Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն շաբաթ օր Պաապտայի պալատին մէջ ամերիկացի ծերակուտական Տարըն Լահուտի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Լիբանան վերջնական պատասխանը կը սպասէ այն փաստաթուղթին, որ ամերիկացի պատուիրակը բերաւ, որ երեքշաբթի օր Մորկըն Օրթէյկըսի հետ Լիբանան պիտի այցելէ»:
Ան հերքեց, թէ Լիբանանը պաշտօնապէս որեւէ տեղեկութիւն ստացած է լրատուամիջոցներու մէջ շրջանցուող այն լուրին մասին, թէ Իսրայէլ մտադիր է հարաւային Լիբանանի մէջ արգելակիչ գօտի մը ստեղծել:
Հանրապետութեան նախագահը նաեւ յայտնեց, որ կը նախատեսուի, որ սուրիական պատուիրակութիւն մը մօտ օրէն Լիբանան այցելէ` քննարկելու համար հասարակաց հարցեր, որոնցմէ են սահմանի վերահսկողութիւնը եւ սուրիացի գաղթականներու տունդարձը:
Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Սթիւ Քոհենն ու Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսընը: