Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ Տարըն Լահուտը` ընկերակցութեամբ Ներկայացուցիչներու տան անդամ Սթիւ Քոհենի եւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսընի:
Ծերակուտական Լահուտ ողջունեց լիբանանեան կառավարութեան «պետութեան իշխանութիւնը իր բոլոր հողերուն վրայ տարածելու եւ զէնքը իր մենաշնորհը դարձնելու առումով մինչեւ հիմա կատարած քայլերը, ինչպէս նաեւ ընթացող արդարադատական եւ ելեւմտական բարեկարգումները»:
«Այս քայլերը կը նպաստեն Լիբանանի նկատմամբ միջազգային ընտանիքի վստահութեան վերականգնման», ըսաւ ան` նշելով, որ լիբանանեան բանակը ապահովութեան եւ կայունութեան ամրապնդման մէջ հիմնական դեր կը կատարէ:
Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ներկայ փուլին ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու առաքելութիւնը վերանորոգելու կարեւորութեան, որպէսզի անոնք կարենան լիբանանեան բանակի հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայման ամրապնդման օժանդակել:
Վարչապետ Սալամ շեշտեց Իսրայէլի` Լիբանանեան գերիշխանութիւնը յարգելու եւ տակաւին բռնագրաւուած պահած հողերէն հեռանալու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի լիբանանեան բանակը կարենայ ամբողջացնել հարաւային Լիբանանի մէջ իր տեղակայումը:
Ան նաեւ անհրաժեշտ նկատեց, որ Իսրայէլ դադրեցնէ իր թշնամական արարքները եւ ազատ արձակէ գերիները` վերաշինութեան եւ առողջացման ճամբան հարթելու համար:
Լիբանանեան բանակը բոլոր լիբանանցիներուն բանակն է, եւ անոր աջակցիլն ու զայն անհրաժեշտ կարողութիւններով օժտելը ապահովութեան ու կայունութեան ամրապնդման գլխաւոր հիմնաքար է: