Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ռայետ Պըրրօ կառավարութեան կոչ ուղղեց` «վերադասաւորման ենթարկելու առաջնահերթութիւնները, որոնք նշուած են նախագահի երդման ճառին եւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ, մասնաւորաբար ազգային գերիշխանութեան վերականգնումը, եւ հրաժարելու այն հին կարծիքէն, թէ Լիբանանի ուժը իր տկարութեան մէջ է, որովհետեւ Լիբանանի ուժը իր զաւակներու համերաշխութեան, համախմբուածութեան, միասնութեան եւ բանակի ու Դիմադրութեան իրար ամբողջացման մէջ է»:
«Երդման ճառին եւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ իբրեւ առաջնահերթութիւններ կան լիբանանցի քաղաքացին հետաքրքրող շուրջ քսան կէտեր, ինչպէս` ելեկտրականութիւնը, ջուրը, առողջապահութիւնն ու ուրիշներ: Արդեօք Դիմադրութեան զէնքին նման թեթեւութեամբ մօտենալը կ՛երաշխաւորէ՞ խոստացուած բարեփոխումներու այս ուղիի շարունակութիւնը: Արդեօք լիբանանցիներուն շահը ելեկտրականութեան, ջուրի եւ առողջապահութեան մէ՞ջ է, թէ՞ քննարկումին մէջ Դիմադրութեան զէնքին, որ միշտ ալ ի շահ Լիբանանին եղած է` անոր գերիշխանութեան պահպանման համար»:
«Մեկուսացման ուժերէն շատեր տարիներ շարունակ մեզի հետ վիճեցան, ապատեղեկատուութիւն տարածեցին եւ ամբաստանեցին, թէ մենք ենք տնտեսական տագնապներ եւ Լիբանանի մէջ իշխանութեան տագնապ պատճառողները, եւ մենք արտաքին կողմերու հետեւորդ ենք: Այդ ուժերուն կ՛ըսեմ. «Այժմ դուք իշխանութեան վրայ էք, ուստի ո՞ւր են ելեկտրականութիւնն ու ջուրը, նուիրատուութիւններն ու օժանդակութիւնները, ո՞ւր են դրամատուներուն մէջ պահ դրուած գումարները: Մեզի հետեւորդ ըլլալու մէջ կ՛ամբաստանէք, երբ դուք դեսպանատուներու դռներուն առջեւ էք, եւ երանի թէ դեսպանատուները ձեր դռներուն առջեւ ըլլային», նշեց երեսփոխանը: