Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պարրաք Լիբանան Վերադարձաւ Ամերիկեան Մեծ Պատուիրակութեան Մը Ընկերակցութեամբ

Օգոստոս 27, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց ամերիկեան պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին ամերիկացի պատուիրակներ Թամըս Պարրաք եւ Մորկըն Օրթէյկըս, Ծերակոյտի ամավարկի յանձնախումբի նախագահ Լինտսի Կրահամ, Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ Ճէյն Շահին, Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ճօ Ուիլսըն, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսըն եւ շարք մը ամերիկացի դիւանագէտներ:

Ծերակուտական Շահին հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Նախագահ Աունի հետ մեր հանդիպումը արդիւնաւէտ էր, եւ կը հասկնանք, թէ Հըզպալլայի ապազինումը դժուար, սակայն վճռական քայլ է, եւ մենք կը զօրակցինք կառավարութեան որդեգրած յանդուգն քայլերուն»:

«Մենք կը զօրակցինք Հըզպալլան զինաթափելու լիբանանեան կառավարութեան որոշումին», աւելցուց ան:

«Լիբանանեան բանակը կարիքը ունի նիւթական ու գումակային աջակցութեան, եւ այսօր ատիկա քննարկեցինք», նշեց ծերակուտական Շահին:

Ծերակուտական Լինտսի Կրահամ իր կարգին նշեց, որ «Հըզպալլան ապազինելու գաղափարը լիբանանցի ժողովուրդէն կու գայ»` աւելցնելով. «Հըզպալլան արտաքին օրակարգերու համար կ՛աշխատի եւ ոչ թէ լիբանանցի ժողովուրդին համար»:

«Հըզպալլան զինաթափելը իսրայէլեան որոշում չէ, այլ` լիբանանեան որոշում մը, եւ անիկա ի շահ Լիբանանի է», նշեց ան:

«Հըզպալլան ժողովուրդին հաւատարիմ չէ, եւ կը կարծեմ, որ լիբանանցիները աւելի լաւ ապագայ մը կ՛ուզեն: Իսրայէլ Լիբանանը տարբեր աչքով պիտի դիտէ այն ժամանակ միայն, երբ Լիբանան տարբեր բան մը ընէ», յայտնեց ծերակուտական Կրահամ:

«Առանց Հըզպալլայի զինաթափման Իսրայէլի հետ հեռացման հարցի քննարկումը անօգուտ է», շեշտեց ծերակուտականը:

«Իրան ներկայիս տկար դիրքի վրայ է, ան բարիքի չի ձգտիր, սակայն անոր կարողութիւնը նուազած է», ըսաւ ան:

«Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն պէտք է Հըզպալլայի զինաթափումէն ետք Լիբանանը տարբեր աչքով դիտէ», ըսաւ ան:

«Միացեալ Նահանգներ Լիբանանի մէջ կրօնական բազմազանութիւնը կը պաշտպանեն», ընդգծեց Կրահամ:

Թամըս Պարրաք իր կարգին նշեց, որ «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ կ՛ուզէ, որ բարգաւաճ ու կայուն Լիբանան մը ըլլայ, եւ ապօրինի զէնքը վերցուի»` աւելցնելով. «Թրամփի վարչակարգը լրջօրէն ու իսկապէս կ՛ուզէ Լիբանանի խնդիրը լուծել»:

«Իմ կարծիքովս` իշխանութեան երեք պետերը լաւ են եւ կը փորձեն իրենց լաւագոյնը տալ ժողովուրդին` սկսելով խաղաղութեան ու բարգաւաճման ժամանակաշրջան մը», ըսաւ ան` նշելով. «Լիբանանի նախագահը որեւէ բաղադրիչի դէմ չի գործեր»:

«Հըզպալլան զինաթափելու ծրագիրը անպայման զինուորական պիտի չըլլայ, այլ` կուսակցութիւնը իր զէնքէն հրաժարիլ համոզելու ճամբով», նշեց Պարրաք` աւելցնելով. «Հըզպալլայի իր զէնքէն հրաժարիլը փոխհատուցելու համար ֆինանսաւորում պիտի ըլլայ»:

«Աշխատանք պիտի տանինք լիբանանցիներուն կեանքերը բարելաւելու, Իրան այդ մէկը փափաքի կամ ոչ», շեշտեց ամերիկացի պատուիրակը:

Միջին Արեւելքի հարցով ամերիկացի պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըս իր կարգին նշեց. «Իսրայէլ կը փափաքի լիբանանեան կառավարութեան հետ քայլի դիմաց քայլ կատարել»:

«Իսրայէլը պիտի քաջալերենք լուրջ քայլեր կատարելու, եթէ Լիբանան լուրջ քայլեր կատարէ», շեշտեց Օրթէյկըս:

«Ժամանակն է Լիբանանի մէջ քայլեր կատարելու, եւ լիբանանեան կառավարութեան պիտի օգնենք իր պատմական որոշումը գործադրելու», ըսաւ ան:

Նախագահական պալատի բանբեր Նաժաթ Շարաֆէտտին նշեց, որ ամերիկեան պատուիրակութեան հետ հանդիպումի ընթացքին արծարծուած են Լիբանանի եւ շրջանին մէջ կացութեան հարցը եւ ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի «շրջապտոյտի արդիւնքները»:

Նախագահ Աուն գոհունակութիւն յայտնած է Սուրիոյ` Լիբանանի հետ աւելի լաւ յարաբերութիւններ հաստատելու պատրաստակամութեան մասին հաղորդուածին նկատմամբ:

Հանրապետութեան նախագահը ընդգծած է, որ Լիբանան լիարժէք կերպով յանձնառու է թշնամական արարքներու դադրեցման յայտարարութեան, որ նախկին կառավարութիւնը միաձայնութեամբ որդեգրեց, ինչպէս նաեւ յանձնառութիւն յայտնեց Լիբանան-ամերիկեան համատեղ աշխատանքներու փաստաթուղթին:

Ամերիկեան պատուիրակութիւնը Պաապտայի պալատէն ետք այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Օրթէյկըս հանդիպումէն ետք լրագրողներէն մէկուն Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմի երկուշաբթի օրուան պատկերասփռուած ճառին մասին հարցումի մը պատասխանելով յայտնեց. «Ան խղճալի է»:

Ամերիկեան պատուիրակութիւնը վարչապետարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ եւ գնահատեց «կառավարութեան զէնքի պետութեան եւ անոր օրինական ուժերուն մենաշնորհը դարձնելու վերաբերեալ որդեգրած որոշումները»` ողջունելով կառավարութեան որդեգրած ելեւմտական ու դրամատնային բարեկարգումները, եւ կարեւոր նկատեց այս երթի շարունակութիւնը:

Սալամ իր կարգին շեշտեց. «Զէնքի մենաշնորհման, պետութեան իշխանութեան տարածման եւ պատերազմի ու խաղաղութեան որոշումը իր մենաշնորհը դարձնելու երթը ընթացք առած է եւ անոր մէջ ետդարձ չկայ»:

«Կառավարութիւնը այս ուղղուածութիւնը հաստատեց 5 օգոստոսին, երբ որդեգրեց վճռակամ որոշում մը` լիբանանեան բանակին պարտականութիւն տալով տարեվերջէն առաջ զէնքի մենաշնորհման համապարփակ ծրագիր մշակելու եւ զայն նախարարաց խորհուրդին ներկայացնելու, բան մը, որ յառաջիկայ շաբաթ պիտի ներկայացուի», նշեց վարչապետը:

«Այս երթը լիբանանեան եւ ազգային պահանջ ու անհրաժեշտութիւն է, որուն շուրջ լիբանանցիները ամէն բանէ առաջ Թաէֆի համաձայնագիրին մէջ համաձայնեցան, սակայն անոր գործադրութիւնը տասնամեակներով ուշացաւ` Լիբանանի համար նախապէս բազմաթիւ առիթներ կորսնցնելով», ըսաւ ան:

Սալամ նշեց, որ Լիբանան յանձնառու է դեսպան Պարրաքի ներկայացուցած փաստաթուղթի նպատակներուն` անոնց վրայ լիբանանցի պաշտօնատարներու կողմէ կատարուած բարեփոխումներէն ետք, զորս 7 օգոստոսի նիստին նախարարաց խորհուրդը վաւերացուց:

«Քայլերու զուգահեռութեան վրայ հիմնուած այս փաստաթուղթը կ՛ամրապնդէ Իսրայէլի` լիբանանեան հողերէն հեռացման եւ բոլոր թշնամական արարքներու դադրեցման երաշխաւորումը», յայտնեց վարչապետը:

Սալամ շնորհակալութիւն յայտնեց պատուիրակութեան` լիբանանեան բանակին շարունակուող աջակցութեան համար` ընդգծելով. «Այդ աջակցութիւնը ելեւմտական եւ զինուորական գետնի վրայ ընդլայնելը հրատապ անհրաժեշտութիւն է, որպէսզի բանակը կարենայ իր դերը կատարել»:

Նախորդը

Պըրրօ. «Արդեօք Դիմադրութեան Զէնքին Նման Թեթեւութեամբ Մօտենալը Կ՛երաշխաւորէ՞ Խոստացուած Բարեփոխումներու Այս Ուղիի Շարունակութիւնը»

Յաջորդը

Ժըպրան Պասիլ Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

RelatedPosts

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»

Հոկտեմբեր 13, 2025
Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն
Գլխաւոր լուրեր

Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?