
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց խորհրդարանի հարցերու պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ֆընէյշ յայտնեց, որ իրենք Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան բացարձակ կերպով կը զօրակցին եւ այդ կեցուածքը անվիճելի է, «սակայն միւս կողմէ, մենք կառավարութեան եւ անոր գործելաոճին յանձնառու կը մնանք», ըսաւ ան:
Ֆընէյշ հաստատեց, որ պահանջուածը քաղաքական ներկայ կացութեան դրական լուծում տրամադրելն է` քաղաքական տարբեր ուժերուն կողմէ, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ տիրող աննպաստ պայմաններուն ընթացքին զգուշ ըլլալ եւ Լիբանանի շահերուն մասին մտածել` կանխարգիլելով զայն ճակատումի առաջնորդելու կարելիութիւնը:
«Մենք առանց նախապայմանի կը զօրակցինք Ազգային ազատ հոսանքին, սակայն կը շեշտենք, որ պէտք չէ ճակատումի երթալ եւ երկիրն ու կառավարութիւնը ցնցումներու ենթարկել», ընդգծեց Ֆընէյշ:
Վարչապետ Սալամի այցելեցին նաեւ ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ: