Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատարի համակարգումի հարցերով օգնական զօր. Այրժ Մասժիտի յայտարարեց. «Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի զինաթափումը ամերիկեան-իսրայէլեան ծրագիր մըն է եւ այդ ծրագիրը երբեք պիտի չգործադրուի»:
«Ո՛չ լիբանանցի ժողովուրդը, ո՛չ ալ Հըզպալլայի ուժը այս ծրագիրը պիտի ընդունի, եւ անիկա երբեք պիտի չիրականանայ», շեշտեց զօր. Մասժիտի:
«Դիմադրութեան զէնքը լիբանանցի ժողովուրդին այս հողը սիոնական գոյացութեան յարձակումէն պաշտպանելու զէնք է», ըսաւ ան:
Մասժիտի նաեւ յայտնեց. «Եթէ թշնամիները ջանան (Իրան) ներխուժել, իրանեան զինեալ ուժերը առաւելագոյն պատրաստութեամբ եւ ուժով պիտի հակադարձեն»:
«Մեր ուժերու կարողութիւնները կը բարձրանան, եւ անոնք պատրաստ են որեւէ սպառնալիքի հակադարձելու», շեշտեց «Քուտս» ջոկատի հրամանատարի օգնականը: