Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ կառավարութեան կոչ ուղղեց վստահութեան վերականգնման համար քննարկման նիստեր գումարելու` աւելցնելով. «Վերնախաւին կոչ կ՛ուղղենք` ազգային գերիշխանութեան վերականգնման համար ծրագիրներու մշակման մէջ կառավարութեան օգնելու»:
«Գործենք «Լիբանանի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղենք ազգային գերիշխանութիւնը վերականգնելու» նշանաբանին տակ, որպէսզի զգանք, թէ ատոր համար աշխատելու մէջ պատասխանատուութիւն կայ», ըսաւ շէյխ Քասեմ` աւելցնելով, որ Դիմադրութիւնը իր պարտականութիւնը չկորսնցուց, անիկա գոյացած է դիմակայելու համար յարձակումը եւ անիկա կը դիմակայէ, սակայն չ՛արգիլեր յարձակումը: «Առանց Դիմադրութեան Իսրայէլ մայրաքաղաք Պէյրութ հասած կ՛ըլլար, ինչպէս մայրաքաղաք Դամասկոս հասաւ», նշեց ան:
«Լիբանանի կառավարութիւնը Դիմադրութիւնը եւ Դիմադրութեան ժողովուրդը ամերիկեան հովանաւորութեամբ իսրայէլեան յարձակումի գոյութեան զինաթափելու սխալ որոշում որդեգրեց, կառավարութեան որոշումը Ազգային ուխտին կը հակասէ եւ որդեգրուեցաւ ամերիկեան-իսրայէլեան ցուցմունքներու հիմամբ, եւ եթէ կառավարութիւնը այս տարազով շարունակէ, ապա ան Լիբանանի գերիշխանութեան տէրը չէ: Ինչ կը վերաբերի ամերիկեան աշխատանքին, ապա անիկա Լիբանանի աւերման եւ սադրանքի կոչ եղող աշխատանք է», ըսաւ ան:
«Ան, որ կ՛ուզէ այս զէնքը խլել, կը նշանակէ, թէ կ՛ուզէ մեր հոգին խլել, եւ այդ ատեն աշխարհը մեր թշուառութիւնը պիտի տեսնէ», յայտնեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը: