
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան մասին իր հրապարակած տեղեկագիրին մէջ մտահոգութիւն յայտնեց նախագահական աթոռին թափուր մնացած ըլլալուն համար եւ երկրին ապահովական, տնտեսական եւ ընկերային կացութեան վրայ անոր ունեցած հետեւանքներուն մասին:
Քի Մուն դրուատեց վարչապետ Թամմամ Սալամի գլխաւորութեամբ Լիբանանի կառավարութեան միասնականութիւնը` կոչ ուղղելով բոլորին շինիչ աշխատանք տանելու, որպէսզի կառավարութիւնը կարենայ աշխուժացնել իր ընթացքը:
Քի Մուն կոչ ուղղեց նաեւ խորհրդարանին վերաշխուժացնելու ինքզինք եւ պահպանելու լիբանանեան ժողովրդավարական աւանդը: Ան կոչ ուղղեց անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարելու:


