«Ախպար» օրաթերթը հաղորդեց, որ Լիբանան-Սուրիա յարաբերութիւնները սէուտցի պատուիրակ Եազիտ Պըն Ֆարհանի միջնորդութեամբ կեանքի կոչելու ջանքերէ ետք, Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ հաւանութիւն տուած է այս շաբաթ սուրիական պատուիրակութեան մը Լիբանան այցելութեան` բարձրաստիճան մակարդակի հանդիպումներ նախապատրաստելու համար:
Օրաթերթը կը գրէ, որ սէուտցիները Շարհին ներկայացուցած են Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի բողոքները, թէ Դամասկոս չէ հետաքրքրուած յարաբերութիւններու զարգացումով, եւ հակառակ լիբանանցի շարք մը պաշտօնատարներու, ներառեալ վարչապետին Սուրիա այցելութեան, սուրիացի ոեւէ պաշտօնատար Պէյրութ չէ այցելած:
«Ախպար»-ի տեղեկութեան համաձայն, Շարհ կազմած է Սուրիոյ արտաքին գործոց, ներքին գործոց եւ արդարադատութեան նախարարութիւններէն յանձնախումբ մը, որուն մէկ պատուիրակութիւնը հինգշաբթի օր պիտի այցելէ Պէյրութ` երկու երկիրներուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու քննարկման նպատակով պաշտօնական պատուիրակութեան մը Պէյրութ այցելութիւնը նախապատրաստելու համար: Սուրիոյ տարբեր նախարարութիւններու ներկայացուցիչներէ կազմուած պատուիրակութիւնը հանդիպում պիտի ունենայ վարչապետ Սալամի կողմէ սուրիական թղթածրարի կառավարման պարտականութիւնը ստանձնած փոխվարչապետ Թարեք Մըթրիի հետ` ներկայութեամբ ներքին գործոց եւ արդարադատութեան նախարարութիւններէն ներկայացուցիչներու:
Տեղեկութեանց համաձայն, սուրիական պատուիրակութիւնը նպատակ ունի շօշափելի արդիւնքներ արձանագրել շարք մը թղթածրարներու մէջ, որոնց գլխաւորներն են Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ ծովային ու ցամաքային սահմաններու սահմանագծումը, ներառեալ Մազարեհ Շեպաայի ինքնութեան ճշդումը: Պիտի քննարկուին նաեւ տնտեսական յարաբերութիւնները եւ Լիբանանի երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական շրջանառութեան մէջ յատուկ բացառութիւններ ստանալու դիմումը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ բանտարկուած սուրիացիներուն առնչուող գլխաւոր թղթածրարը:
Ըստ «Ախպար» օրաթերթին, սուրիական կողմը նախապէս նամակ մը յղելով Լիբանանէն պահանջած է բանտարկեալները որակել բանտարկուածներ եւ առանց դատավարութեան կալանաւորուածներ` ճշդելով անոնց ներկայացուած ամբաստանութիւնները: Սուրիացիները նշած են, թէ Լիբանանի կողմէ բարի կամեցողութիւն կ՛ակնկալեն` անմիջապէս ազատ արձակելով բոլոր անոնք, որոնք աւելի քան տասը տարիէ ի վեր բանտը կը գտնուին, մնացեալին բանտարկութեան ժամանակաշրջանները նուազեցնել եւ ազատ արձակել բոլոր անոնք, որոնք գործած են արարքներ, որոնք նախապէս սուրիական իշխանութեան նկատմամբ թշնամական կ՛որակուէին` նկատի ունենալով, որ այդ վարչակարգին տապալումը ինքնին կը վերացնէ յանցանքը:
Օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, վարչապետ Սալամ կը պատրաստէր խորհրդարանին ուղարկուելիք օրինագիծ մը, որ ներում կը շնորհէ Լիբանանի մէջ մեծաթիւ բանտարկեալներու, որոնց շարքին` Դամասկոսի պահանջած սուրիացիներուն: Սալամ նաեւ կը ջանայ նշեալ օրինագիծին ճամբով Լիբանանի մէջ բանտարկեալներուն թիւը շուրջ կէսի նուազեցնել: Բացառութիւն են բոլոր անոնք, որոնց ձեռքերը լիբանանցի բանակայիններու արիւնով ներկուած են:
Նախնական քննարկումները ցոյց կու տան, թէ օրինագիծը դժուարութիւն կը դիմագրաւէ. Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը անոր դէմ է, եւ ուրիշներ, ներառեալ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնն ու օրինագիծի վաւերացման առնչակից երեսփոխաններ վերապահ են, թէեւ վարչապետը կը յայտնէ, թէ Լիբանանեան ուժեր եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւններու, փոփոխութեան երեսփոխաններու եւ սիւննի երեսփոխաններու մեծամասնութեան սկզբունքային համամտութիւնը ստացած է:
Խորհրդարանը իր վերջին նիստին յետաձգած էր նշեալ օրինագիծի քննարկումը, մինչ Շարհի կառավարութեան մէջ տեղական ինքնակառավարման նախարար Մոհամետ Արժանի գաղտնի այցելութեամբ կը գտնուէր Պէյրութ: