Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց. «Պետութիւնը սկսաւ իր իշխանութիւնը տարածել գաղթակայաններուն մէջ, քայլ մը, որուն արգելք կը հանդիսանային դիմակայման ուժերը: Պետութիւնը զուգահեռաբար պիտի շարունակէ մնացեալ ոլորտներուն մէջ իր աշխատանքը, եւ բոլորը պէտք է վարժուին, որ կառավարութեան որդեգրած որեւէ որոշում պիտի գործադրուի, որովհետեւ պատկեր-կառավարութեան ժամանակաշրջանը վերջ գտաւ»:
«Որեւէ ապօրինի զէնք պէտք է բանակին յանձնուի, որպէսզի պետութիւնը դառնայ բնական եւ կարող իր պատասխանատուութիւնները ինչպէս որ պէտք է կատարելու, ինչ որ ընդհանրապէս լիբանանցիներուն եւ մասնաւորաբար երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն մօտ հանգստութիւն կը յառաջացնէ, թէ անոնք կրնան իրենց ապագան Լիբանանի մէջ ծրագրել եւ ոչ թէ անկէ դուրս», շեշտեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավարը: