւ ան: Մասժիտի նաեւ...

Շիի Երկեակը Յետաձգեց Զէնքի Մենաշնորհի Կառավարութեան Երկու  Որոշումներուն Դէմ Բողոքի Հաւաքը

Շիի Երկեակը Յետաձգեց Զէնքի Մենաշնորհի Կառավարութեան Երկու Որոշումներուն Դէմ Բողոքի Հաւաքը

Ամալ շարժումի աշխատաւորական կեդրոնական գրասենեակը եւ Հըզպալլայի սենտիքաներու եւ աշխատաւորներու կեդրոնական միաւորը երէկ կէսօրէ առաջ միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով Լիբանանի աշխատաւորները հրաւիրեցին չորեքշաբթի օր կէսօրէ ետք ժամը 5:30-ին Պէյրութի Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ կառավարութեան զէնքի մենաշնորհման վերաբերեալ 5 եւ 7 օգոստոսի որոշումներուն դէմ բողոքի հաւաքի մը: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ նշեալ երկու որոշումները «կը հակասեն Լիբանանի ազգային գերագոյն շահերուն, Ազգային...

Շէյխ Քասեմ. «Զէնքէն Պիտի Չհրաժարինք»

Շէյխ Քասեմ. «Զէնքէն Պիտի Չհրաժարինք»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ կառավարութեան կոչ ուղղեց վստահութեան վերականգնման համար քննարկման նիստեր գումարելու` աւելցնելով. «Վերնախաւին կոչ կ՛ուղղենք` ազգային գերիշխանութեան վերականգնման համար ծրագիրներու մշակման մէջ կառավարութեան օգնելու»: «Գործենք «Լիբանանի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղենք ազգային գերիշխանութիւնը վերականգնելու» նշանաբանին տակ, որպէսզի զգանք, թէ ատոր համար աշխատելու մէջ պատասխանատուութիւն կայ», ըսաւ շէյխ Քասեմ` աւելցնելով, որ Դիմադրութիւնը իր պարտականութիւնը չկորսնցուց, անիկա գոյացած է դիմակայելու...

Պայրագտարեան Ընդունեց Պէյրութի  Քաղաքապետութեան Պատուիրակութիւնը

Պայրագտարեան Ընդունեց Պէյրութի Քաղաքապետութեան Պատուիրակութիւնը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Պէյրութի քաղաքապետ Իպրահիմ Զէյտանը` ընկերակցութեամբ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Վահրամ Պարսումեանի, Յովհաննէս Փչաքճեանի, Լիան Սըննոյի, Եուսեֆ Պայտունի եւ Ժոել Մրատի: Նախարարը ներկայացուց այն ծրագիրները, զորս նախարարութիւնը կը կատարէ եւ կը ծրագրէ կատարել, ինչպէս նաեւ քաղաքապետութեան հետ գործակցութեան կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ արծարծեց մայրաքաղաքին վերաբերող մարմնակրթական այլ ընդհանուր հարցեր: Պայրագտարեան քաղաքապետին...

Սալամ. «Անհրաժեշտ Է, Որ Իսրայէլ Յարգէ  Լիբանանի Գերիշխանութիւնը  Եւ Հեռանայ Բռնագրաւեալ Հողերէն»

Սալամ. «Անհրաժեշտ Է, Որ Իսրայէլ Յարգէ Լիբանանի Գերիշխանութիւնը Եւ Հեռանայ Բռնագրաւեալ Հողերէն»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ Տարըն Լահուտը` ընկերակցութեամբ Ներկայացուցիչներու տան անդամ Սթիւ Քոհենի եւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսընի: Ծերակուտական Լահուտ ողջունեց լիբանանեան կառավարութեան «պետութեան իշխանութիւնը իր բոլոր հողերուն վրայ տարածելու եւ զէնքը իր մենաշնորհը դարձնելու առումով մինչեւ հիմա կատարած քայլերը, ինչպէս նաեւ ընթացող արդարադատական եւ ելեւմտական բարեկարգումները»: «Այս քայլերը կը նպաստեն Լիբանանի...

Ժահժահ. «Բոլորը Պէտք Է Վարժուին, Որ Կառավարութեան  Որդեգրած Որեւէ Որոշում Պիտի Գործադրուի»

Ժահժահ. «Բոլորը Պէտք Է Վարժուին, Որ Կառավարութեան Որդեգրած Որեւէ Որոշում Պիտի Գործադրուի»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց. «Պետութիւնը սկսաւ իր իշխանութիւնը տարածել գաղթակայաններուն մէջ, քայլ մը, որուն արգելք կը հանդիսանային դիմակայման ուժերը: Պետութիւնը զուգահեռաբար պիտի շարունակէ մնացեալ ոլորտներուն մէջ իր աշխատանքը, եւ բոլորը պէտք է վարժուին, որ կառավարութեան որդեգրած որեւէ որոշում պիտի գործադրուի, որովհետեւ պատկեր-կառավարութեան ժամանակաշրջանը վերջ գտաւ»: «Որեւէ ապօրինի զէնք պէտք է բանակին յանձնուի, որպէսզի պետութիւնը դառնայ բնական եւ...

Հայր Ապտօ Ապու Քասամ. «Պքերքէի Եւ Շիի  Երկեակին Միջեւ Հարցերը Կարգաւորելու Համար  Հաղորդակցութիւն Գոյութիւն Ունի»

Հայր Ապտօ Ապու Քասամ. «Պքերքէի Եւ Շիի Երկեակին Միջեւ Հարցերը Կարգաւորելու Համար Հաղորդակցութիւն Գոյութիւն Ունի»

«Շարք Աուսաթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ մարոնիներու Ռայի պատրիարքի` շիի կրօնական ու քաղաքական հակազդեցութեան արժանացած Հըզպալլայի զէնքին վերաբերող վերջին կեցուածքներէն ետք, մարոնի պատրիարքութեան եւ Հըզպալլայի ու Ամալ շարժումին միջեւ ընդլայնուած վիհը կամրջելու սահմանափակ փորձեր գոյութիւն ունին: Տեղեկատուութեան կաթողիկէ կեդրոնի պետ հայր Ապտօ Ապու Քասամ այս առումով օրաթերթին յայտնած է. «Որոշ հաղորդակցութիւն տեղի ունեցաւ շիի անձնաւորութիւններու ճամբով, որոնք սովորաբար Պքերքէի հետ...

Ըստ «Ախպար»-ի.  Սուրիական Պատուիրակութիւն Մը  Հինգշաբթի Օր Լիբանան Պիտի Այցելէ

Ըստ «Ախպար»-ի. Սուրիական Պատուիրակութիւն Մը Հինգշաբթի Օր Լիբանան Պիտի Այցելէ

«Ախպար» օրաթերթը հաղորդեց, որ Լիբանան-Սուրիա յարաբերութիւնները սէուտցի պատուիրակ Եազիտ Պըն Ֆարհանի միջնորդութեամբ կեանքի կոչելու ջանքերէ ետք, Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ հաւանութիւն տուած է այս շաբաթ սուրիական պատուիրակութեան մը Լիբանան այցելութեան` բարձրաստիճան մակարդակի հանդիպումներ նախապատրաստելու համար: Օրաթերթը կը գրէ, որ սէուտցիները Շարհին ներկայացուցած են Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի բողոքները, թէ Դամասկոս չէ հետաքրքրուած յարաբերութիւններու զարգացումով, եւ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըս երէկ հասաւ Պէյրութ: . ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը հարաւային Լիբանանի մէջ Պընթ Ժպէյլ գաւառի Մզրապ-Թըպնին ճամբուն վրայ հարուածեց «Ռափիտ» տիպի ինքնաշարժ մը: Արձանագրուեցաւ զոհ մը: . ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Մնասսա լիբանանեան բանակէն բարձրաստիճան սպաներու ընկերակցութեամբ երէկ այցելեց Քուէյթ` ընդառաջելով իր քուէյթցի պաշտօնակից շէյխ Ապտալլա Ալի Ապտալլա Սալեմ Սուպահի պաշտօնական հրաւէրին: Ժողովի ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան...

Նախագահ Աուն. «Պարրաքի Փաստաթուղթին  Իսրայէլի Պատասխանին Կը Սպասենք»

Նախագահ Աուն. «Պարրաքի Փաստաթուղթին Իսրայէլի Պատասխանին Կը Սպասենք»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն շաբաթ օր Պաապտայի պալատին մէջ ամերիկացի ծերակուտական Տարըն Լահուտի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Լիբանան վերջնական պատասխանը կը սպասէ այն փաստաթուղթին, որ ամերիկացի պատուիրակը բերաւ, որ երեքշաբթի օր Մորկըն Օրթէյկըսի հետ Լիբանան պիտի այցելէ»: Ան հերքեց, թէ Լիբանանը պաշտօնապէս որեւէ տեղեկութիւն ստացած է լրատուամիջոցներու մէջ շրջանցուող այն լուրին մասին, թէ Իսրայէլ մտադիր է հարաւային Լիբանանի մէջ արգելակիչ...

Պարրաք Իսրայէլ Այցելեց

Պարրաք Իսրայէլ Այցելեց

Ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաք երէկ հասաւ Իսրայէլ, ուր հանդիպում ունեցաւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ` քննարկելու համար Լիբանանի մէջ Իսրայէլի յարձակումները զսպելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին առաջարկը: Այս մասին հաղորդեց «Աքսիոս»: Պարրաք հանդիպում ունեցաւ նաեւ Իսրայէլի ռազմավարական հարցերու նախարար Ռոն Տերմերի, արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահերի եւ պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քացի հետ: «Աքսիոս» կը հաղորդէ. «Թրամփի վարչակարգը ապագային...

«Հայրենիքը Հակամարտութիւններու Վրայ  Չի Կառուցուիր, Այլ Վստահութեան»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

«Հայրենիքը Հակամարտութիւններու Վրայ Չի Կառուցուիր, Այլ Վստահութեան» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը կիրակի օր սուրբ պատարագի ընթացքին իր քարոզին մէջ յայտնեց. «Հայրենիքները հակամարտութիւններու վրայ չեն կառուցուիր, այլ` վստահութեան, խոստումներով չեն վերականգնիր, այլ` գործերով, նշանաբաններով չեն ապրիր, այլ` արդարութեամբ եւ իրաւունքով»: «Հրաւիրուած ենք դուրս գալու մեր պառակտումներէն ու մտավախութիւններէն, որպէսզի մեր ձայնը բարձրացնենք այն բոլորին դէմ, որոնք կը սպառնան մեր գոյութեան, մեր գոյացութեան եւ մեր առաքելութեան», նշեց պատրիարքը: «Լիբանանը այսօր...

Page 97 of 986 1 … 96 97 98 … 986

Արխիւներ