Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Համախմբումի Եւ Հըզպալլայի Նախարարները Կ՛Որոշեն Մասնակցիլ Կառավարութեան Նիստին . Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Կ՛իջնէ Փողոց

Յուլիս 9, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-08-15_TAYYAR

Ընդառաջելով Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կոչին` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան շարքայիններն ու համակիրները երէկ երեկոյեան ժամը շուրջ 6:30-ին հաւաքուեցան Նահր Մոթի, Միրնա Շալուհիի, Էշրեֆիէի, Տըքուանէի, Ժիպէյլի, Զահլէի եւ այլ շրջաններու մէջ գտնուող կուսակցութեան կեդրոններուն շուրջ եւ ինքնաշարժներով երթեր կազմակերպեցին զանազան շրջաններու մէջ, ինչպէս Ժալ էլ Տիպ-Տըպպայէ մայրուղին, Քասլիքի, Ժիպէյլի, Զահլէի եւ այլ շրջաններու մէջ:

Անոնք բարձրացուցին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դրօշներ` հաստատելով, որ իրենք կը պահանջեն քրիստոնեայ համայնքին իրաւունքները:

Կը նախատեսուի, որ երէկ երեկոյեան խորհրդանշական տարողութեամբ սկսած ինքնաշարժներով երթերը այսօր առաւօտեան վերածուին աւելի լուրջ շարժումի, որ պահպանելով իր խաղաղ բնոյթը պիտի շարունակէ արծարծել իր պահանջները:

Պուսթրոս Պալատին Մէջ

7-08-15_BUSTROSՄիւս կողմէ, երեկոյեան Պուսթրոս պալատին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ներկայ գտնուեցան համախմբումի նախարարները` արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան, մշակոյթի նախարար Ռոնի Արայժի եւ Հըզպալլայի նախարարները` ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան եւ պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ:

Հանդիպումէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ հիմնական հարցը այն է, որ կառավարութիւնը եւ վարչապետը ոչ միայն կը փորձեն իւրացնել հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւնները, այլեւ` նախարարներունը: «Այլ խօսքով` վարչապետին անձին մէջ այժմ կան հանրապետութեան նախագահն ու նախարարաց խորհուրդը, ինչ որ հիմնական հարց է», ըսաւ ան:

Պասիլ նշեց, որ այս ընթացքը իսկական աւազակութիւն է եւ հանրապետութեան նախագահին բացակայութեան անոր իրաւասութիւններուն առեւանգումը, իսկ մենք այդ իրաւասութիւններուն հսկող գործակատարներն ենք եւ մեր դերակատարութիւնը պէտք է ունենանք կառավարութեան աշխատանքին ընդմէջէն:

«Հետեւաբար մենք կառավարութեան նիստին պիտի մասնակցինք ոչ միայն իբրեւ նախարարներ, այլեւ` հանրապետութեան նախագահութեան գործակատարներ», հաստատեց Պասիլ` աւելցնելով, որ առանց իրենց երկիր չկայ, ինչպէս նաեւ կառավարութիւն չկայ եւ որոշում չկայ:

Պասիլ շեշտեց, որ իրենք դարձեալ լուսանցքայնացումի սխալին մէջ պիտի չիյնան` ընդգծելով, որ այսօր պիտի ըլլայ ճակատագրական եւ անկիւնադարձային օր մը, որուն ընթացքին պիտի ճշդուին բազմաթիւ ուղղութիւններ:

Իր կարգին, Ֆընէյշ ըսաւ, որ կառավարութեան այսօրուան նիստին բոլոր նախարարները պիտի մասնակցին:

Արայժի նշեց, որ կառավարութեան նիստին մասնակցելու իմաստով համախոհութիւն կայ, սակայն Մարատա հոսանքը պիտի չմասնակցի շարժումին:

Ապու Սաապ լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ պիտի շարունակեն իրենց արդար իրաւունքները պահանջել եւ երբեք պիտի չընդունին լուսանցքայնացումը կամ կառավարութենէն հրաժարելու հաւանականութիւնը:

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Ժոմպլաթն Ու Ժեմայէլը

Յաջորդը

Սահակեան Հանդիպումներ Կ՛ունենայ Լոնտոնի Մէջ

RelatedPosts

Աուն Եւ Սալամ Ողջունեցին  Սէուտական Արաբիոյ Որոշումը
Գլխաւոր լուրեր

Աուն Եւ Սալամ Ողջունեցին Սէուտական Արաբիոյ Որոշումը

Նոյեմբեր 15, 2025
Ուաշինկթըն. «Լիբանան Իսրայէլեան Ցամաքային  Ներխուժման Դէմ Ենք Եւ Լրջօրէն  Դիւանագիտական Լուծումի Հասնելու Կ՛աշխատինք»
Լիբանանեան

Դիւանագիտական Աղբիւրներ «Ժատիտ»-ին. Ուաշինկթըն Չ՛ուզեր Միջնորդի Դեր Խաղալ, Այլ Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները Պէտք Է Ուղղակի Ըլլան

Նոյեմբեր 15, 2025
Ըստ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի.  Իսրայէլ Կը Մօտենայ Պեքայի  Եւ Պէյրութի Դէմ Յարձակում Գործելու
Լիբանանեան

Ըստ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի. Իսրայէլ Կը Մօտենայ Պեքայի Եւ Պէյրութի Դէմ Յարձակում Գործելու

Նոյեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?