Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 27, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, վկայակոչելով լաւատեղեակ աղբիւրներ, կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ կը պահանջէ, որ Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամի խորհրդարանին ուղարկելիք` Լիբանանի մէջ բանտարկեալներու թիւը նուազեցնելու խորագիրին տակ ներումի նախագիծը միայն սուրիացի դատապարտեալներով ու կալանաւորուածներով չսահմանափակուի, այլ նաեւ ներառէ լիբանանցի եւ արաբ դատապարտեալներ ու կալանաւորուածներ, որոնք ահաբեկչութեամբ ամբաստանուած են:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ աղբիւր մը իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթին. «Իսրայէլի ռազմավարական հարցերու նախարար Ռոն Տերմեր ամերիկեան աջակցութեամբ Կազայի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ վերաբերեալ բանակցութիւններ կը վարէ»:

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը հաղորդեց, որ լիբանանեան բանակը երէկ արշալոյսին Պաղեստինեան ազգային անվտանգութեան ուժերէն Սուրի գաւառի Պըրժ Շիմալի եւ Պաս գաղթակայաններէն հաւաքուած զէնքեր ստանձնեց»:

. ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ մէջ դիւանագիտական բարձրաստիճան աղբիւրներ «Էմ.Թի.Վի.»-ին. «Լիբանան այս առտու ֆրանսական բարեփոխուած նախագիծ մը ստանձնեց` զայն ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան հարցին նուիրուած ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի սպասուող եւ թուականը չճշդուած նիստէն առաջ քննարկելով անոր վերաբերեալ պատասխան տալու համար»:

. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Կը նախատեսեմ, որ դրական յառաջընթաց արձանագրուի, թէկուզ սահմանափակ, որովհետեւ ժամկէտներու յարգումը դիւրին չէ` նկատի ունենալով, որ գործ ունինք երկարատեւ հարցի մը եւ շրջանային-միջազգային խաչաձեւումներու հետ: Լիբանանեան իշխանութիւնը վճռեց, եւ ետդարձ չկայ»:

. ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ մօտիկ աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Նախարարաց խորհուրդի 5 եւ 7 օգոստոսի նիստերու որոշումներէն ետք ետդարձ չկայ»:

. ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ առնչակից ամերիկեան աղբիւրներ «Էմ.Թի.Վի.»-ին. «Բանակի հրամանատարը տակաւին զէնքի մենաշնորհման ծրագիրը չամբողջացուց եւ պէտք է զայն ամբողջացնէ ու նախարարաց խորհուրդին ներկայացնէ, որմէ ետք նախարարները անոր շուրջ քուէարկութիւն կը կատարեն, եւ անոր գործադրութիւնը կը սկսի, եւ տակաւին շատ քայլեր կան կատարուելիք այդ ուղղութեամբ»:

. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանան զգուշաւոր լաւատեսութեամբ կը դիտէ Նեթանիահուի գրասենեակէն հրապարակուած յայտարարութիւնը եւ գործեր կ՛ուզէ, եւ ոչ թէ` խօսքեր, որովհետեւ որեւէ քայլ, որ հանդարտեցման կը նպաստէ, լուծումներու արագացման պիտի օգնէ»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ, մէջբերելով ականաւոր հեղինակութիւն մը, «Տիար» օրաթերթին յայտնած են. «Պէտք չէ կանխենք ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի այցելութիւնն ու առաջարկելիքը, սակայն թշնամիի վարչապետին յայտարարութիւնը ոչ քաջալերական է, ինչպէս նաեւ փորձեց գնդակը լիբանանեան դաշտ վերադարձնել»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաք սուրիական կողմը քաջալերեց Լիբանանի ուղղութեամբ քայլ կատարելու` քննարկելու համար Լիբանան-Սուրիա սահմաններու սահմանագծումը, լուծելու անցակէտերու եւ մաքսանենգումի, ինչպէս նաեւ կալանաւորուածներու հարցը»:

. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ղեկավար հեղինակութեան մը խումբէն պատասխանատու մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Նախագահի խորհրդական Ռահհալի խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի հետ հանդիպումը դրական էր: Շարք մը նիւթերու անդրադարձ կատարուեցաւ: Երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի հետ Ռահհալի հանդիպումը Հըզպալլայի իր զէնքը յանձնել մերժող դիրքորոշման մէջ որեւէ փոփոխութիւն չյառաջացուց»:

. «ՏԻԱՐ» օրաթերթը կը գրէ. «Պաապտայի եւ Այն Թինէի, ինչպէս նաեւ Պաապտայի եւ Հարեթ Հրէյքի միջեւ վերջերս տեղի ունեցած հաղորդակցութիւններն ու խորհրդակցութիւնները յստակ եւ որոշակի արդիւնքի չյանգեցան»:

. ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, խօսակցութիւն գոյութիւն ունի դրամատուներու մէջ պահ դրուած շուրջ 100 հազար տոլարի չափով գումարները արագ ու անմիջականօրէն իրենց սեփականատէրերուն վերադարձնելու մասին, սակայն երեք տարուան վրայ «Քափիթըլ Քոնթրոլ»-ով, այսինքն` քաշուած գումարներուն վրայ սահմանափակումով ու հսկողութեամբ, որուն հիմամբ դրամատնային տետրակին վրայ նշուած օրինակ 100 հազար տոլարէն առաջին տարուան ընթացքին միայն 20 հազար տոլար կարելի է վերցնել, երկրորդ տարուան ընթացքին` 30 հազար տոլար, իսկ մնացեալը երրորդ տարուան ընթացքին:

. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները բարձրացան 3000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 1.444.000 լ.ո.-ի եւ 1.484.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը բարձրացաւ 1000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.320.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը նուազեցաւ 26.000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.033.000 լ.ո.-ի:

 

Նախորդը

Սաղաթէլեան. «Սա Նաեւ Հայաստանը Պաշտպանելու Պայքարն Է»

Յաջորդը

Պայրագտարեան Ընդունեց Չինաստանի Դեսպանը

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.