
Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ երէկ կոչ ուղղեց լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարելու, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել Լիբանանի սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքն ու ապահովական կայունութիւնը:
Քաակ շեշտեց, որ բոլորը կը հաստատեն Լիբանանի անվտանգութեան նկատմամբ իրենց նախանձախնդրութիւնը` բարձր գնահատելով լիբանանեան պետութեան եւ բանակին դերակատարութիւնը` Լիբանանի հսկողութեան շրջագիծին մէջ:
Միւս կողմէ, Քաակ ընդգծեց, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնէ` յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրելու Լիբանանին եւ նեցուկ կանգնելու անոր` սուրիացի գաղթականներուն կարիքները հոգալու իմաստով: