Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժողովրդային Ճնշումի Մթնոլորտի Մէջ Վարչապետ Սալամ Խոստացաւ Կառավարութեան Որոշումները Համախոհութեամբ Որդեգրել, Զօր. Աուն. «Մեր Բոլոր Իրաւունքներուն Պիտի Տիրանանք, Եւ Ասիկա Միայն Սկիզբն Է»

Յուլիս 10, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-09-15_tayyar_tsuyts1

Երէկ առաւօտեան տեղի ունեցած կառավարութեան նիստէն շուրջ ժամ մը առաջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երիտասարդական թեւն ու համակիրները Մեթնի, Ժունիէի, Ժիպէյլի, Պաթրունի եւ այլ շրջաններու մէջ հաւաքուեցան իրենց ակումբներուն մէջ եւ շեշտեցին, որ կառավարութեան կողմէ տրուելիք որեւէ որոշումի պարագային իրենք պատրաստ են սառեցնելու ամբողջ երկիրը եւ բաց նստացոյց սկսելու, մինչեւ որ կառավարութիւնը անսայ իրենց պահանջներուն:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, ինչպէս նաեւ համախմբումին մաս կազմող Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան բոլոր երեսփոխանները ուղղուեցան կուսակցութեան կեդրոնները եւ նեցուկ կանգնեցան երիտասարդութեան:

Քանաան յայտնեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամի կառավարութիւնը կը գտնուի մեծ քննութեան մը դիմաց` աւելցնելով, որ իրենց շարժումը կառավարութեան նիստին մթնոլորտին եւ ընթացքին պիտի համապատասխանէ:

Միւս կողմէ, Հըզպալլա վերահաստատեց, որ ինք մինչեւ վերջ կը զօրակցի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ կը մերժէ անոր դէմ բանեցուած ճնշումը:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած այս դժուար հանգրուանին անհրաժեշտ է հանդարտ մնալ եւ խելքին վստահիլ:

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք զօր. Աունը զգուշացուց «փողոցի խաղ»-էն, որովհետեւ անիկա Լիբանանի` լուրջ վտանգ կրնայ սպառնալ:

Կառավարութեան Նիստ

7-09-15_Serail-2

Կառավարութիւնը առաւօտեան ժամը 10:30-ին սկսաւ գումարել իր նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախարարներ Ժըպրան Պասիլ եւ Էլիաս Ապու Սաապ նիստին ներկայ գտնուեցան` իրենց հետ ունենալով երկրին սահմանադրութենէն մէկական օրինակ:

Կառավարութեան նիստը սկսաւ վարչապետ Սալամի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի միջեւ բանավէճով: Պասիլ վարչապետը ամբաստանեց սահմանադրութիւնը խախտելու յանցանքով, իսկ վարչապետ Սալամ Պասիլէն պահանջեց վերջ տալ անկարգութեան եւ լուռ մնալ իր խօսած պահուն:

«Այս ձեւի անկարգութիւն մեզի համար անընդունելի է եւ եթէ գոհ չես, ի՛նչ կ՛ուզես ըրէ», ըսաւ վարչապետ Սալամ նախարար Պասիլին:

Վարչապետարանին Շրջակայքը
Նստացոյց Եւ Ծեծկռտուք

7-09-15_tayyar_tsuyts3

Ասիկա պատճառ դարձաւ, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երիտասարդական թեւին պատասխանատուները կուսակցութեան Միրնա Շալուհիի կեդրոնին մէջ ժողով մը գումարեն եւ որոշում տան ինքնաշարժներով երթ մը կատարելու դէպի վարչապետարան:

Շուրջ ժամ մը ետք Ազգային ազատ հոսանքի երիտասարդներն ու համակիրները, որոնք կեդրոնացած էին Սին Էլ Ֆիլի, Միրնա Շալուհիի, Նահր Մոթի, Ժունիէի, Ժիպէյլի եւ այլ շրջաններու իրենց ակումբներուն մէջ սկսան ուղղուիլ վարչապետարան, ուր բանակը եւ ներքին ապահովութեան ուժերը փակեցին դէպի վարչապետարան տանող բոլոր մուտքերը եւ ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրեցին` արգիլելու համար բոլորին մուտքը դէպի վարչապետարանին շրջակայքը:

Հասնելէ ետք վարչապետարանի շրջակայքը, ցուցարարները նկատեցին, որ բոլոր ճամբաները փակ են եւ հետեւաբար փորձեցին հետիոտն ուղղուիլ դէպի վարչապետարան` հաստատելով, որ իրենց նպատակը խաղաղ նստացոյց կատարելն է: Սակայն բանակն ու ապահովութեան ուժերը արգիլեցին անոնց մուտքը, ինչ որ պատճառ դարձաւ ցուցարարներուն եւ բանակայիններուն միջեւ բախումներու, որոնք պատճառեցին մեծ թիւով վիրաւորներ:

7-09-15_tayyar_tsuyts4Բախումները եւ ապահովութեան ուժերուն ու ցուցարարներուն միջեւ ծեծկռտուքը արձանագրուեցան Կեդրոնական Պէյրութի տարբեր փողոցներուն մէջ, մինչեւ կառավարութեան նիստին աւարտը, երբ վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ կառավարութիւնը իր նիստը պիտի գումարէ անհրաժեշտ թղթածրար մը քննարկելու պարագային` զանց առնելով տարակարծութիւն պատճառող հարցերը: Ան նշեց, որ մինչեւ Ֆիթրի տօնը կառավարութիւնը ոչ մէկ նիստ պիտի գումարէ:

Անդրադառնալով ցուցարարներուն եւ բանակայիններուն միջեւ բախումներուն` բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն

մէջ ընդգծուեցաւ, որ իրենք կը հասկնան ժողովրդային բողոքի ցոյցեր կատարելու իրաւունքը, սակայն իրենց պարտականութիւնն է պահպանել երկրին սահմանադրական հաստատութիւններն ու կառոյցները, ինչպէս նաեւ ցուցարարներուն անվտանգութիւնը:

Բանակի հրամանատարութիւնը հաստատեց նաեւ, որ իրենք կարգ մը ցուցարարներու պարագային ուժի դիմած են, երբ վերջիններս յարձակած են եւ խոշտանգած բանակայիններ, ինչպէս նաեւ փորձած են խզել փշաթելերը:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ երէկուան բախումներուն ընթացքին վիրաւորուած են եւ հիւանդանոց փոխադրուած եօթը բանակայիններ:

Ռամզի Ժրէյժ

Կառավարութեան նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին

վարչապետ Սալամ դարձեալ ընդգծած է նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը` նկատի ունենալով երկրին տարբեր մարզերուն վրայ անոր պատճառած վնասները:

Ան շեշտեց, որ վարչապետ Սալամ յայտնած է, թէ յաջորդ շաբթուան ընթացքին կառավարութիւնը նիստ մը պիտի չգումարէ

Ֆիթրի տօնին արձակուրդին առիթով, աւելցնելով` որ հաւանաբար նախարարաց խորհուրդի յաջորդ նիստը կը գումարուի երկու շաբաթ ետք:

Ժրէյժ յայտնեց նաեւ, որ վարչապետ Սալամ լիբանանցիները շնորհաւորած է Ֆիթրի տօնին առիթով:

«Վարչապետը ցաւ յայտնեց, որ լսատեսողական լրատուամիջոցները կառավարութեան լարուած մթնոլորտը ներկայացուցած են` աւելցնելով, որ խորքին մէջ նախագահական թափուր աթոռով հանդերձ այս կառավարութիւնը շատ մը նուաճումներ իրագործած է իր մէջ տիրող համախոհութեան շնորհիւ: Կառավարութիւնը պահպանած է երկրին ապահովական կայունութիւնը: Վարչապետ Սալամ յոյս յայտնեց, որ համախոհութեան մթնոլորտը պահպանուի մինչեւ նախագահական ընտրութիւն», ըսաւ ան:

Ժրէյժ աւելցուց, որ վարչապետ Սալամ ընդվզում յայտնած է երկրին մէջ տարակարծութիւնը բախումի տանելու փորձերուն առնչութեամբ`, հաստատելով նախարարաց խորհուրդին աշխատանքը չխոչընդոտելու կարեւորութիւնը:

«Վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնը չ՛արտօներ փողոց իջնել. ան շեշտեց, որ ինք կառչած կը մնայ իր իրաւասութիւններուն եւ կոչ ուղղեց յարգելու արժանապատուութիւնն ու հանգամանքը», յայտնեց Ժրէյժ:

Ան աւելցուց, որ նիստին ընթացքին քննարկուեցան հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւնները, ինչպէս նաեւ նախարարներու իրաւասութիւնները` յայտնելով, որ վարչապետը որոշեց կառավարութեան գործելաձեւի մեքանիզմի քննարկումը յետաձգել յաջորդ նիստին:

Էլիաս Ապու Սաապ

7-09-15_tayyar_tsuyts

Նախարար Ապու Սաապ նիստէն ետք ուղղուելով ցուցարարներուն մօտ յայտնեց, որ իրենց պահանջը վաւերացուեցաւ կառավարութեան կողմէ` աւելցնելով, որ ռամատան ամսուան աւարտէն ետք պիտի քննարկուին ապահովական կառոյցներու պետերուն նշանակումները:

«Մենք կ՛ուզենք սահմանադրութիւնը գործադրել եւ չենք ընդունիր, որ մէկը մեզի լուսանցքայնացնէ: Արդէն իսկ հասած ենք հանգրուանի մը, որուն ընթացքին կասկածներ ունինք նախագահին իրաւասութիւններուն իւրացումէն, սակայն կը հաստատենք, որ մենք այդ իրաւասութիւններուն տէր կը կանգնինք», ըսաւ ան:

Ապու Սաապ ընդգծեց, որ համաձայնած են կառավարութեան նիստը երկու շաբաթով յետաձգելու: «Կառավարութեան նիստին ընթացքին ոչ մէկ որոշում պիտի պարտադրուի. ապահովութեան ուժերուն հրահանգները հասկնալի են, իսկ բանակը մեր հոգուով կը պաշտպանենք», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իրենք չեն ընդունիր այն պատկերը, թէ բանակը եւ Ազգային ազատ հոսանքը հակադրուած են:

«Վարչապետ Սալամ խոստացաւ, որ մեր պահանջին վերաբերեալ քննարկումները կատարուին Ֆիթրի տօնէն ետք: Ան շեշտեց, որ նախարարաց խորհուրդին մէջ ոչինչ պիտի պարտադրուի, եւ այդ խոստումին հիման վրայ համաձայն գտնուեցանք հիւանդանոցներու ֆինանսաւորման որոշումին», նշեց Ապու Սաապ:

Ժըպրան Պասիլ

7-09-15_tayyar_tsuyts7

Ապու Սաապի կատարած յայտարարութենէն ետք, Պասիլ ուղղուեցաւ Դրամատուներու փողոց, ուր ցուցարարներուն յայտնեց, որ իրենք պիտի չընդունին, որ մէկը իւրացնէ հանրապետութեան նախագահին պաշտօնը:

Ան ըսաւ, որ իրենք իրենց նպատակին հասած են, սակայն պայքարը նոր սկսած է եւ չէ աւարտած, ինչպէս նաեւ անիկա այս կամ այն կէտին հետ կապ չունի, «իսկ մենք որոշումի տէր անձեր ենք եւ պետութիւնը մեր պետութիւնն է», ըսաւ ան:

Այնուհետեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երիտասարդական թեւն ու համակիրները սկսան հեռանալ Կեդրոնական Պէյրութէն, իսկ բանակն ու ապահովութեան ուժերը սկսան վերաբանալ ճամբաները:

Ռապիէի Մէջ

7-09-15_Aoun

Կեդրոնական Պէյրութէն հեռացած ցուցարարները ուղղուեցան Ռապիէ, ուր Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն ըսաւ. «Այսօր պատմական օր է մեզի համար եւ մենք շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթենք Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան վիրաւոր համակիրներուն եւ երիտասարդներուն, որոնք վիրաւորուած էին իրենց ձեռնարկած խաղաղ շարժումին ընթացքին: Մենք տակաւին մեր շարժումին սկիզբը կը գտնուինք, իսկ ի՛նչ իրաւունք, որ յափշտակուած է, պիտի վերադառնայ մեզի»:

Զօր. Աուն նշեց, որ իրենք վկայեցին իրենց երիտասարդներուն դէմ գործուած բրտութիւնը` ապահովութեան ուժերուն կողմէ, աւելցնելով, որ իրենց դէմ ուժի բանեցումը զիրենք իրենց պահանջներէն ետ պիտի չմղէ:

Ան հաստատեց, որ իրենք երէկուան համար ոչինչ ծրագրած էին` աւելցնելով, որ կացութիւնը եւ պայմանները իրենք զիրենք պարտադրեցին:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահը խստիւ դատապարտեց երկրին սահմանադրութիւնը խախտելու նախընթացն ու կրկնուող քայլերը` շեշտելով, որ նախագահական ընտրութիւնը պէտք է կատարուի համախոհութեամբ, իսկ երեսփոխանական ընտրութեան օրէնքը պէտք է մշակուի նախքան նախագահական ընտրութիւնը:

«Մենք մեր իրաւունքներն ու պահանջները ժողովրդավարութեամբ պիտի ստանանք, եւ կտրականապէս կը մերժեմ լսել մեր դէմ ուղղուած այն ամբաստանութիւնները, թէ մենք կ՛արգելակենք նախագահական ընտրութիւնը», ըսաւ զօր. Աուն:

Ան խստիւ դատապարտեց նաեւ երկրին սահմանադրութեան խախտումը` աւելցնելով, որ տակաւին բազմաթիւ անակնկալներ կան:

«Մեր դաշնակիցները ազատ են իրենց կեցուածքներուն մէջ, իսկ անոնք, որոնք կ՛օժանդակեն, բարի եկած են: Մենք մեր ուժն ու անհատականութիւնը ունինք եւ մենք խորհրդարանի քրիստոնեայ առաջին պլոքը կը ներկայացնենք, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի երկրորդ մեծագոյն պլոքը», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ իրենք իրենց իրաւունքները կը պահանջեն` հաստատելով, որ կառավարութեան երէկուան նիստին ընթացքին կրցած են այդ մէկը իրականացնել: «Առանց մեր համաձայնութեան կառավարութեան նիստերուն ընթացքին որոշումներ պիտի չտրուին», ընդգծեց զօր. Աուն:

Զօր. Աունի կատարած յայտարարութենէն ետք, Պասիլ իր կարգին շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանքը յաջողած է կասեցնել հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւններուն դէմ յարձակումը` աւելցնելով, որ կառավարութեան մէջ հարցերը սառեցուած են` մինչեւ լուծման յանգիլը:

Ան աւելցուց, որ այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին ինք Պուսթրոս պալատին մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պիտի անդրադառնայ կառավարութեան վերջին նիստին մանրամասնութիւններուն:

Միւս կողմէ, նշենք, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին մամլոյ ասուլիսի մը հրաւիրած է` անդրադառնալու համար լիբանանեան իրադարձութիւններուն:

Նախորդը

Երեւանի Մէջ Սկիզբ Առած Է «Ցեղասպանագէտներու Միջազգային Ընկերակցութեան» 12-րդ Գիտաժողովը

Յաջորդը

«Բողոքի Շարժումը Անհրաժեշտ Է Դիտել Իբրեւ Սահմանադրութեամբ Նուիրականացած Ժողովրդավարական Արտայայտութեան Միջոց», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?