Սիկրիտ Քաակ. «Պէտք Է Անյապաղ Նախագահական Ընտրութիւն Կատարել»
Սիկրիտ Քաակ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ երէկ կոչ ուղղեց լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարելու, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել Լիբանանի սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքն ու ապահովական կայունութիւնը: Քաակ շեշտեց, որ բոլորը կը հաստատեն Լիբանանի անվտանգութեան նկատմամբ իրենց նախանձախնդրութիւնը` բարձր գնահատելով լիբանանեան պետութեան եւ բանակին դերակատարութիւնը` Լիբանանի հսկողութեան շրջագիծին մէջ: Միւս կողմէ, Քաակ ընդգծեց, որ միջազգային...



















