. ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըս երէկ հասաւ Պէյրութ:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը հարաւային Լիբանանի մէջ Պընթ Ժպէյլ գաւառի Մզրապ-Թըպնին ճամբուն վրայ հարուածեց «Ռափիտ» տիպի ինքնաշարժ մը: Արձանագրուեցաւ զոհ մը:
. ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Մնասսա լիբանանեան բանակէն բարձրաստիճան սպաներու ընկերակցութեամբ երէկ այցելեց Քուէյթ` ընդառաջելով իր քուէյթցի պաշտօնակից շէյխ Ապտալլա Ալի Ապտալլա Սալեմ Սուպահի պաշտօնական հրաւէրին:
Ժողովի ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան բանակին տարբեր ոլորտներու, մասնաւորաբար սարքաւորման, բժշկութեան եւ բանակայիններու բնակեցման ծառայութեան ոլորտներուն մէջ աջակցութեան կարելիութիւնները:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ բարձրաստիճան աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանան նախանձախնդիր է ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան բարեփոխումի կամ կրճատման մասին որեւէ խօսք կապելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի ամբողջական գործադրութեան, որ կ՛երաշխաւորէ յարատեւ կայունութիւնը եւ ոչ թէ ժամանակաւոր զինադադար»:
. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Ժամանակացոյց չճշդելը զէնքի մենաշնորհման որոշումը կ՛իմաստազրկէ եւ կառավարութեան կողմէ ետքայլ մըն է, որուն կը յաջորդեն այլ ետքայլեր, որոնք պետութեան վերականգնման երթը կը վերադարձնեն զերօ կէտին»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ հաւաստի աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Յստակ է, թէ Ուաշինկթըն գոհ չէր ֆրանսական բարեփոխումներէն, որոնք կ՛ակնարկեն «ՖԻՆԻՒԼ-ի հեռացման ծրագրաւորում»-ին, բաց ժամանակացոյց կը ճշդեն եւ զայն կը կապեն լիբանանեան կառավարութեան զէնքի մենաշնորհի առաքելութիւնը ստանձնելու պատրաստութեան»: