Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Պէյրութի քաղաքապետ Իպրահիմ Զէյտանը` ընկերակցութեամբ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Վահրամ Պարսումեանի, Յովհաննէս Փչաքճեանի, Լիան Սըննոյի, Եուսեֆ Պայտունի եւ Ժոել Մրատի:
Նախարարը ներկայացուց այն ծրագիրները, զորս նախարարութիւնը կը կատարէ եւ կը ծրագրէ կատարել, ինչպէս նաեւ քաղաքապետութեան հետ գործակցութեան կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ արծարծեց մայրաքաղաքին վերաբերող մարմնակրթական այլ ընդհանուր հարցեր:
Պայրագտարեան քաղաքապետին հետ քննարկեց «Մարմնակրթութիւնը բոլորին համար» ձեռնարկի 4-րդ փուլը, որ կիրակի, 21 սեպտեմբերին տեղի կ՛ունենայ Պէյրութի մէջ:
Պէյրութի քաղաքապետը բացարձակ գործակցութիւն եւ մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց, ինչպէս նաեւ քաղաքապետութեան բոլոր կարելիութիւնները դրաւ ի սպաս այդ ձեռնարկի յաջողութեան: