Արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի երէկ ընդունեց առեւանգուած բանակայիններուն հարազատները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն անունով Հասան Եուսեֆ յայտնեց, թէ այցելութեան նպատակն էր` Ռիֆիէն նորութիւն մը իմանալ իրենց զաւակներուն մասին:
Ռիֆի յայտնեց, որ լիբանանեան պետութեան համար առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարը առաջնահերթութիւն է` աւելցնելով, որ այս իմաստով քաթարցիները երբեք չեն թերացած եւ անոնց օժանդակութեան համար Լիբանան երախտապարտ է: