Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ճօ Սըտի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան ջուրի սակաւութեան աննախադէպ տագնապ կը դիմագրաւէ` նշելով, որ տեղումներու տարեկան քանակը սովորաբար տարեկան 700-էն 1000 միլլիմեթրի միջեւ է, իսկ այս տարի այդ մէկը 50 առ հարիւրով նուազած է:
Նախարարը ընդգծեց, որ ջուրի տագնապը ելեկտրականութեան տագնապէն աւելի կարեւոր է, որովհետեւ ուղղակի կերպով կապուած է կենսոլորտի փոփոխութեան հետ, որ մեր հակակշիռէն դուրս է, ինչ որ կը պահանջէ յառաջիկայ մարտահրաւէրներու դիմագրաւման քայլերը արագացնել:
Ան ըսաւ, որ 15 ապրիլին նախարարութեան տնօրէնները համախմբած է պատրաստելու համար ջուրի սակաւութեան տագնապի լուծման շտապ ծրագիր մը, որուն գլխաւոր կէտերն են ոտնձգութիւններու հարցը լուծել, շտապ վերանորոգութեան վրայ շեշտել, վերանորոգման յաւելեալ խումբեր կազմել, ջուրի մատակարարման արդար ու թափանցիկ ժամանակացոյց պատրաստել եւ չօգտագործուած հորերը օգտագործել:
Նախարար Ճօ Սըտի նշեց, որ նախկին կառավարութիւնը պատրաստած է ջուրի ազգային ռազմավարութիւն մը, որուն կարգ մը կէտերը ներկայիս վերատեսութեան կ՛ենթարկուին:
Ան յառաջիկայ տարուան համար կանխարգելիչ արտակարգ կացութիւններու ծրագիրի պատրաստութեան կարեւորութիւնը շեշտեց: