Լիբանանեան

Պաղեստինեան Զէնքի Յանձնման 3-րդ Փուլ.  Պէյրութի Պաղեստինեան Գաղթակայաններուն Մէջ  Գտնուող Զէնքը Յանձնուեցաւ Լիբանանեան Բանակին

Պաղեստինեան Զէնքի Յանձնման 3-րդ Փուլ. Պէյրութի Պաղեստինեան Գաղթակայաններուն Մէջ Գտնուող Զէնքը Յանձնուեցաւ Լիբանանեան Բանակին

Պաղեստինեան իշխանութեան բանբեր Նեպիլ Ապու Ռուտէյնա յայտարարեց, որ Լիբանանի մէջ պաղեստինեան առնչակից կողմերը երէկ պաղեստինեան զէնքի յանձնման 3 փուլը գործադրելով Պէյրութի մէջ գտնուող Պըրժ Պարաժինէ, Մար Էլիաս եւ Շաթիլա գաղթակայաններէն զէնքերը պահ դրուելու համար յանձնած են լիբանանեան բանակին: Լիբանանեւպաղեստինեան երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ Ռամեզ Տիմաշքիէ իր կարգին «Նաշրա» կայքին յայտնեց, թէ Պըրժ Պարաժինէ գաղթակայանին մէջ զէնքի յանձնումը սկսած է կէսօրէ ետք...

Պայրագտարեան Ընկերային Հարցերու  Նախարարին Հետ Հայ Համայնքին  Առնչուող Հարցեր Արծարծեց

Պայրագտարեան Ընկերային Հարցերու Նախարարին Հետ Հայ Համայնքին Առնչուող Հարցեր Արծարծեց

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ընկերային հարցերու նախարար Հանին Սէյիտը: Քննարկման նիւթ դարձան Լիբանանի մէջ ընկերային, երիտասարդական եւ մարմնակրթական կացութիւնները: Պայրագտարեան այս առիթով հայ համայնքին առնչուող հարցեր արծարծեց: Նախարարը նաեւ ներկայացուց երիտասարդութեան ազգային ռազմավարութիւնը, ինչպէս նաեւ ծրագրուած երիտասարդական հարթակի մեկնարկը: Ընկերային հարցերու նախարարը իր կարգին ներկայացուց «Աման» ցանցի թղթածրարը եւ նախարարութեան ղեկավարած կամաւոր աշխատանքի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Պըրրի. «Իսրայէլի Հետ Զինադադարի Համաձայնութիւնը 17 Մայիս 1983-ի Համաձայնութենէն Վատ Է»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնած է, որ Իսրայէլի հետ 27 նոյեմբեր 2024-ին ստորագրուած զինադադարի համաձայնութիւնը 17 մայիս 1983 թուականի համաձայնութենէն վատ է: Այս մասին հաղորդեց «Ասաս» կայքը: Պատասխանելով ամերիկացի պաշտօնատար Թամըս Պարրաքի` Իսրայէլէն իրեն հետ բերելիք ակնկալուած պատասխանին լոյսին տակ ամերիկացի երաշխաւորին մասին հարցումի մը` Պըրրի նշեց. «17 մայիս»-ը աւելի լաւ էր»: «Ասաս» կը նշէ, թէ ան այդպիսով չէր զղջար...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Լիբանանեան բանակի հրամանատարը, որ զարհուրեցաւ ամերիկացի պատուիրակէն լսածէն եւ անոնց գործադրած ճնշումներէն, «առ որ անկ է» փոխանցեց, թէ կը նախընտրէ հրաժարիլ, եթէ կայ մէկը, որ կ՛ուզէ բանակի ձեռքով լիբանանցիներու արիւն հոսեցնել»: . ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ լաւատեղեակ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանանեան բանակը, որ Հըզպալլայի զինաթափման իր ծրագիրը կառավարութեան պիտի ներկայացնէ, առաջարկուելիք ծրագիրի կառավարութեան կողմէ հաւանութեան արժանանալուն...

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Վերջին  Անգամ Ըլլալով Երկարաձգեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութիւնը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Վերջին Անգամ Ըլլալով Երկարաձգեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութիւնը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը երէկ երեկոյեան վերջին անգամ ըլլալով երկարաձգեց ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը եւ Իսրայէլի ու Միացեալ Նահանգներու պահանջով մշակեց 2027 թուականին Լիբանանէն անոր հեռացման ծրագիրը: Միաձայնութեամբ որդեգրուած որոշումին համաձայն, ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը երկարաձգուեցաւ մինչեւ դեկտեմբեր 2026, որմէ ետք կը սկսի միջազգային խաղաղապահ ուժերու համակարգուած ու անվտանգ կրճատումը, որ կ՛աւարտի  մէկ տարի ետք: Որոշումը նաեւ կը պարունակէ Իսրայէլին իր ուժերը Կապոյտ գիծի հիւսիսէն...

Աուն ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Երկարաձգման  Շուրջ Համաձայնութեան Գոյացման Ջանքերուն Համար  Շնորհակալութիւն Յայտնեց Մաքրոնին

Աուն ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Երկարաձգման Շուրջ Համաձայնութեան Գոյացման Ջանքերուն Համար Շնորհակալութիւն Յայտնեց Մաքրոնին

Երէկ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի միջեւ տեղի ունեցաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը: Ֆրանսական կողմին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած հաղորդակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու առաքելութիւնը երկարաձգելու համար վերջին հաղորդակցութիւններուն: Նախագահ Աուն իր ֆրանսացի պաշտօնակիցին շնորհակալութիւն յայտնեց անձնապէս եւ ՄԱԿ-ի մէջ ֆրանսական պատուիրակութեան ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան երկարաձգման նպատակով ջանքերուն համար, որոնք ֆրանսական կողմը թափեց Միացեալ Նահանգներու եւ Ապահովութեան խորհուրդի...

Պէյրութի Թաղապետներու Լիկայի Ընտրութիւններուն` Պետրոս Գուլաճեան Ընտրուեցաւ Առաւելագոյն Ձայներով

Պէյրութի Թաղապետներու Լիկայի Ընտրութիւններուն` Պետրոս Գուլաճեան Ընտրուեցաւ Առաւելագոյն Ձայներով

Կիրակի, 24 օգոստոսին տեղի ունեցաւ Պէյրութի թաղապետներու լիկայի նոր վարչութեան ընտրութիւնը: Լիկայի Ռաս Նապաայի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն մասնակցեցան մայրաքաղաքի 108 թաղապետներէն 95-ը: Քուէահամարը հաստատեց համախոհական ցանկի յաջողութիւնը: Այդ ցանկէն բարձրագոյն թիւով քուէներ ստացաւ թաղապետ Պետրոս Գուլաճեան (93 ձայն), ապա` լիկայի նախագահ Միսպահ Իտօ (89) եւ Մահմուտ Նախխալ, Հասան Խըտըր, Խալետ Քայսի (88), Էլիաս Նասիֆ, Էլի Սապպաղա, Սաէպ Թալաշ...

Լիբանանեան Բանակը Երէկ Պաղեստինեան  Գաղթակայաններէ Զէնքեր Ստանձնեց.  Հոլովոյթը Այսօր Եւս Պիտի Շարունակուի

Լիբանանեան Բանակը Երէկ Պաղեստինեան Գաղթակայաններէ Զէնքեր Ստանձնեց. Հոլովոյթը Այսօր Եւս Պիտի Շարունակուի

Պաղեստինեան ազգային անվտանգութեան ուժերը երէկ առտու Սուրի շրջանին մէջ լիբանանեան բանակին յանձնեցին 8 բեռնակառքերու վրայ բեռցուած ծանր եւ միջին զէնքեր: 6 բեռնակառքեր Ռաշիտիէ գաղթակայանէն էին, մէկը` Պաս գաղթակայանէն, իսկ ուրիշ մըն ալ Պըրժ Շիմալի գաղթակայանէն: Զէնքերու յանձնումը տեղի ունեցաւ ներկայութեամբ հարաւային Լիբանանի մէջ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան պետ զօր. Սուհէյլ Հարպի, Լիբանանեւպաղեստինեան երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ դեսպան Ռամեզ Տիմաշքիէի, Լիբանանի մէջ...

Ապու Ռուտէյնա. «Լիբանանի Պաղեստինեան  Գաղթակայաններուն Մէջ Գտնուող Զէնքերու  Յանձնման Գործողութիւնները Իրերայաջորդ  Կերպով Պիտի Շարունակուին»

Ապու Ռուտէյնա. «Լիբանանի Պաղեստինեան Գաղթակայաններուն Մէջ Գտնուող Զէնքերու Յանձնման Գործողութիւնները Իրերայաջորդ Կերպով Պիտի Շարունակուին»

Պաղեստինեան իշխանութեան բանբեր Նեպիլ Ապու Ռուտէյնա նշեց. «Լիբանանի մէջ առնչակից պաղեստինեան կողմերը Լիբանանի պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ գտնուող Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան (ՊԱԿ) զէնքերու երկրորդ խմբաքանակը այսօր` հինգշաբթի, օր պահ դրուելու համար յանձնեց լիբանանեան բանակին: Այդ գաղթակայաններն են Ռաշիտիէն, Պասը, Պըրժ Շեմալին: Մնացեալ գաղթակայաններու զէնքերու յանձնումը իրերայաջորդ կերպով պիտի շարունակուի»: «Ասիկա տեղի ունեցաւ հիմնուելով Պաղեստինի պետութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի եւ Լիբանանի նախագահ...

«Պէտք Է Լուծարել ՖԻՆԻՒԼ-ը»  Կ՛ըսէ ՄԱԿ-ի Մէջ Իսրայէլը Դեսպանը

«Պէտք Է Լուծարել ՖԻՆԻՒԼ-ը» Կ՛ըսէ ՄԱԿ-ի Մէջ Իսրայէլը Դեսպանը

ՄԱԿ-ի մէջ Իսրայէլի դեսպան Տանի Տանոն յայտնեց. «Ժամանակն է ՖԻՆԻՒԼ-ը լուծարելու»: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը: «Իրողութիւնը փաստեց, թէ ՖԻՆԻՒԼ-ը ձախողեցաւ եւ չարգիլեց Հըզպալլայի ուժի աճը», նշեց ան: «Պատասխանատուութիւնը այժմ լիբանանեան կառավարութեան ուսերուն է», աւելցուց ՄԱԿ-ի մէջ Իսրայէլի դեսպանը:  

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Պարրաք. «Անասնական» Եզրը Օգտագործեցի, Սակայն Ոչ Վարկաբեկիչ Կերպով»

Ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաք լրագրող Մարիօ Նաուֆալի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Անասնական» եզրը օգտագործեցի, սակայն ոչ վարկաբեկիչ կերպով»: «Միայն հարց կու տայի, կրնա՞նք հանդարտիլ, կրնա՞նք որոշ հանդուրժողականութիւն եւ ազնուութիւն գտնել: Այո, սակայն քաղաքակիրթ ըլլանք», նշեց Պարրաք: Յիշեցնենք, որ Պարրաք ամերիկեան պատուիրակութեան Պաապտայի պալատին մէջ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ հանդիպումէն ետք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին վիրաւորական արտայայտութիւն ունեցած էր լիբանանցի լրագրողներուն...

Անդրադառնալով Հըզպալլա-Բանակ  Բախումի Մտավախութիւններուն`  «Մենք Չենք Վախնար»  Կ՛ըսէ Պաշտպանութեան Նախարարը

Անդրադառնալով Հըզպալլա-Բանակ Բախումի Մտավախութիւններուն` «Մենք Չենք Վախնար» Կ՛ըսէ Պաշտպանութեան Նախարարը

Պաշտպանութեան նախարար Միշել Մնասսա քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթին յայտնեց, թէ կառավարութիւնը զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու որոշում տուաւ, եւ բանակին պարտականութիւն տրուեցաւ այդ որոշումը գործադրելու` մշակելով ծրագիր մը, որ մինչեւ այս ամսուան վերջը կ՛ամբողջանայ: «Կը սպասենք լիբանանեան բանակին մշակելիք ծրագիրին եւ հաւանութեան համար զայն նախարարաց խորհուրդին ներկայացնելուն, որովհետեւ զինուորական իշխանութիւնը միշտ կ՛ենթարկուի քաղաքական որոշումներուն, մանաւանդ կառավարութեան կողմէ որդեգրուածներուն, ուստի բանակի հրամանատարութեան պատրաստելիք...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նաուաֆ Սալամ Ազհարի շէյխ Շարիֆ Ահմատ Թիպը հրաւիրեց տարեվերջէն առաջ Լիբանան այցելելու` ամրապնդելու համար երկխօսութեան եւ համակեցութեան մշակոյթը: . ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ աղբիւրներ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին. «Տարեվերջէն առաջ լիբանանեան բանակին աջակցութեան ապահովման միջազգային համակարգումը ընթացք առաւ»: . «ԷԼ.ՊԻ.ՍԻ.» պատկերասփիւռի կայանին տեղեկութեան համաձայն, «խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ իր այցելուներուն դիմաց ըսաւ, թէ ան, որ լիբանանեան բանակին վարդով մը կը...

Սալամ Գահիրէի Մէջ Հանդիպում  Ունեցաւ Սիսիի Հետ

Սալամ Գահիրէի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Սիսիի Հետ

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ, մշակոյթի նախարար Ղասսան Սալամէի, ուժանիւթի նախարար Ճօ Սըտիի, Եգիպտոսի մէջ Լիբանանի դեսպան Ալի Հալապիի եւ իր գրասենեակի տնօրէն Ֆարահ Խաթիպի հետ այցելեց Գահիրէ, ուր հանդիպում ունեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ: Սալամ իր մեծ գնահատանքը յայտնեց Եգիպտոսի ղեկավարութեան, կառավարութեան եւ ժողովուրդին` տեւական կերպով Լիբանանի կողքին կանգնելնուն համար, ինչպէս նաեւ ներկայացուց յառաջիկայ փուլին կառավարութեան առաջնահերթութիւնները, ըլլայ այդ...

Արաղչի. «Իրանը Պատրաստ Է Սէուտական  Արաբիոյ Հետ Լիբանանի Հարցով  Երկխօսութիւն Կատարելու»

Արաղչի. «Իրանը Պատրաստ Է Սէուտական Արաբիոյ Հետ Լիբանանի Հարցով Երկխօսութիւն Կատարելու»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Լիբանանի ներքին գործերուն չենք միջամտեր, սակայն ատիկա արգելք չէ, որ մեր կարծիքն ու դիրքորոշումը յայտնենք, եւ ատիկա բան մըն է, որ բոլոր պետութիւնները կը կատարեն, օրինակ` Սէուտական Արաբիան Լիբանանի վերաբերեալ իր տեսակէտը կը յայտնէ, եւ ատիկա միջամտութիւն չի նկատուիր: Իսկական միջամտութիւնը այն է, որ լիբանանեան հողեր կը...

Անդրադառնալով Ամերիկեան  Պատուիրակութեան Այցելութեան`  Պըրրի. «Իրենց Խոստացածին Հակառակով  Վերադարձան Մեզի, Ուստի Հարցերը Դարձեալ  Դէպի Բարդացում Կ՛ուղղուին»

Անդրադառնալով Ամերիկեան Պատուիրակութեան Այցելութեան` Պըրրի. «Իրենց Խոստացածին Հակառակով Վերադարձան Մեզի, Ուստի Հարցերը Դարձեալ Դէպի Բարդացում Կ՛ուղղուին»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի անդրադառնալով ամերիկեան պատուիրակութեան Լիբանան այցելութեան «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց. «Ամերիկացիները իրենց խոստացածին հակառակով վերադարձան մեզի»` ակնարկելով այն սպասումին, որ ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի կառչած ամերիկեան «քայլի դիմաց քայլ» քաղաքականութեան վերաբերեալ իսրայէլեան պատասխան կը սպասուէր, սակայն պատուիրակութեան այլ անդամներուն հետ իր կեցուածքները հակառակ բան ցոյց տուին` նախ Հըզպալլայի զինաթափման քայլը, ապա իսրայէլեան ուժերու լիբանանեան հողերէն հեռանալու եւ...

Պայրագտարեան Այցելեց  Բանակի Հրամանատարին

Պայրագտարեան Այցելեց Բանակի Հրամանատարին

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ այցելեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալի: Պայրագտարեան շնորհաւորեց զօր. Հայքալը ազգային այս մեծ պատասխանատուութիւնը ստանձնելուն առիթով եւ անոր յաջողութիւն մաղթեց: Ան իր խոր գնահատանքը արտայայտեց լիբանանեան բանակին` իբրեւ ազգային միասնականութեան պաշտպանութեան եւ հայրենիքի շարունակականութեան խորհրդանիշ: Նախարարը բանակի հրամանատարին ներկայացուց այն ծրագիրները, զորս նախարարութիւնը կը գործադրէ: Ան շեշտեց զինուորական հաստատութեան ներկայացուցած դիրքը,...

Շէյխ Քապալան. «Լիբանանը Քաղաքական Աղէտի Մէջ Է,  Եւ Ազգային Փրկութիւնը Նախագահ Աունի Ձեռքն Է»

Շէյխ Քապալան. «Լիբանանը Քաղաքական Աղէտի Մէջ Է, Եւ Ազգային Փրկութիւնը Նախագահ Աունի Ձեռքն Է»

Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան յայտնեց. «Ազգային վստահութեան բացակայութիւնը, զայն խոցելու յարատեւումը, լիբանանեան հասարակութիւնը պառակտելու վրայ պնդելը եւ ներքին թղթածրարները միջազգայնացնելը աղէտալի բան է եւ Լիբանանին կը սպառնայ գոյութենական վտանգով: Պահը երկիրը քաղաքական խենթութենէն փրկելուն է, եւ քաղաքական ու տեղեկատուական սադրանքը աւելի խոցող է, քան սուրը: «Մինչ ազգային հիմնադիր բաղադրիչ մասի մը վրայ վայրագ յարձակումը կը հարուածէ երկրին կառոյցը, լուծումը...

Պարրաք Ջնջեց Սուր  Եւ Խիամ Իր Այցելութիւնը

Պարրաք Ջնջեց Սուր Եւ Խիամ Իր Այցելութիւնը

Ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաք երէկ ուղղաթիռով հասաւ Մարժաայունի մէջ լիբանանեան բանակի «Ֆրանսուա Հաժ» զօրանոց` հարաւային Լիբանանի Խիամ եւ Սուր քաղաքներ այցելելու համար: Խիամի մէջ բնակիչները Հըզպալլայի դրօշներ բարձրացուցած հաւաքուեցան քաղաքի հրապարակ` բողոքելով ամերիկեան դիրքորոշումին եւ Պարրաքի հարաւային Լիբանան այցելութեան դէմ: Պարրաքի Սուր եւ Խիամ այցելութիւնները ջնջուեցան:  

Շէյխ Քասեմ. «Զէնքէն Պիտի Չհրաժարինք»

Երեսփոխաններ Եւ Անձնաւորութիւններ Հըզպալլայի Ընդհանուր Քարտուղարին Դէմ Քրէական Հայց Ներկայացուցին

Շարք մը երեսփոխաններ եւ անձնաւորութիւններ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմի դէմ քրէական հայց ներկայացուցած են: Երեսփոխան Աշրաֆ Ռիֆի արդարադատութեան պալատին առջեւ յայտարարեց. «Շրջանին մէջ իրանեան դերակատարութիւնը վերջ գտաւ, եւ կ՛ըսենք, որ Քասեմի անպատասխանատու եւ ապազգային խօսքին դէմ դրինք սահմանադրական ծրագիրով մը, եւ կ՛ըսենք, թէ պետութիւնը մեզ կը միաւորէ, իսկ փոքր պետութիւնը մեզ պառակտեց»: Երեսփոխան Ժորժ Օքայս իր կարգին նշեց....

Page 96 of 986 1 … 95 96 97 … 986

Արխիւներ