Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շիի Երկեակը Յետաձգեց Զէնքի Մենաշնորհի Կառավարութեան Երկու Որոշումներուն Դէմ Բողոքի Հաւաքը

August 26, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամալ շարժումի աշխատաւորական կեդրոնական գրասենեակը եւ Հըզպալլայի սենտիքաներու եւ աշխատաւորներու կեդրոնական միաւորը երէկ կէսօրէ առաջ միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով Լիբանանի աշխատաւորները հրաւիրեցին չորեքշաբթի օր կէսօրէ ետք ժամը 5:30-ին Պէյրութի Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ կառավարութեան զէնքի մենաշնորհման վերաբերեալ 5 եւ 7 օգոստոսի որոշումներուն դէմ բողոքի հաւաքի մը:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ նշեալ երկու որոշումները «կը հակասեն Լիբանանի ազգային գերագոյն շահերուն, Ազգային ուխտին ու համակեցութեան»` աւելցնելով, որ հաւաքի նպատակը ընդգծելն է «Լիբանանի` իր գերիշխանութիւնը պահպանելու իրաւունքը, եւ անոր ժողովուրդին ու Դիմադրութեան իր հողերը պաշտպանելու եւ զանոնք իսրայէլեան բռնագրաւումէն ազատագրելու իրաւունքը»:

«Մեր եւ մեր հայրենիքին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն նկատմամբ երկար համբերեցինք, եւ ժամանակն է, որ մեր ազգային միասնական դիրքորոշումը արտայայտենք», շեշտեց շիի երկեակին հրապարակած հաղորդագրութիւնը` աւելցնելով, որ հաւաքին նպատակը նաեւ նահատակներու արեան հաւատարմութեան արտայայտումն է:

Կէսօրէ ետք, սակայն, Հըզպալլան եւ Ամալ շարժումը նոր հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով բողոքի հաւաքի յետաձգումը յայտարարեցին:

Շիի երկեակը յայտնեց, որ այս որոշումը որդեգրուած է ընդառաջելով միասնական դիրքորոշման եւ կայունութեան պահպանման նախանձախնդիր ազգային հեղինակութիւններու խնդրանքին, եւ «մեր հայրենիքին դիմագրաւած ճակատագրական հարցերուն շուրջ խոր ու շինիչ երկխօսութեան» առիթ ընծայելու համար որոշուած է յետաձգել չորեքշաբթի, 27 օգոստոսին որոշուած հաւաքը:

«Այս որոշումը, որ կը բխի իմաստութեան եւ քաջութեան պահանջներու խոր ըմբռնումէն, նպատակ ունի ամրապնդել պետական դիրքորոշումը, ամրապնդել քաղաքացիական խաղաղութիւնը եւ կանխարգիլել երկիրը ապակայունացնելու որեւէ փորձ», կը նշուի նոր հաղորդագրութեան մէջ:

Հըզպալլան եւ Ամալ շարժումը նշեցին. «Մենք կը հաստատենք, որ մեր հարցը չէ յետաձգուած, եւ որ Լիբանանի գերիշխանութիւնը, արժանապատուութիւնը, Դիմադրութիւնն ու զէնքը պաշտպանելու մեր վճռականութիւնը չէ թուլացած, եւ մեր ազգային աղաղակը ներկայ պիտի ըլլայ, երբ պէտք ըլլայ»:

 

Նախորդը

Շէյխ Քասեմ. «Զէնքէն Պիտի Չհրաժարինք»

Յաջորդը

«Քուտս» Զօրամասի Հրամանատարի Օգնականը Կը Յայտարարէ. «Հըզպալլայի Զինաթափումը Ամերիկեան-Իսրայէլեան Ծրագիր Է Եւ Երբեք Պիտի Չիրականանայ»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.