«Շարք Աուսաթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ մարոնիներու Ռայի պատրիարքի` շիի կրօնական ու քաղաքական հակազդեցութեան արժանացած Հըզպալլայի զէնքին վերաբերող վերջին կեցուածքներէն ետք, մարոնի պատրիարքութեան եւ Հըզպալլայի ու Ամալ շարժումին միջեւ ընդլայնուած վիհը կամրջելու սահմանափակ փորձեր գոյութիւն ունին:
Տեղեկատուութեան կաթողիկէ կեդրոնի պետ հայր Ապտօ Ապու Քասամ այս առումով օրաթերթին յայտնած է. «Որոշ հաղորդակցութիւն տեղի ունեցաւ շիի անձնաւորութիւններու ճամբով, որոնք սովորաբար Պքերքէի հետ համակարգում կը կատարեն շիի երկեակին հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար»:
«Ինչ կը վերաբերի քաղաքական հարցերուն, զանոնք կը ձգենք պետութեան` զանոնք իր իմաստութեամբ եւ գիտակցութեամբ լուծելու համար», նշեց հայր Ապտօ Ապու Քասամ: