
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուքը, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ Պըրրի կը զօրակցի վարչապետ Թամմամ Սալամի` կառավարութեան աշխատանքները շարունակելու եւ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստերու արտակարգ նստաշրջանի մը սկսելու առումով:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս աղբերու թղթածրարին վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Միւս կողմէ, Պըրրի յայտնեց, որ գաղտնի չէ այն իրականութիւնը, թէ ինք գրաւ դրած է շրջանին վրայ Իրանի հիւլէական թղթածրարին լուծման ունենալիք դրական ազդեցութեան վրայ:
Պըրրի հաստատեց, որ սէուտական-իրանեան համաձայնութիւնը իր կարգին դրական կերպով պիտի ազդէ շրջանին տագնապներուն լուծման: